Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Հայֆայի մարոնի համայնքի առաջնորդ եւ պատրիարքական փոխանորդ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին Նաքուրայի մէջ կալանաւորումը արժանացաւ խիստ դատապարտումի, յատկապէս` հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին կողմէ:
Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ տարբեր տեսակի առաքելութիւններու եւ զանոնք կատարելու կարելիութեան: Այս շրջագիծին մէջ ան անդրադարձաւ պետութեան առաքելութեան, որ իշխանութեան գործադրութիւնն է, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակներու վրայ ժողովուրդին բարօրութեան ապահովումը:
«Հետեւաբար քաղաքական գործունէութեան նպատակը քաղաքացին է, եւ մենք` իբրեւ եկեղեցի, մեր մարդկայնութենէն զերծ պիտի չմնանք, եւ ի՛նչ ալ ըլլայ մեր վճարելիք գինը, պիտի ծառայենք մարդ արարածին: Ժամանակն է արդէն ատելութեամբ, քինախնդրութեամբ եւ ամօթալի վարուելակերպով լեցուն իրականութիւնը փոխելու, որովհետեւ Լիբանան չի բարգաւաճիր, միասնական չի դառնար եւ չի յառաջդիմեր իր ժողովուրդին եւ պատմութեան արժէքներէն խոտոր համեմատող այս շեղումներով», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան պահանջեց բացայայտել մարդասիրական օժանդակութիւնները արգիլող օրէնքը, եթէ կայ նման օրէնք: «Կտրականապէս մերժելի է, որ եպիսկոպոս մը, առաջնորդ մը կալանաւորուի, խուզարկուի եւ հարցաքննուի` առանց իր հոգեւոր հեղինակութեան դիմելու արտօնութիւն ստանալու: Այս քայլը մարոնի պատրիարքութեան դէմ ուղղուած քայլ է եւ պատրիարքութեան իրաւասութիւններուն դէմ գործուած բռնարարք: Կը պահանջենք կասեցնել ոստիկանական այս քայլերը եւ Հաժ եպիսկոպոսին վերադարձնել իր անհատական բջիջայինը, լիբանանեան անցագիրը, ինչպէս նաեւ բոլոր գումարներն ու դեղորայքը, որոնք գրաւուած են իրմէ, որովհետեւ անոնք հոգեւոր առաջնորդին վստահուած մարդասիրական օժանդակութիւններ են, որոնք ուղարկուած են բռնագրաւեալ Պաղեստինի մէջ ապրող լիբանանցիներուն կողմէ իրենց եղբայր քաղաքացիներուն, որոնք տարբեր համայնքներու կը պատկանին», շեշտեց ան:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Լիբանանին չարիք ցանկացողներուն վերջ տալու այն արտայայտութիւններուն, թէ մարդասիրական այդ օժանդակութիւնները գործակալներու կողմէ ուղարկուած են:
«Գործակալները փնտռեցէք այլուր, որովհետեւ դուք գիտէք, թէ անոնք ո՛ւր են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ մարոնի պատրիարքութիւնը Լիբանանը փրկելու իր ուղին պիտի շարունակէ` հիմնուելով դրական չէզոքութեան սկզբունքին, ապակեդրոնացեալ ընդարձակ դրութեան եւ Լիբանանի յատուկ միջազգային խորհրդաժողովի մը վրայ:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պահանջել ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին, որովհետեւ Լիբանան արժանի է նոր կառավարութեան եւ հանրապետութեան նոր նախագահի:
Միւս կողմէ, Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին կալանաւորումը եւ վերաբերումը մերժելու ու մարոնի պատրիարքութեան զօրակցութիւն յայտնելու նպատակով ժողովրդային բազմութիւն մը երէկ ուղղուեցաւ Տիման:
Ռայի պատրիարքը Տիմանի պատշգամէն ողջունեց զանոնք` հաստատելով, որ պատահածը Հաժ եպիսկոպոսին վարկաբեկումը չէ, այլ` մարոնի պատրիարքութեան, եւ անձամբ` իր վարկաբեկումը: «Օրէնքին համաձայն, ոչ մէկ եպիսկոպոս, առաջնորդ կամ քահանայ կը խուզարկուի, կը կալանաւորուի կամ հարցաքննութեան կ՛ենթարկուի, առանց պատրիարքին արտօնութեան», հաստատեց ան:
Ռայի պատրիարքը պահանջեց Մուսա Հաժ եպիսկոպոսէն գրաւուած անձնական փաստաթուղթերը, գումարներն ու դեղորայքը վերադարձնել: