Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի Պուխարիի Հետ Քննարկեց Արաբական Երկիրներուն Ապահովութեան Վերաբերող Հարցեր

August 31, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս արաբական երկիրներուն ապահովութեան վերաբերող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանի մէջ միայն մէկ համայնքի նեցուկ կանգնելով եւ օժանդակելով չէ սահմանափակուած` աւելցնելով, որ Լիբանան իր որդեգրած բոլոր քաղաքականութիւններն ու յանձնառութիւնները պէտք է աշխատանքով փաստէ եւ ո՛չ միայն խօսքերով:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդը միշտ կը զօրակցի Լիբանանին` աւելցնելով, որ այնքան ատեն որ Սէուտական Արաբիա լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, ապա Լիբանան իր կարգին լաւ վիճակի մէջ է:

«Մենք յանձնառու կը մնանք արաբական հասարակութիւններուն ապահովութեան եւ կը ձգտինք արաբական միացեալ ապահովութեան պատկերացում մը ունենալու քայլին», շեշտեց ան:

Իր կարգին, Պուխարի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ դէմ դնելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութեան սպառնացող բոլոր սպառնալիքներուն:

Պուխարի շեշտեց, որ Լիբանանէն Սէուտական Արաբիոյ դէմ հնչող վտանգաւոր բոլոր կոչերը կ՛ընդգծենք` հաստատելով, որ անոնք կը հակադրուին միջազգային օրէնքին եւ ուխտերուն:

Պուխարի կոչ ուղղեց Լիբանանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները վերածելու շօշափելի քայլերու, որպէսզի կարելի ըլլայ արգիլել շրջանին ապահովութեան եւ սէուտցի քաղաքացիներուն անվտանգութեան սպառնացող քաղաքական շարժումները:

Պուխարի բարձր գնահատեց լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն անմիջական քայլերը, որոնք առնուեցան, երբ ընդդիմադիր սէուտցի քաղաքացի Ալի Հաշեմ հրապարակեց սպառնական տեսանիւթ մը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն ձերբակալելու Ալի Հաշեմը եւ զայն յանձնելու սէուտական իշխանութիւններուն` նկատի ունենալով, որ ան Ռիատի կողմէ պահանջուած է:

Պուխարի անդրադարձաւ նաեւ թմրեցուցիչի մաքսանենգումի թղթածրարին եւ ցաւ յայտնեց, որ 2008-էն ի վեր Սէուտական Արաբիա գրաւած է լիբանանցի մաքսանենգներու կողմէ փոխադրուած 700 միլիոն «Քեփթակոն»-ի դեղահատ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր քիլոկրամներով հաշիշ:

«Միւս կողմէ, կը գնահատենք լիբանանեան իշխանութիւններուն, յատկապէս ապահովական կառոյցներուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` արգիլելու համար թմրեցուցիչի մաքսանենգումը», ըսաւ Պուխարի` կոչ ուղղելով լիբանանեան իշխանութիւններուն աւելի եւս ամրապնդելու թմրեցուցիչի մաքսանենգումին դէմ համագործակցութեան գործիքակազմերը:

 

Նախորդը

Հիկընզ. «Մտահոգ Ենք Լիբանանի Մէջ Արձանագրուած Երիտասարդներու Անգործութեան Համեմատութեամբ, Որ Հասած Է 70 Առ Հարիւրի»

Յաջորդը

Միքաթի Նախագահեց Արեւմտեան Պեքաայի Եւ Ռաշայայի Մէջ Ելեկտրականութեան Կացութեան Վերաբերող Նիստի Մը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.