ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2500 վարակուածներ եւ մահացած է երեք պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.850 լ. ոսկի:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ հետեւեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանի հարցին` նկատի ունենալով օրական դրութեամբ հոն արձանագրուող հրդեհները: Միքաթի ընդգծեց, որ շտեմարանին մէջ գտնուող ցորենի մնացորդացը, որ 3000 թոն կը կշռէ, սկսած է այրիլ` բնական պայմաններու մէջ ջերմաստիճանի բարձրանալուն պատճառով: Ան աւելցուց, որ անկէ բխած կազերը առողջութեան չեն վնասեր:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ յառաջիկայ 72 ժամերը վճռորոշ են պետական պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերուն գծով աւետումներ կատարելու:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ խստիւ դատապարտեց Իրաքի գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնը` Թուրքիոյ կողմէ իրաքեան Տահուք շրջանին մէջ զբօսաշրջական համալիրի մը ռմբակոծումին առումով: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Իրաքին, ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներու ընտանիքներուն եւ ապաքինում` վիրաւորներուն:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան պաշտօնեաները երկուշաբթի, 25 յուլիս 2022-ին պիտի միանան բաց գործադուլին: Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան նախարարութիւնը հրապարակեց պաքալորէայի քննութիւններուն արդիւնքները` չորս բաժանումներու աշակերտութեան համար:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 2000 լ. ոսկիով, մազութը` 4000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 609.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 621.000 լ. ոսկի, մազութը` 663.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 317.000 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Ապտել Քերիմ Ռաքայպին, որուն հետ քննարկեց Ալճերիոյ կողմէ Լիբանանին նաւ եւ կազ տրամադրելու կարելիութիւնները` բարելաւելու համար Լիբանանի ելեկտրական հոսանքի ծառայութիւնը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ Ազգային լրատու գործակալութիւնը Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով բաց գործադուլի կը դիմէ: Մքերի նշեց, որ հակառակ այդ լեղի որոշումին, ինք կը հաստատէ, որ պաշտօնեաներուն պահանջները իրաւացի են:
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի Ազգային լրատու գործակալութեան յայտարարած բաց գործադուլին: Նշենք, որ Ազգային լրատու գործակալութիւնը երէկ սկսաւ իր գործադուլին` հաստատելով, որ նուազագոյնը անգամուան մը համար իր լռութիւնը աւելի խօսուն կ՛ըլլայ, քան` իր ձայնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տուէյհի հաստատեց, որ Լիբանանեան համալսարանը փլուզումէ փրկելը առաջնահերթութեան առաջնահերթութիւնն է` աւելցնելով, որ Լիբանանեան համալսարանին փլուզումը 80 հազար ուսանողի հաշուոյն գործուած ոճիր է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուատտահ Սատեք հաստատեց, որ իրենք որոշած են քաղաքական իրենց տարակարծութիւնները մէկդի դնել եւ իբրեւ Պէյրութի երեսփոխաններ քննել մայրաքաղաքին կարիքները:
ՄԻՒՖԹԻ շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց, որ Իսրայէլին հետ պէտք է վարուիլ իբրեւ թշնամի երկիր` աւելցնելով, որ այս տարազը շրջելը համազօր է ազգային աղէտի:
ԱՆՁՆԱԿԱՆ հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն հաստատեց, որ երկրին մէջ տիրող կացութիւնը վատէն դէպի վատագոյնը կ՛ուղղուի` աւելցնելով, որ առողջապահական մարզը վերականգնելու իմաստով այլեւս ոչ մէկ առիթ գոյութիւն ունի:


