ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ նախագահեց գաղթականներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի ժողովին, որուն ներկայ գտնուեցան յանձնախումբի զեկուցաբեր Հիւսէյն Ժաշի եւ անդամներ Էտկար Թրապուլսի, Սայիտ Ասմար, Քամիլ Շամուն, Մարք Տաու եւ Հատի Ապուլ Հըսըն:
Ժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ գաղթականներուն հարցը, որ երկար ժամանակէ ի վեր կայ եւ որ կը նմանի վէրքի մը, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն տարիներ ետք կը շարունակէ արիւնիլ:
Ժողովին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ ջանքերը մէկտեղելու եւ արագ աշխատանքի լծուելու` վերջնականապէս փակելու համար այս թղթածրարը:
Հաստատուեցաւ նաեւ, որ յանձնախումբը մօտիկ ապագային պիտի գումարէ իրերայաջորդ հանդիպումներ` գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնատարին, նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնին, ինչպէս նաեւ Գաղթականներու հատուցման կեդրոնական սնտուկի նախագահին հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին յանձնախումբի անդամները պիտի իմանան անոնց տեսակէտները, մօտեցումներն ու պատկերացումները` անլոյծ մնացած բոլոր հարցերուն մասին, որպէսզի կարենան ճշդել այն քայլերը, որոնց որդեգրումով կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել գաղթականներու թղթածրարը վերջնականապէս փակելու նպատակը:


