«Բարձունքներու արշալոյս»-ը գործողութեան հնգամեակին առիթով լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը, ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ իրենք կը խոնարհին ահաբեկչութեան դէմ քաջաբար կռուած, անոր յաղթած եւ զայն Լիբանանէն դուրս շպրտած նահատակ բանակայիններու յիշատակին:
Բանակի հրամանատարութիւնը ողջունեց նաեւ այն բանակայինները, որոնք երդուած են շարունակելու պայքարը, իր բոլոր ձեւերով, ինչպէս նաեւ դիմադրելու ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային բոլոր մարտահրաւէրներուն` պատիւով, զոհողութեամբ եւ հաւատարմութեամբ:
Միւս կողմէ, ելեւմտական եւ ապրուստի տագնապներուն պարտադրած ճնշումներուն զուգահեռ` շրջանառութեան մէջ են այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ երկիրը կը գտնուի ապահովական վտանգներու սեմին` նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ ձերբակալուեցան ՏԱՀԵՇ-ի բջիջներ, որոնք լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ սկսած էին շարժումներու:
Այլ գետնի վրայ ապահովական աղբիւրներ հաստատեցին, որ ապահովական կացութիւնը գերզգայուն է` աւելցնելով, որ իրենց ճիգերը կը կեդրոնանան այդ կացութիւնը ամրապնդելու վրայ, ինչպէս նաեւ արգիլելու, որ ահաբեկչական քնացած բջիջները երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապալի իրավիճակը օգտագործեն եւ կացութիւնը աւելի եւս խանգարեն:
Քաղաքական իմաստով տեղեկութիւններ տարածուեցան, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մօտիկ ապագային խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ օրէնսդրական նիստի մը` վաւերացնելու համար կարգ մը կարեւոր թղթածրարներ, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են Լիբանանէն պահանջուած բարեկարգումներուն, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին նախապայմաններուն` երկկողմանի գործակցութեան համաձայնագիր ստորագրելու նախօրեակին:
Այս շրջագիծին մէջ սակայն, կայ յստակ արգելք մը, որ կը խոչընդոտէ խորհրդարանական աշխատանքը. այդ արգելքն է կառավարութեան կողմէ մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը վերջնական կերպով չճշդելու հարցը, ինչպէս նաեւ տոլարի սակը միաւորելու իմաստով անկարողութիւնը, որ իր կարգին պատճառ կը դառնայ 2022-ի պետական ամավարկի վաւերացման արգելակումին: