Կառավարութեան կազմութեան իմաստով ոչ մէկ ճիգ եւ ջանք ի գործ կը դրուի: Երկրին իշխանութեան պետերուն շաբաթավերջի յայտարարութիւնները բաւարարուեցան պասքեթպոլի Լիբանանի ազգային խումբին Ասիոյ ախոյեանութեան մասնակցութեամբ, անոր արձանագրած յաղթանակով եւ յաղթանակի համով պարտութեամբ:
Միւս կողմէ, Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի
անուղղակի բանակցութիւնները կ՛արձանագրեն աշխուժութիւն, որ կրնայ արդիւնաւորուիլ սահմանագծումը իրագործելով:
Այս զարգացումներուն լոյսին տակ կը նախատեսուի, որ բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն 31 յուլիսին կամ 1 օգոստոսին վերադառնայ Լիբանան, ուր ան պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ Իսրայէլի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Լիբանանեան պաշտօնական մարմիններու եւ հեղինակութիւններու մօտ կան լուրեր, թէ ծովային սահմանագծումի համաձայնագիրը պիտի երաշխաւորէ նաեւ իր ջուրերէն նաւթ եւ կազ հորատելու եւ արտահանելու Լիբանանի իրաւունքը, հետեւաբար վերջ պիտի տրուի լիբանանեան ջուրերուն մէջ պեղումներ կատարող եւ հորատել փափաքող միջազգային ընկերութիւններուն վրայ զետեղուած վեթոյին:
Այս շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութեան այն յայտարարութիւնը, թէ ինք պատրաստակամ է լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթ եւ կազ հորատելու, երբ սահմանագծումը կատարուի:
Նոր կառավարութեան մը նշոյլին չգոյութեան եւ ծովային սահմանագծումի կարելիութեան զուգահեռ նախագահական ընտրութեան առումով շօշափելի է այն իրականութիւնը, որ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն միջեւ երկփեղկումը հետզհետէ կը սրի, իսկ քաղաքական բոլոր ուժերուն համախոհութիւնը վայելող նախագահական թեկնածու տակաւին գոյութիւն չունի: