Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Եւ Քըրըմ Քննարկեցին Հաղորդակցութեան Մարզին Պարզած Իրավիճակը

September 2, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմը, որուն հետ քննարկեց հաղորդակցութեան մարզին իրավիճակն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Քըրըմ յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի ներկայացուցած է շարք մը առաջարկներ, որոնք պիտի քննարկուին պաշտօնեաներուն հետ, նախքան անոնց մասին յայտարարելը:

Անդրադառնալով «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան հետ իր հանդիպումին` Քըրըմ յայտնեց, որ այդ հանդիպումը եղած է մտերմիկ` աւելցնելով, որ ինք կը հասկնայ պաշտօնեաները եւ կը փորձէ անոնց հարցերուն օրինական լուծումներ ապահովել` նախարարութեան ունեցած նիւթական կարողութիւններուն համապատասխան:

Քըրըմ հաւանական նկատեց, որ երէկ յետմիջօրէին դարձեալ հանդիպում մը ունենայ «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան հետ:

Ան նշեց, որ բոլոր պաշտօնեաները գիտեն, որ հաղորդակցութեան մարզի գործադուլը կը վնասէ անոնց եւ բոլոր լիբանանցիներուն: «Այսինքն, եթէ Համրայի մէջ համացանցի ծառայութիւնը ընդհատուի, ապա Կեդրոնական դրամատունը համացանց չ՛ունենար, հետեւաբար «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան ամսական աշխատավարձերու պատրաստութիւնը անկարելի կը դառնայ», ըսաւ ան:

«Օժերօ»-ի Պաշտօնէութիւնը Կը Հանդիպի
Ճոնի Քըրըմի Հետ

«Օժերօ»-ի պաշտօնեաներու սենտիքայի նախագահ Էլի Զէյթունի յայտնեց, որ Ճոնի Քըրըմի հետ նախանցեալ օր ունեցած իրենց հանդիպումէն ետք յայտնած են, թէ իրենք չեն, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան կեդրոններուն աշխատանքը կասեցուցած են` աւելցնելով, որ այդ կեդրոնները դադրած են բանելէ` որոշ խանգարումներու պատճառով:

Ան նշեց, որ «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան գործադուլը պիտի շարունակէ` աւելցնելով, որ նախարարի պաշտօնակատարին հետ հանդիպումէն ետք է, որ յստակ որոշում պիտի տրուի:

Նշենք, որ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Քըրըմի եւ «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան միջեւ երկար տեւած հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան «Օժերօ»-ի խորհուրդին եւ պաշտօնէութեան գործադուլին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին Քըրըմ հաստատեց, որ նախարարութեան պիւտճէին վերաբերող որեւէ փոփոխութիւն ուղղակիօրէն կապուած է խորհրդարանին եւ կառավարութեան, «հետեւաբար նախարարը առանձինն ոչ մէկ լիազօրութիւն ունի այս գծով», ըսաւ ան:

Քըրըմ յայտնեց, որ պէտք է ըլլան գիծեր, զորս կարելի չէ շրջանցել, երբ հարցը կը վերաբերի այս լիազօրութիւններուն:

Հանդիպումին ընթացքին կարելի եղաւ յանգիլ նախնական արդիւնքի մը, որուն հիման վրայ հաղորդակցութեան ցանցը պիտի չանջատուի «Օժերօ»-ի հիմնական կեդրոններէն:

Պէյրութի Եւ Տարբեր Շրջաններու Մէջ
«
Թերանեթ»-ի Ծառայութիւնը Կանգ Առած Է

«Թերանեթ» համացանցի ընկերութիւնը երէկ յայտնեց, որ Պէյրութի եւ տարբեր շրջաններու մէջ «Օժերօ»-ի հետեւողութեամբ կատարուող իր ծառայութիւնը կանգ առած է:

«Թերանեթ» ընկերութիւնը յստակացուց, որ ծառայութեան կանգ առնելու պատճառը հեռաձայնային հաղորդակցութեան կեդրոններուն մէջ արձանագրուած խանգարումներն են, որոնք արձանագրուեցան «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան յայտարարած գործադուլին զուգահեռ:

«Թերանեթ» համացանցի ընկերութիւնը հաստատեց, որ մնայուն կապի մէջ է հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան, ինչպէս նաեւ «Օժերօ»-ի խորհուրդին հետ` բարելաւելու համար ցանցերն ու կեդրոններուն ընդհանուր վիճակը, որպէսզի կարելի ըլլայ համացանցի ծառայութիւնը վերականգնել իր բաժանորդներուն:

«Թերանեթ»-ի ընկերութիւնը ներում հայցեց իր բաժանորդներէն` արձանագրուած խանգարումներուն եւ համացանցի ծառայութեան չգոյութեան համար:

Նախորդը

Արիտայի Մէջ. Ապօրինի Կերպով Գաղթող Երիտասարդներու Նաւ Մը Ծովամոյն Դարձած Է

Յաջորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.