Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Հաժ Եպիսկոպոսին Թղթածրարը Կը Մնայ Ինքզինք Պարտադրող Օրակարգ

July 23, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ քաղաքական կեանքին անդամալուծութեան եւ տնտեսական ու ելեւմտական ահռելի վիճակին, Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին թղթածրարը լիբանանեան առումով կը մնայ ինքզինք պարտադրող օրակարգ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հայֆայի մարոնի համայնքի առաջնորդ, պատրիարքական փոխանորդ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Միւս կողմէ, Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Տիմանի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրին, որ յայտնեց, թէ ինք ամէն ջանք ի գործ դրած է Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի կալանաւորման մասին բոլոր տեղեկութիւնները ամբողջացնելու, ինչպէս նաեւ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթին յղած է նամակ մը, որով ան դատաւոր Ֆատի Աքիքիէն պահանջէ այդ թղթածրարը արդարութեան նախարարին փոխանցել:

«Նախարարին իրաւասութիւնները սահմանափակ են, իսկ դատական իշխանութիւնն է, որ թղթածրարներուն կը հետեւի, դատավարութիւնները կը կատարէ եւ վճիռները կ՛արձակէ, եւ ոչ թէ ես», ըսաւ Խուրի:

Ռայի պատրիարքը յետմիջօրէին ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:

Տիմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Միշել Մուաուատ, որ Վերանորոգում երեսփոխանական պլոքին անունով յայտնեց, որ Երուսաղէմի ճամբան Պքերքէէն պիտի չանցնի` աւելցնելով, որ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը ոչ ոքի կողմէ պաշտպանութեան կարիք ունի:

Տիման յայտարարեց, որ Ռայի պատրիարքին եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի միջեւ հանդիպում մը չէ նախատեսուած:

Նշենք, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հերքած էր այն տեղեկութիւնները, թէ Իպրահիմ Ռայի պատրիարքին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է:

Միւս կողմէ, մարոնի համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսը յայտնեց, որ հակառակ նախագահ Աունի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ կարգ մը երեսփոխաններուն կողմէ հնչած դատապարտումներուն, գետնի վրայ իրականութիւնը տարբեր ուղղութիւն կը ստանայ:

Ան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ իրաւունքով եւ տրամաբանութեամբ մարդիկ կը նախընտրեն ուղարկուած քաղցկեղի դեղորայքը փճացնել, քան զանոնք հիւանդներուն տրամադրելը` անոնց կեանքերը փրկելու նպատակով:

Նշենք, որ նախկին նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ «Բոլորին հայրը» կարգախօսը Ռայի պատրիարքին յարիր է, որովհետեւ ան հանրապետութեան յաջորդ նախագահին յատկանիշները ճշդելու ընթացքին միայն Լիբանանի շահերուն մասին մտածած է:

Նախորդը

Սալամ. «Ունինք Ցորենի Քանակ Մը, Որ Յառաջիկայ 10 Օրերուն Պիտի Հասնի Լիբանան»

Յաջորդը

Ակնարկ. Փակուղիէն Դուրս Գալու Համար Ակնկալուած Զիջումներ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.