Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ողջունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու որոշումը:
Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ այս քայլը կը հաստատէ միջազգային ընտանիքին վճռականութիւնը` հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը առկայ է, յատկապէս` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը, իր բոլոր ծալքերով, մասնաւորապէս Իսրայէլի գործած ցամաքային, ծովային եւ օդային բռնարարքներուն կասեցումը գործադրելու իմաստով:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հարաւային Լիբանանի խաղաղութիւնը պաշտպանելու համար եւ վերահաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային որոշումներու գործադրութեան:
Նշենք, որ նախանցեալ օր նախագահ Աուն ստորագրեց թիւ 10016 հրամանագիրը, որուն շրջագիծին մէջ ան խորհրդարանին վերադարձուց դրամատնային գաղտնիութեան օրէնքը, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկուի:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց խորհրդարանին, որ օրէնքը վաւերացնելէ ետք, վաւերացնէ նաեւ 2022-ի պետական ամավարկը:
Նախագահ Աուն ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրած արդիւնքները:
Նասսար նախագահ Աունին ներկայացուց ամրան եղանակին զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրած արդիւնքները, որոնց շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ աւելի քան մէկուկէս միլիոն մարդ այցելած է Լիբանան, իսկ տնտեսագէտներուն կողմէ կատարուած վիճակագրութիւններուն համաձայն, տնտեսական մարզին մէջ արձանագրուած է 4,5 միլիառ տոլարի շահ մը:
Նասսար հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց նաեւ յառաջիկայ աշնան եւ ձմրան ընթացքին Լիբանանի մէջ գործադրուելիք զբօսաշրջութեան նախարարութեան ծրագիրները` կեդրոնանալով դահուկարշաւի կեդրոնները պատրաստելու աշխատանքին վրայ:
Նասսար կարեւոր նկատեց զբօսաշրջական հաստատութիւններուն, մասնաւորապէս` պանդոկներուն եւ հիւրատուներուն աշխատանքը: Նասսար նշեց, որ Պէյրութի մէջ վնասուած եւ քանդուած հինգ աստղանի պանդոկներուն բացը գոցեցին Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող հիւրատուները, որոնք աշխուժ գործունէութիւն ծաւալեցին:
Ան աւելցուց, որ մօտիկ ապագային պիտի ստեղծուի հիւրատուներու սենտիքայ մը` նկատի ունենալով, որ անոնց թիւը աւելի քան 130 է:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին եւ անոնց տունդարձին վերաբերեալ նախարարութեան կատարած հաղորդակցութիւններուն մասին մանրամասնութիւններ:


