Լիբանանեան

Սէյիտ Նասրալլա. «Սահմանագծումի  Թղթածրարին Միջամուխ Պիտի Չըլլանք»

Սէյիտ Նասրալլա. «Սահմանագծումի Թղթածրարին Միջամուխ Պիտի Չըլլանք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի սգատօնին առիթով կազմակերպուած երեկոյի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը քննարկեց բռնագրաւուած Պաղեստինի ջուրերուն մէջ նաւթ հորատելու հարթակին զետեղումը, սերտեց կարելիութիւնները «եւ որոշեց ապահովել Լիբանանին շահերուն ծառայող յարմարագոյն լուծումը կամ ուղղուիլ պատերազմի», ըսաւ ան: Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ժողովուրդին ապահովութիւնն ու արժանապատուութիւնը ամէն բանէ վեր է` աւեցնելով, որ երկիրը եւ ժողովուրդը նուաստացումէ փրկելու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2269 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 30.250 լ. ոսկի: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Կարճ հանդիպումէ մը ետք Միքաթի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ...

Ծովային Սահմանագծումի Ամերիկացի  Բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն Կ՛այցելէ Լիբանան

Ծովային Սահմանագծումի Ամերիկացի Բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն Կ՛այցելէ Լիբանան

Մինչ բանակը այսօր ներկայութեամբ իշխանութեան երեք պետերուն կը նշէ իր հիմնադրութեան 77-ամեակը, երէկ կէսօրին Լիբանան հասաւ Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Փարիզ, Պրիւքսել եւ Աթէնք կատարած իր այցելութիւններէն ետք Հոքշթայն պիտի ուղղուի Պէյրութ` ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները շարունակելու շրջագիծին մէջ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց...

Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Գտնուող Քանդուած  Ցորենի Շտեմարանէն Բաժիններ Փուլ Եկան

Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Գտնուող Քանդուած Ցորենի Շտեմարանէն Բաժիններ Փուլ Եկան

Երէկ երեկոյեան ժամը 4:58-ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող քանդուած ցորենի շտեմարանէն բաժիններ փուլ եկան, առանց վնասներ պատճառելու: Հիմնականին մէջ փուլ եկող բաժինները շտեմարանին հիւսիսային բաժինի երկու սիւներն են, որոնք երեք շաբաթէ ի վեր հրդեհի ենթակայ էին: Ցորենի շտեմարանին հիմնասիւներէն երկուքին փուլ գալով փոշիի հսկայ ամպ մը բարձրացաւ, սակայն առանց վախ կամ սարսափ պատճառելու շրջանի բնակչութեան: Այդ դէպքէն ետք, լիբանանեան բանակի...

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Կարելի Է Կազմել  Այն Ժամանակ Միայն, Երբ Հրաշք Մը Պատահի»

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Կարելի Է Կազմել Այն Ժամանակ Միայն, Երբ Հրաշք Մը Պատահի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ծովային սահմանագծումի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի Լիբանան կատարելիք այցելութեան` մաղթելով, որ ուղղուին դէպի Նաքուրա, այլ վայր ուղղուելու փոխարէն: Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը այն է, որ վերադարձ կատարուի դէպի շրջագիծի համաձայնութիւն: Ան հաստատեց, որ Լիբանան Կանայի նաւթահորը ամբողջութեամբ կը պահանջէ: «Կա՛մ բոլորը եւ կա՛մ բնաւ»,...

Տիմանի Մէջ.   «Կը Պահանջենք Բռնագրաւեալ Հողերուն Վրայ  Ապրող Լիբանանցիները Գործակալ Չկոչել»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք Տիմանի Մէջ.   «Կը Պահանջենք Բռնագրաւեալ Հողերուն Վրայ  Ապրող Լիբանանցիները Գործակալ Չկոչել»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Տիմանի Մէջ. «Կը Պահանջենք Բռնագրաւեալ Հողերուն Վրայ Ապրող Լիբանանցիները Գործակալ Չկոչել» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք Տիմանի Մէջ. «Կը Պահանջենք Բռնագրաւեալ Հողերուն Վրայ Ապրող Լիբանանցիները Գործակալ Չկոչել» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին սառեցումը մտահոգիչ է` աւելցնելով, որ եթէ քաղաքական ուժերը այսօր անկարող են կառավարութիւն կազմելու, ապա վաղը անոնք անկարող պիտի ըլլան հանրապետութեան նախագահ ընտրելու: Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Նաքուրայի մէջ Հայֆայի եւ բռնագրաւեալ հողերուն վրայ...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ժազանի Վրայ Գործուած Ահաբեկչական Յարձակումը …

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պաշտօնական Հաղորդագրութեամբ Կը Քննադատէ Գաղթականներու Հարցով ՄԱԿ-ի Գերատեսչութիւնը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան կարգ մը դիտողութիւններ եւ բողոքներ ստացած է ալիւր եւ գարի փոխադրող սուրիական նաւուն Թրիփոլիի նաւահանգիստ հասնելուն մասին: Պու Հապիպ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ պատասխանատու կողմեր պէտք եղած քննութիւնները կը կատարեն` աւելցնելով, որ Լիբանան տակաւին չէ կրցած ճշդել նաւուն փոխադրած արտադրութեան աղբիւրը: Ան նկատել տուաւ, որ այս...

Յուլիս Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 11,42 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

Յունիս 2022-Ին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 9,23 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին` Բաղդատած Մայիս Ամսուան

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2022-ի յունիս ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերը 9,23 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2022-ի մայիս ամսուան սակերուն: Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով. - Պէյրութի մէջ` 5,61 առ հարիւր: - Լեռնալիբանանի մէջ` 11,48 առ հարիւր: - Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 7,64 առ հարիւր: - Պեքաայի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2312 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 30.100 լ. ոսկի: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ բանակի թուիթըրեան հաշիւով կատարեց գրառում մը, որուն մէջ նշեց հետեւեալը. «31 յուլիսը կը զուգադիպի բանակի նահատակներու յիշատակի օրուան. այդ առիթով կը յարգենք բոլոր նահատակներուն յիշատակը...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Իսլամական Նոր տարուան առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 30 յուլիս 2022-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 1 օգոստոսին:

«Ներկայիս Կառավարութեան Կազմութիւնը  Անկարելի Է` Ներքին Լիբանանեան Կամքի  Չգոյութեան Պատճառով»  Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

«Ներկայիս Կառավարութեան Կազմութիւնը Անկարելի Է` Ներքին Լիբանանեան Կամքի Չգոյութեան Պատճառով» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ դարձաւ «Սաութ Հուրիա» ռատիոկայանի լրագրող Հութաֆ Տհամի հիւրը` «Պիլա Ֆաուասել» յայտագիրէն: Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն աշխատեցաւ իր քաղաքական ներկայացուցչութեան չափին մէջ եւ ընդդիմացաւ կառավարութեան որոշումներուն, նոյնիսկ երբ մէկ նախարար ունէր: Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ հրաժարիլը պատասխանատուութենէ փախուստ տալու համազօր է: Անդրադառնալով...

Ֆրենժիէ Պըրրիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ֆրենժիէ Պըրրիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք եւ Պըրրի նոյն խումբին կը պատկանին, իսկ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, որ կը վերաբերէր լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի նախագահական ընտրութեան թեկնածու առաջադրուելուն, Ֆրենժիէ ըսաւ. «Մենք կը զօրակցինք ամէն բանի, որ Լիբանանի շահերը կ՛ապահովէ»:...

Բանակի Հրամանատարը Կը Յայտարարէ  Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն  Վերադարձը Լիբանանեան Գերիշխանութեան

Բանակի Օրուան Առիթով Զօր. Աունի Օրուան Հրահանգը

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 77-ամեակին առիթով, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն իր օրուան հրահանգը ուղղեց բանակայիններուն` շեշտելով, որ 77 տարիէ ի վեր բանակը պատուով, զոհողութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կը ծառայէ Լիբանանին` իր լաւագոյն տղաքը զոհաբերելով ի խնդիր երկրին պաշտպանութեան, ժողովուրդին արժանապատուութեան եւ ապահովական կայունութեան: «Լիբանանեան բանակը իր առաքելութեան եւ երթին մէջ վկայեց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց ընթացքին բանակը մնաց ամուր միջնաբերդը, հայրենիքը բաղկացնող...

4 Օգոստոս 2022-ը` Ազգային Սուգի Օր

4 Օգոստոս 2022-ը` Ազգային Սուգի Օր

Նախարարաց խորհուրդը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն յայտարարուեցաւ, որ հինգշաբթի, 4 օգոստոս 2022-ը, որ կը զուգադիպի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Բ. տարելիցին, Ազգային սուգի օր է, որուն ընթացքին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան, իսկ այդ հաստատութիւններուն վրայ Լիբանանի դրօշը կիսակայմ պիտի ծածանի: Նախարարաց խորհուրդի շրջաբերականը յանձնարարեց նաեւ, որ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայանները տուեալ օրուան ընթացքին այս աղէտին...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.  «Կոչ Կ՛ուղղենք Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին  Կազմելու Կառավարութիւն Մը` Մեղմացնելու  Համար Քաղաքացիներուն Բեռը»  Շեշտեց Շէյխ Ալի Խաթիպ

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Կոչ Կ՛ուղղենք Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կազմելու Կառավարութիւն Մը` Մեղմացնելու Համար Քաղաքացիներուն Բեռը» Շեշտեց Շէյխ Ալի Խաթիպ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպը, որուն հետ քննարկեց երկրին ընկերային կացութիւնը, պետական հաստատութիւններուն եւ վարչութիւններուն անդամալուծութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած ընկերային ամէնէն ծանր տագնապն ու օրուան հացը ստանալու համար անոնց հերթերը` փուռերուն դիմաց: Հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ նկատուեցաւ իսլամական միասնականութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութիւնը ամուր պահելու կարեւորութիւնը,...

Քանաան. «Ելեւմուտքի Նախարարութենէն  Պահանջեցինք Վերջին Անգամ Ըլլալով  Ստուգել 2022-ի Ամավարկի Թիւերը»

Քանաան. «Ելեւմուտքի Նախարարութենէն Պահանջեցինք Վերջին Անգամ Ըլլալով Ստուգել 2022-ի Ամավարկի Թիւերը»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ կառավարութեան եւ խորհրդարանին միջեւ պատասխանատուութիւնը իրարու վերագրելը իրենց պատասխանատուութիւնը չէ: Ան հաստատեց, որ ելեւմուտքի նախարարութենէն պահանջած են վերջին անգամ ըլլալով ստուգել 2022-ի ամավարկի թիւերը եւ ներկայացնել իրմէ պահանջուած յստակացումները` նախքան յանձնախումբին գումարելիք երեքշաբթի օրուան ժողովը: Քանաան յայտնեց նաեւ, որ իրենք թափանցիկութիւն կը փնտռեն` աւելցնելով, որ ինք տարիներ շարունակ...

Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերը  Հակակշիռի Տակ Առին Պար Էլիասի Հրդեհը

Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերը Հակակշիռի Տակ Առին Պար Էլիասի Հրդեհը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ նախանցեալ գիշեր ժամը 11:00-ին լուր մը ստացած է, թէ Պար Էլիասի «Առանց սահմանի բժիշկներ»-ու հիւանդանոցին մէջ բռնկած է հրդեհ մը: Տնօրէնութիւնը ընդգծեց, որ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը անմիջապէս ուղղուած են դէպքին վայրը եւ աւելի քան 7 կեդրոններէ օժանդակութիւն ապահոված են` շրջափակելու համար հրդեհը, որ բռնկած էր հիւանդանոցի 4-րդ...

Հացի Տագնապը Կը Սաստկանայ, Իսկ Նախարարական  Յանձնախումբը Պետական Պաշտօնէութեան  Հատուցումներ Կը Ճշդէ

Հացի Տագնապը Կը Սաստկանայ, Իսկ Նախարարական Յանձնախումբը Պետական Պաշտօնէութեան Հատուցումներ Կը Ճշդէ

Մինչ լիբանանցիներուն մեծ մասը արաբական հաց չի գտներ փուռերէն, սննդամթերքի վաճառատուներէն եւ հանրախանութներէն, նախարարական յանձնախումբը, որուն պարտականութիւնն է քննել եւ լուծումներ գտնել պետական մարզին վրայ Լիբանանի ելեւմտական տագնապին ունեցած հետեւանքներուն, երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած նախարարական յանձնախումբի նիստին ընթացքին տրուեցան շարք մը որոշումներ, որոնք պիտի գործադրուին մինչեւ 2022-ի պետական ամավարկի վաւերացումը: Յետմիջօրէին հրապարակուած...

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Յանձնառու Է Անհրաժեշտ  Բարեկարգումները Կատարելու` Ամբողջացնելու Համար  Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Բանակցութիւնները»

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Յանձնառու Է Անհրաժեշտ Բարեկարգումները Կատարելու` Ամբողջացնելու Համար Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Բանակցութիւնները»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Միջազգային դրամատան նոր նշանակուած տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէն, որուն ընկերակցեցաւ նախկին տնօրէն ՍարուԺ Քումարճահը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան միջեւ առկայ գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց այն ծրագիրները, որոնք նախորդ տարիներուն ընթացքին գործադրուեցան, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք կը մնան իրագործուելու ճամբուն...

Շիա Կոչ Ուղղեց Նախագահական Ընտրութիւնները  Ճշդուած Թուականին Կատարելու

Շիա Կոչ Ուղղեց Նախագահական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա երէկ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան մօտ արտասանած իր խօսքին մէջ անհրաժեշտ նկատեց, որ երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական մարզերուն նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը վերահաստատուի: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ երկրին ուժանիւթ տրամադրուի, մաքուր եւ աժան ուժանիւթ, որպէսզի դպրոցները, հիւանդանոցներն ու գործարանները ելեկտրականութիւն ունենան: Շիա նկատել տուաւ նաեւ բարեկարգումներ գործադրելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ այդ բարեկարգումները պէտք է...

Page 328 of 988 1 … 327 328 329 … 988

Արխիւներ