Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Նախագահեց Արեւմտեան Պեքաայի Եւ Ռաշայայի Մէջ Ելեկտրականութեան Կացութեան Վերաբերող Նիստի Մը

Օգոստոս 31, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Արեւմտեան Պեքաայի եւ Ռաշայայի մէջ ելեկտրականութեան կացութեան վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան շրջանի երեսփոխաններ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Շարպել Մարուն, Ղասսան Սքաֆ, Եասին Եասին, Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեք, ինչպէս նաեւ Լիթանիի ջուրի հարցերու ընդհանուր տնօրէն Սամի Ալաուիէ:

Նիստէն ետք Եասին յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է Ժըպ Ժըննինի կայանին յաւելեալ 8 մեկաուաթ ելեկտրականութիւն տրամադրել, սակայն ի յայտ եկած է, թէ գործնական իմաստով կարելի պիտի չըլլայ այդ քայլը:

Եասին աւելցուց, որ համաձայնութիւն գոյացած է Արեւմտեան Պեքաային յաւելեալ ելեկտրական հոսանք տրամադրել, «հետեւաբար այս ձեւով օրական մէկ ժամ ելեկտրականութիւնը պիտի բարձրանայ 3-5 ժամ ելեկտրականութեան», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իր յարաբերութիւնը լաւ է, եւ անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` իր նշանակումէն ի վեր, աւելցուց, որ մայիս ամսուան ընթացքին եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ստեղծած իրարանցումին մէջ, յաջորդ կառավարութեան մասին նախագահ Աունի հարցումին փութացած է պատասխանելով, որ ընտրութիւններէն ետք ինք նոր կառավարութիւն մը չի նախատեսեր, որովհետեւ ոչ ոք պիտի փափաքի հանրապետութեան նախագահը գոհացնող կառավարութիւն մը կազմել` շարունակելու անոր իշխանութեան երթը:

Անդրադառնալով նախագահ Աունի մօտիկներուն կողմէ իր մասին կատարուած այն յայտարարութիւններուն, թէ ինք պատրաստ չէ կառավարութիւն մը կազմելու, վարչապետը շեշտեց, որ եթէ ինք չփափաքէր կառավարութիւն մը կազմել, ապա կառավարութեան կազմի նոր պատկերացում մը անմիջապէս չէր ներկայացներ նախագահ Աունի:

«Ուշադրութիւն չդարձուցի նախագահական պալատին քայլերուն կառավարութեան կազմի պատկերացումը սպրդեցնելու եւ ապա նախագահին հետ հանդիպելու ժամադրութիւն չճշդելու մասին, եւ ուղղուեցայ Պաապտա ու հանդիպեցայ հանրապետութեան նախագահին հետ: Այդ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն պահանջեց կառավարութեան անդամներուն թիւը բարձրացնել 30-ի` վեց պետական նախարարներ աւելցնելով նոյն կազմին վրայ, սակայն այդ առաջարկը չխանդավառեց զիս` նկատի ունենալով անոր ստեղծելիք տաղտուկը նոր նախարարներու անուանումին իմաստով: Հետեւաբար մերժեցի այդ առաջարկը, եւ ներկայիս կը խորհրդակցինք երկու նախարարներու փոփոխութեան շուրջ», ըսաւ Միքաթի:

Վարչապետը ընդգծեց, որ ինք հարց չունի, որ նախագահ Աուն ինք նշանակէ տուեալ երկու նախարարները` նկատի ունենալով, որ անոնք մաս կը կազմեն իր բաժինին, «բայց եւ այնպէս նախագահ Աուն կարիքը ունի Աքքարի սիւննի համայնքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթի հաւանութեան, որպէսզի կառավարութիւնը խորհրդարանին վստահութեան քուէն ստանայ», շեշտեց ան:

Միքաթի ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի եւ Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար:

Անդրադառնալով իրանեան նաւթի նուիրատուութեան` Միքաթի շեշտեց, որ ինք ողջունելի կը գտնէ այդ առաջարկը` աւելցնելով, որ կայ թեքնիք յանձնախումբ մը, որ կ՛ուսումնասիրէ այդ նաւթին յատկանիշները, որոնք համապատասխան չափանիշները ամբողջացնելու պարագային ընդունելի պիտի ըլլան:

Ծովային սահմանագծումի թղթածրարին մասին հարցումներուն պատասխանելով` Միքաթի յայտնեց, որ սահմանագծումը պիտի կատարուի, եւ այս իմաստով բանակցութիւններուն ընթացքին արձանագրուած պահանջները բնական են:

Միքաթի հաստատեց, որ իրեն համար երկրին փրկութիւնն ու կառավարութեան կազմութիւնը առաջնահերթութիւններ են, «իսկ բանավէճն ու կռիւը ունի իր երկրպագուները: Թող ըսեն այն, ինչ որ կը փափաքին ըսել, սակայն ճշմարտութիւններն ու սահմանադրութիւնը յստակ են», եզրափակեց Միքաթի:

 

 

Նախորդը

Մաուլաուի Պուխարիի Հետ Քննարկեց Արաբական Երկիրներուն Ապահովութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Բանակը Կը Շնորհաւորէ Իր Զինուորները, Երկիրը Կը Գտնուի Ապահովական Վտանգներու Սեմին, Իսկ Պետական Ամավարկի Ճակատագիրը Անորոշ Է

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?