ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2412 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.550 լ. ոսկի:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս հաստատեց, որ Հայֆայի մարոնի համայնքի առաջնորդ եւ պատրիարքական փոխանորդ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին հետ պատահածը մերժելի է: Աուտէ եպիսկոպոսը հաստատեց, որ եկեղեցին կարելի չէ շանթաժի կամ սպառնալիքի ենթարկել` աւելցնելով, որ եկեղեցին միայն Աստուծմէ կը վախնայ:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի պատմական առիթի մը դիմաց: «Պիտի չարտօնենք, որ թշնամին նաւթ ու կազ հորատէ, եթէ մենք ալ մեր նաւթային ու կազային հարստութիւնը չհորատենք», հաստատեց ան:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ընդգծեց, որ ինք լաւատես է պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի հարցը լուծելու նպատակով այսօր ներկայացուելիք նոր լուծման պատկերացումով:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար հաստատեց, որ Հայֆայի մարոնի համայնքի առաջնորդ եւ պատրիարքական փոխանորդ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին հետ վարուելու օրէնքներ, կարգ ու կանոն կայ` աւելցնելով, որ գրաւուած օժանդակութիւնները պէտք է յանձնել անոնց իրաւատէրերուն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին ընդգծեց, որ իրենք կառչած կը մնան այն տարազին, որուն համաձայն, Լիբանան իրաւունք ունի պաշտպանելու իր նաւթի եւ կազի հարստութիւնը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի հաստատեց, որ իրենք Պքերքէին կը զօրակցին` աւելցնելով, որ Հայֆայի մարոնի համայնքի առաջնորդ եւ պատրիարքական փոխանորդ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը թիրախ դարձնող քաղաքական-դատական թատրոնը պէտք է վերջ գտնէ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ ելեկտրական հոսանքը բաշխելու իմաստով արձանագրուած անարդարութիւնը` տարբեր շրջաններու միջեւ, այլեւս անհանդուրժելի է եւ անընդունելի:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ, անդրադառնալով Հայֆայի մարոնի համայնքի առաջնորդ եւ պատրիարքական փոխանորդ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը կալանաւորելու եւ անոր բերած օժանդակութիւնները գրաւելու իմաստով դատաւոր Ֆատի Աքիքիի արձակած հրահանգին, անհրաժեշտ նկատեց, որ Աքիքիի դէմ արմատական միջոցառումներ որդեգրուին, որովհետեւ ան կը գործէ պետութեան մէջ պետութիւն ստեղծած ուժերու շահերուն ի խնդիր:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձը բարեփոխելու: Ան կոչ ուղղեց բոլորին համագործակցութեան եւ միասնականութեան ոգիով գործելու, եւ անհրաժեշտ նկատեց, որ բոլոր հարցերուն միջեւ վճռողը ըլլայ օրէնքը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս հաստատեց, որ լիբանանեան որոշումը պէտք է վերադարձնել` աւելցնելով, որ համախմբումը պիտի ներկայացնէ օրինագիծ մը, որուն համաձայն, սովորական քաղաքացին Զինուորական ատեանին կողմէ դատավարութեան չենթարկուի:
ՄԻՒՖԹԻ շէյխ Ահմետ Քապալան շեշտեց, որ ոմանք Լիբանանը կը փափաքին վերածել տեղահանուածներու եւ ոճիրի երկրի: Ան շեշտեց, որ Լիբանանը փրկել փափաքողը կը բարեհաճի ազգային կառավարութիւն կազմել:
ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐ Ճիւնիի վաճառատուներէն մէկուն վրայ ձեռնառումբ մը նետեցին` ահ ու սարսափի մատնելով շրջակայ բնակիչները: Պայթումը պատճառեց նիւթական վնասներ, իսկ դէպքին մասին հետաքննութիւն բացուեցաւ: