Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին` ներկայութեամբ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան:
Խորհրդարանի լիագումար նիստին արձանագրուեցաւ նաեւ դիւանագիտական ներկայութիւն: Նիստին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա` նկատի ունենալով, որ նիստին ընթացքին կրնային քննարկուիլ ծովային սահմանագծումին եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին վերաբերող հարցեր:
Նորընտիր խորհրդարանի գումարած Ա. օրէնսդրական նիստին բացումը կատարուեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նախկին երեսփոխաններ Փիեռ Տաքքաշի, Մոհամետ Ապտել Համիտ Պայտունի, Վարդգէս Շամլեանի, Ղասսան Աշքարի եւ Սալահ Հարաքէի մահուանց յիշատակը:
Ապա խորհրդարանը ընտրեց Նախագահներու, երեսփոխաններու եւ նախարարներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդի անդամները:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վերընտրուեցաւ Նախագահներու, երեսփոխաններու եւ նախարարներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդի անդամ:
Մրցակիցի չգոյութեան պատճառով ընտրուած խորհուրդը կը հաշուէ 7 անդամ. մնացեալ վեց անդամներն են` Ժամիլ Սէյիտ, Ապտել Քերիմ Քապպարա, Ֆայսալ Սայեղ, Ժորժ Աթալլա, Իմատ Հութ եւ Թոնի Ֆրենժիէ:
Նշենք, որ երեսփոխաններ Քապալան Քապալան, Սելիմ Աուն եւ Ժիհատ Սամատ ընտրուեցան խորհուրդի փոխանդամներ:
Խորհրդարանը շարունակեց իր նիստը, որուն ընթացքին կը նախատեսուէր վաւերացնել շարք մը օրինագիծեր:
Նիստին ընթացքին տարբեր երեսփոխաններու միջեւ արձանագրուեցան բանավէճեր, յատկապէս երեսփոխաններ Հալիմա Քաաքուրի եւ Քապալան Քապալանի միջեւ:
Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուանի մեկնաբանութեան պատասխանելով` Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանին վստահուած է երկրին փրկութիւնը` աւելցնելով, որ առանց խորհրդարանին կարելի չէ փրկել Լիբանանը: Պըրրի նկատել տուաւ, որ կարգ ու կանոնին կառչած մնալով, չեն ուզեր հրաժարած ըլլալ հիմնականէն` բունէն:
Անդրադառնալով խորհրդարանին մէջ հնչող բանավէճերուն` խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ ոմանք խորհրդարան եկած են կռուելու եւ կը հետապնդեն այսօրուան նիստը չեղարկելու նպատակը:
Խորհրդարանի նիստին ընթացքին վաւերացուեցաւ թիւ 8952 օրինագիծը, որուն հիման վրայ 2022-ի պետական ամավարկին առընթեր 10 միլիառ լ. ոսկիի հաշիւ մը բացուեցաւ:
Վաւերացուեցաւ նաեւ թիւ 8971 օրինագիծը, որուն հիման վրայ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցչութեան գրասենեակը կը հաստատուի Պէյրութի մէջ, ինչպէս համաձայնութիւնը կնքուած էր Լիբանանի եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան միջեւ:
Վաւերացուեցաւ նաեւ թիւ 9195 օրինագիծը, որուն հիման վրայ Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ համաձայնագիր մը կը ստորագրուի` անտառներու հրդեհները մարելու պարագային գործակցելու նպատակով:
Խորհրդարանը վաւերացուց թիւ 9102 օրինագիծը, որ կը վերաբերէր դրամատնային գաղտնիութեան:
Օրինագիծը վաւերացուեցաւ բարեփոխումներու ենթարկուելէ ետք:
Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ այն օրինագիծը, որուն հիման վրայ Կեդրոնական դրամատունը 150 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Լիբանանին` ցորենի պահեստ ապահովելու նպատակով:
Այս օրինագիծին վաւերացումէն ետք վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ այս օրինագիծը վաւերացնելու առընթեր, պէտք է հաստատել, որ արտադրուած արաբական հացին առիւծի բաժինը կ՛երթայ ոչ լիբանանցիներու:
Միքաթի նշեց, որ ինք այս իմաստով ներքին գործոց նախարարութեան յանձնարարած է հետեւիլ ցորենի արդար բաշխումին, ինչպէս նաեւ հսկել փուռերուն կողմէ արտադրուած արաբական հացի քանակին:
Իր խօսքը ուղղելով երեսփոխաններուն` Միքաթի յայտնեց, որ «եթէ կը փափաքիք, որ կառավարութիւնը վերջ տայ ցորենին տրամադրած իր նիւթական նպաստին, ապա այդ իմաստով խորհրդարանը թող յանձնարարական մը կատարէ»:
Պըրրի պատասխանելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի պահանջին, որ կը վերաբերէր պետութեան նպաստը կասեցնելուն, ըսաւ. «Պետութեան նպաստին վերջ տալը կառավարութեան պարտականութիւնն է եւ ոչ թէ խորհրդարանին պարտականութիւնը»:
Այս առիթով Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը նկատի կ՛ունենայ խորհրդարանին կամքը, որուն Պըրրի պատասխանեց, որ այդ մէկը անբաղձալի հնազանդութիւն է:
Նշենք, որ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ երէկ նկատել տուաւ, որ ցորենին տրամադրուած պետական նպաստին վերջ տալու պարագային արաբական հացի մէկ կապին սակը 30-35 հազար լ. ոսկիի միջեւ պիտի տարուբերի:
Պըրրի խորհրդարանի առաւօտեան նիստին աւարտը յայտարարեց կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին` երեկոյեան նիստի ժամը ճշդելով 6:15-ը:
Երեկոյեան նիստին ընթացքին Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղ հրաժարեցաւ Նախագահներու, նախարարներու եւ երեսփոխաններու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդէն:
Այս մասին Սայեղ տեղեակ պահեց խորհրդարանի նախագահը` նշելով, որ ինք գրաւոր հրաժարական պիտի ներկայացնէ:
Խորհրդարանը սառեցուց թիւ 515 օրինագիծին երկրորդ յօդուածը, որ կը վերաբերի անձնական դպրոցներուն յատուկ կրթաթոշակին:
Այս մասին Պըրրի յայտնեց, որ եթէ այս օրինագիծը վաւերացուի եւ օրէնքի վերածուի, ապա կրթաթոշակը ամերիկեան տոլարով կը ճշդուի եւ պետութիւնը հսկայական հարցերու կը մատնէ:
Խորհրդարանը վաւերացուց թիւ 9469 օրինագիծը, որուն հիման վրայ Լիբանանի կառավարութիւնը Ճափոնի կառավարութեան հետ թեքնիք գործակցութիւն կրնայ ծաւալել:
Խորհրդարանը երեկոյեան իր նիստին ընթացքին մերժեց վաւերացնել կարգ մը օրինագիծեր, որոնք առնչուած էին նախկին ամավարկերու յօդուածները փոփոխութեան ենթարկելու, ինչպէս նաեւ չվաւերացուց կրկնակ աճապարանօք կարգ մը օրինագիծեր, որոնց շարքին լիբանանեան ջուրերուն տնտեսական շրջանը ճշդելու, կանխահաս նախագահական ընտրութիւններ կազմակերպելու եւ 17 հոկտեմբերէն ետք ապահովական ուժերուն կողմէ բռնարարքներու ենթարկուած քաղաքացիները հատուցելու վերաբերող օրինագիծերը:
Օրէնսդրական նիստին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ սահմանագծումի համաձայնութիւնը, որուն կ՛ակնարկեն, սահմանագիծերու մասին չի խօսիր, այլ` սահմանագծումի եւ Նաքուրայի մէջ տեղի ունենալիք անուղղակի բանակցութիւններու:
«Պաապտայի հանդիպումին ընթացքին հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետ Միքաթիի հետ համաձայնեցանք Նաքուրա երթալ սահմանագծումի համաձայնութեան հիման վրայ, որովհետեւ անոր շնորհիւ մենք կրնանք թիւ 29 սահմանագիծէն ալ աւելի ստանալ: Մենք սահմանագիծերու մասին չենք խօսած, այլ կը սպասենք ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնը, եւ պիտի ուղղուինք դէպի Նաքուրա», ըսաւ Պըրրի:
Անդրադառնալով ելեւմուտքի նախարարին կողմէ վճռաբեկ ատեանին վերաբերող հրամանագիրը չստորագրելու քայլին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան շարունակութեան վրայ անոր ունեցած հետեւանքներուն` Պըրրի յայտնեց, որ այդ հրամանագիրին պարագային սխալ մը արձանագրուած էր` աւելցնելով, որ կարելի եղած է գտնել այդ սխալը, որուն սրբագրութենէն անմիջապէս ետք հրամանագիրը պիտի վաւերացուի:
Գիշերուան ժամը 8:45-ին Պըրրի յայտարարեց նիստին աւարտը:
Պէտք է աւելցնել, որ 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհուած նահատակներուն ընտանիքները, խորհրդարանի նիստին զուգահեռ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին մերժեցին Նախագահներու, երեսփոխաններու եւ նախարարներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդի կազմութիւնը, եւ պահանջեցին պահպանել ցորենի շտեմարանի կառոյցին մնացորդացը եւ զայն վերածել յուշարձանի: