Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 1, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 410 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 33.300 լ. ոսկի է:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէականի բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ իրանեան-սէուտական խորհրդակցութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը չորեքշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Սեսին հրապարակին վրայ պիտի նշէ հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի նահատակութեան 40-ամեակը:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ ձերբակալած է յանցագործ մը, որ ինքզինք ձեւացուցած է իբրեւ ապահովութեան մարզի սպայ կամ անձնաւորութեան մը թիկնապահը, եւ այդպիսով կրցած է խաբել մարդոց եւ 320 հազար տոլարի գումար մը գողնալ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ Լիբանան կա՛մ պէտք է վերջ տայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր բանակցութիւններուն, կա՛մ ալ պէտք է դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն ճշմարտութիւնը յայտնէ:

ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քըսսայֆի այցելեց Նաքուրա, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոյի հետ: Քըսսայֆի բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը` հաստատելով, որ անոնց ներկայութիւնը կը նշանակէ, որ անոնք Լիբանանի սրտին մէջ են, ինչպէս որ Լիբանան ամբողջ աշխարհին սրտին մէջ է` հակառակ իր աղէտալի վիճակին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, հարցազրոյցի մը ընթացքին երբ կը պատասխանէր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը Պաապտա հասցնելու մասին հարցումի մը, ըսաւ.  «Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար «Մարտահրաւէրի թեկնածու»-ն պիտի չյաջողի»: Ան կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւնները զուտ լիբանանեան գործընթացի վերածելու:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը Սայֆիի մէջ ընդունեց Վերանորոգում պլոքի անդամ երեսփոխաններ Միշել Մուաուատը, Ֆուատ Մախզումին, Աշրաֆ Ռիֆին եւ Ատիպ Ապտել Մեսիհը: Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են գործակցելու գերիշխան եւ բարեկարգչական որեւէ կողմի հետ, որպէսզի Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը անկիւնադարձային ըլլայ: Իր կարգին, Մուաուատ անհրաժեշտ նկատեց ուղեգիծի մը մշակումը` հանրապետութեան փրկարար նախագահ մը ընտրելու համար:

 

 

Նախորդը

Ազգային Ազատագրական Պայքարի Տրամաբանութիւնն ու «Դիմադրութիւն» Շարժումը

Յաջորդը

Մորիս Սլիմ Շարաֆէտտինի Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.