Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեւմտական տագնապին ունեցած հետեւանքները լուծելու նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան պետական պաշտօնեաներու բաց գործադուլին վերջ տալու միջոցները:
Նիստին ընթացքին ներկայացուեցան շարք մը առաջարկներ, ապա քննարկուեցան անոնց ունենալիք ելեւմտական հետեւանքները, որոնց լոյսին տակ որոշուեցաւ, որ նախարարական յանձնախումբը այլ նիստ մը գումարէ չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2022-ին` այս իմաստով վերջնական որոշում տալու նպատակով:
Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, նախարարի պաշտօնակատարներ Եուսեֆ Խալիլ, Հեքթոր Հաժժար, Մուսթաֆա Պայրամ, Ֆիրաս Ապիատ, Ալի Համիէ, Ճորճ Պուչիքեան, Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի նախագահ Նիսրին Մաշմուշի, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ եւ ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Մաարաուի:
Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ պէտք է համբերել եւ չաճապարել առաջարկները վաւերացնելու առումով, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ուսումնասիրել անոր սակը եւ ունենալիք ելեւմտական հետեւանքները:
Իր կարգին, Հեքթոր Հաժժար շեշտեց, որ նախ եւ առաջ պէտք է պետական պաշտօնեաներուն տրուելիք յաւելումներուն ֆինանսաւորումը ապահովել, այլապէս անիկա համազօր պիտի ըլլայ գոյութիւն չունեցող գումարը տրամադրելու իրականութեան:
Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան Լիկան
Կը Մերժէ Առաջարկուած Յաւելումի Տարբերակը
Նշենք, որ Պետական մարզի պաշտօնէութեան լիկայի նախագահ Նաուալ Նասըր հաստատեց, որ լիկան կտրականապէս կը մերժէ առաջարկուած յաւելումի տարբերակը եւ կը նախընտրէ շարունակել գործադուլը, մինչեւ իրենց պահանջներուն ամբողջական ընդառաջումը:
Նասըր Հեքթոր Հաժժարէն իմացած էր, թէ կառավարութիւնը կը մտածէ իւրաքանչիւր պաշտօնեայի երկրորդ ամսական աշխատավարձ մը տրամադրել, օրական դրութեամբ 95 հազար լ. ոսկի փոխադրամիջոց վճարել, ինչպէս նաեւ 150-300 հազար լ. ոսկիի գումար մը` նայած իւրաքանչիւր պաշտօնեայի օրական արդիւնաբերութիւնը, պայմանով որ պետական պաշտօնեան շաբաթը երեք օր աշխատանքի ներկայանայ:
Նասըր շեշտեց, որ յաւելումը, որուն մասին կը խօսուի, խորքին մէջ օժանդակութիւն է, մինչդեռ պաշտօնեաներուն 80 առ հարիւրը այդ օժանդակութենէն միայն երկու միլիոն լ. ոսկի կը ստանայ, ինչպէս նաեւ անոր վրայ աւելցուած փոխադրածախսը, որ իրականութեան մէջ փոխադրածախսին մէկ բաժինը կը նկատուի միայն:
Նասըր շեշտեց, որ պետութեան կողմէ յստակ անտեսում կայ պետական մարզի պաշտօնեաներուն բժշկութեան, անոնց զաւակներուն կրթութեան, ինչպէս նաեւ յստակ վարկաբեկում` պաշտօնէութեան բարձրացուցած ցաւի ճիչին:
Նասըր նկատել տուաւ նաեւ, որ պետութեան կողմէ կատարուած օժանդակութեան այս առաջարկը միայն երկու ամսուան համար է` աւելցնելով, որ անոր ժամանակաւոր ըլլալը արդէն իսկ ցոյց կու տայ, թէ պատասխանատուները ի՛նչ «լուրջ» մօտեցում կը ցուցաբերեն պետական մարզի պաշտօնեաներուն հարցը լուծելու: «Հետեւաբար մենք կը նկատենք, որ ամէն բան տակաւին նոյն վիճակին մէջ է, ուրեմն բաց գործադուլը կը շարունակուի», հաստատեց ան:
Միքաթիի Այցելուները
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որ վարչապետը տեղեակ պահեց 21 յուլիս 2022-ին տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի գումարած նիստին մանրամասնութիւններէն:
Վրոնեցքա նշեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Լիբանանի նկատմամբ մթնոլորտը դրական էր` աւելցնելով, որ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները զօրակցութիւն յայտնեցին տնտեսական եւ ընկերային բարեկարգումներ կատարելու Լիբանանի յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեցին ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն կազմելու եւ սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի կայունութեան եւ կը հսկէ լիբանանցիներու շահերուն: