ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2424 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.900 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 18.000 լ. ոսկիով, մազութը` 16.000 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 6000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 591.000 լ. ոսկի, 98 օքթանը` 603.000 լ. ոսկի, մազութը` 647.000 լ. ոսկի, իսկ կազը` 311.000 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ ողջունեց իրանեան նաւթ ապահովելու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի առաջարկը` նկատի ունենալով, որ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնները իւրաքանչիւր լիթր նաւթի կարիք ունին` ելեկտրական հոսանք արտադրելու համար: Ֆայեատ աւելցուց սակայն, որ նման նուիրատուութիւններու պարագային նախարարութիւնը ընդունելու կամ մերժելու իրաւասութիւն չունի, այլ այդ իրաւունքը, հաշուեքննութեան օրէնքի թիւ 52-րդ յօդուածին համաձայն, տրուած է նախարարաց խորհուրդին:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ Յորդանանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ յորդանանցի իր պաշտօնակիցին` Մազեն Ֆիրայայի հետ: Մաուլաուի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովութիւնը կայուն է: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանան-Յորդանան երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ ապահովական մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ շեշտեց, որ ծովային սահմանագծում կատարելու իմաստով զարգացումներ կ՛արձանագրուին, իսկ Լիբանան հզօր դիրքերէ կը բանակցի այս իմաստով: Պու Սաապ ընդգծեց, որ պէտք է սպասել սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններու ամերիկացի միջնորդ Էյմըս Հոքշթայնի Լիբանան կատարելիք այցելութեան, որ կը զուգադիպի 31 յուլիսին:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար նախատեսեց, որ այս ամառ Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներէն եւ արտերկրի լիբանանցիներէն կարելի ըլլայ 3 միլիառ տոլար ապահովել երկրին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա խորհրդարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ դրամատնային գաղտնիութեան վերաբերող օրինագիծը պէտք է վաւերացուի: Ան կոչ ուղղեց խորհրդարանին ամսական դրութեամբ նիստ մը գումարելու` քննարկելու համար կառավարութեան քաղաքականութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա դարձեալ առաջարկած է Իրանէն նաւթ ապահովել, եւ տուաւ հետեւեալ հարցը. «Արդեօք Միացեալ Նահանգներէն պիտի պահանջէ՞ք, որ այդ օժանդակութեան վրայ դրուած ամերիկեան վեթոն չեղեալ նկատուի»:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ համախմբումը քայլերու պիտի դիմէ` կառավարութեան կազմութեան ի խնդիր: Ան աւելցուց նաեւ, որ իրենք կը մերժեն ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ ժողովրդականութիւն եւ ժողովրդային ուժ չի ներկայացներ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իրանեան նաւթ բերելու մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի առաջարկը դրական զարգացում մըն է եւ պէտք է գործադրուի: Ան նշեց, որ իրանեան նաւթը մերժելը ժողովուրդին դէմ ուղղուած դասալքութիւն է: Ուահապ զարմանք յայտնեց, որ կառավարութիւնը ոչ մէկ հակազդեցութիւն ցուցաբերած է սէյիտ Նասրալլայի առաջարկին նկատմամբ: Ան աւելցուց, որ իրանեան նաւթով կարելի է 16 ժամ ելեկտրական հոսանք ապահովել երկրին, «եւ լիբանանցիին պահանջն ալ այդ է», ըսաւ ան:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար հաստատեց, որ Լիբանան այցելող արտերկրի լիբանանցիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համեմատութիւնը այս տարի 40 առ հարիւրով բարձրացած է` աւելցնելով, որ պանդոկներուն եւ ճաշարաններուն կորուստը կարելի չէ կարճ ժամանակի ընթացքին հատուցել: