Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստը Քննարկեց «Քեփիթըլ Քոնթրոլ»-ի Օրինագիծը

August 31, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ նախագահեց խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով կայացած այս նիստին մասնակցեցան ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորման խորհրդարանական յանձնախումբերը:

Նիստէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծին մասին բազմաթիւ տեսակէտներ կան` աւելցնելով, որ ինք առաջարկած է կազմել մասնագէտներու յանձնախումբ մը, որպէսզի օրինագիծին վերաբերող այդ տեսակէտները նկատի ունենայ:

Պու Սաապ ընդգծեց, որ ինք դրամատուներու «կուսակցութեան» մաս չի կազմեր, այլ` հակամէտ է դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն զօրակցելու: «Ոչ մէկ դրամատան հետ շահեր ունիմ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծին մասին պատրաստած է ամփոփում մը, որ կը վերաբերի օրինագիծի թեքնիք բաժինին: «Ճիշդ չեն այն տեղեկութիւնները, թէ մենք «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծէն բացի այլընտրանքային ծրագիր մը կը ներկայացնենք», հաստատեց ան:

Պու Սաապ ընդգծեց, որ երեսփոխանները նիստին ընթացքին համախոհութիւն գոյացուցած են գտնելու լուծում մը, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները, ինչպէս նաեւ դրամատուները պահպանելու առաջնահերթութիւն կու տայ: «Կ՛ողջունեմ բոլոր այն երեսփոխանները, որոնք պատասխանատուութեամբ կը վարուին այս թղթածրարին հետ` հիմք ունենալով դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողները», շեշտեց ան:

Պու Սաապ նշեց, որ իբրեւ խորհրդարան իրաւասութիւն չունին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէէն պահանջել, որ ներկայ գտնուի նիստին: «Այսօր խորհրդարանին մէջ կատարուածը դժուար աշխատանք մըն է, որովհետեւ կարելի չէ արտօնել, որ դրամատուները սնանկանան, իսկ տնտեսական ապաքինման ծրագիրը կարիքը ունի զուգահեռ այլ օրէնքներու», յայտնեց ան:

Նախորդը

Այցելութիւն Բանակի Հրամանատարին

Յաջորդը

Պաքուն Կը Պնդէ, Որ 44-Օրեայ Պատերազմէն Ետք Երեւանին 1713 Հայ Զինուորի Դիակ Յանձնած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.