Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ. «Լիբանանի Փրկութիւնը Բոլորիս Միասնականութեամբ Կ՛իրականանայ»

July 26, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սանայեհի Մաքասետ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած «Լիբանանը` ներկայ տեղական եւ արտաքին գործընթացներու առանցքին մէջ» խորագիրով լսարանին ընթացքին, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Լիբանանի փրկութիւնը բոլորիս միասնականութեամբ կ՛իրականանայ:

Ան շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը մարոնի առաջնորդ Մուսա Հաժը կալանաւորեցին, որովհետեւ դատական որոշումը գործադրելու հարկադրանքին տակ էին: Այս շրջագիծին մէջ Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք ջնջած է Ընդհանուր ապահովութեան պատուիրակութեան մը Պքերքէ այցելութիւնը` աւելցնելով, որ այդ որոշումին պատճառներուն աւելի ուշ կ՛անդրադառնայ:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց Պէյրութի բաժանումը մերժելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ ինք կը զօրակցի Պէյրութը միասնականացնող ամէն տեսակ նախաքայլի, որովհետեւ Պէյրութի միասնականութիւնը ամբողջ Լիբանանին միասնականութիւնն է:

Անցագիրներու տագնապին ակնարկելով` Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ այդ տագնապը աստիճանաբար պիտի սկսի լուծուիլ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին եւ վերջնական լուծման պիտի յանգի յառաջիկայ տարեսկիզբին:

Միւս կողմէ, Իպրահիմ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը յարգէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, սակայն Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը կալանաւորելու հրահանգը գործադրելը իր պարտականութիւնն էր:

Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ ինք անձամբ կամ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ոչ մէկ կապ ունին քաղաքական հաշիւներուն հետ: «Նոյնիսկ եթէ հայրս ըլլար անցարգելին վրայ կամ անցքէն անցորդը, պիտի կալանաւորէի զինք եւ խուզարկէի, որովհետեւ մենք մեր պարտականութիւնն է, որ կը կատարենք», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին նկատմամբ անվայել վարուելակերպ չցուցաբերուեցաւ, սակայն ան 20 ճամբորդական պայուսակ ունէր, հետեւաբար Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ անոր խուզարկութիւնը 8 ժամ խլեց: «Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ոչինչ փճացուցին անոր իրերէն, սակայն որոշ բաներ գրաւեցին եւ յանձնեցին դատական իշխանութիւններուն», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն միջնորդող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն շաբաթավերջին պիտի վերադառնայ Լիբանան` աւելցնելով, որ հաւանաբար ան պատասխան մը ունենայ Լիբանանին:

«Մենք վստահաբար կ՛ուղղուինք դէպի համաձայնութիւն», շեշտեց Իպրահիմ` աւելցնելով, որ պատերազմի հաւանականութիւնը ուղղակիօրէն կախեալ է բանակցութիւններէն:

«Մենք կը փափաքինք, որ պատերազմ չբռնկի, սակայն եթէ Լիբանան զգայ, որ իր իրաւունքները պիտի ոտնակոխուին, ապա որեւէ միջոցի պիտի դիմէ` իրականացնելու համար իր իրաւունքները», ընդգծեց ան:

Մուսա Հաժ. «Կատարածս Մարդասիրական Առաքելութիւն Է
Եւ Քաղաքական Ոչ Մէկ Նպատակ Կը Հետապնդէ»

Նշենք, որ Մուսա Հաժ եպիսկոպոս Մարոնիներու լիկային հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ առաջին անգամը չէ, որ Նաքուրայի անցքին վրայ իրեն նեղութիւն կը պատճառեն` աւելցնելով, որ ինք դիտմամբ ոչինչ կը կատարէ, իսկ հոգեւորականի մը նկատմամբ ապահովութեան ուժերուն ցուցաբերած վարուելակերպը անվայել է:

«Կատարածս մարդասիրական առաքելութիւն է, որովհետեւ կարիքաւոր ընտանիքներու մարդասիրական օժանդակութիւն հասցուցած եմ: Մարդասիրական առաքելութիւնս քաղաքական ոչ մէկ նպատակ կը հետապնդէ», ըսաւ Հաժ եպիսկոպոս:

Նշենք, որ Մարոնիներու լիկան վերահաստատեց իր խիստ դատապարտումը Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպին:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Ամսական Աշխատավարձը Բարելաւելու Նիստը Չկրցաւ Վերջնական Որոշումներ Տալ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.