Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Պատերազմի Սիրահարներ Չենք, Սակայն Մեր Գերիշխանութեան Դէմ Սպառնալիքներու Պարագային Պիտի Պաշտպանենք Մեր Իրաւունքները, Որոնք Մեր Պատիւը Կը Ներկայացնեն»

September 1, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Սուրի երդման հրապարակին վրայ արտասանեց խօսք մը` իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտ կորսուելուն 44-ամեակին առիթով:

Ամալ շարժումին կազմակերպած հաւաքին, Սուրի հսկայական հրապարակը լեցուցած  ծովածաւալ բազմութեան դիմաց իր արտասանած խօսքին մէջ Պըրրի հաստատեց, որ Սուրը իմամ Մուսա Սատըրի նախասիրած քաղաքն էր` աւելցնելով, որ հակառակ անոր որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Սատըրի մասին հետաքննութիւնը դադրած է, սակայն հետաքննութեան պատասխանատու յանձնախումբը հաստատած է, որ Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտ կորսուելուն պատասխանատու են լիպիական իշխանութիւնները` աւելցնելով, որ անոնց ողջ չըլլալուն մասին տեղեկութիւններ չկային, այլ այն, թէ նախքան Լիպիոյ վարչակարգին փլուզումը, Մուսա Սատըր եւ անոր ընկերակիցները լիպիական տարբեր բանտեր կը փոխադրուէին:

Պըրրի հաստատեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի դատը Ամալ շարժումին եւ ազատ ու արժանապատիւ իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար պատուոյ դատ է:

Անդրադառնալով ծովային սահմանագծումի թղթածրարին` Պըրրի յայտնեց, որ գնդակը ներկայիս կը գտնուի ամերիկացիին դաշտը: «Պատերազմի սիրահարներ չենք, սակայն մեր գերիշխանութեան դէմ սպառնալիքներու պարագային պիտի պաշտպանենք մեր իրաւունքները, որոնք մեր պատիւը կը ներկայացնեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի սահմաններն ու գերիշխանութիւնը իրենց պատիւը կը ներկայացնեն, եւ անկարելի է այդ պատիւը սակարկութեան ենթարկել:

«Սպասելով ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի պատասխանին` մենք ամէն գնով պիտի պաշտպանենք մեր սահմաններն ու մեր իրաւունքները», շեշտեց ան:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ իրենց հետ ունեցած իր վերջին հանդիպումին ընթացքին Հոքշթայն հաստատած է, որ երկու շաբաթ ետք պիտի վերադառնայ Լիբանան, սակայն այսօր արդէն մէկ ամիս անցած է անոր մեկնումէն: «Հետեւաբար մենք հարց կու տանք, թէ ո՞ւր է Լիբանանի սպասած պատասխանը, իսկ եթէ կան իսրայէլեան հանգամանքներ, ապա ի՞նչը կ՛արգիլէ, որ «Թոթալ» եւ այլ ընկերութիւններ սկսին հորատումի աշխատանքին այն շրջաններուն մէջ, որոնք վիճելի չեն», հարց տուաւ ան:

Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւններուն մասին Պըրրի կոչ ուղղեց բոլորին չխաբուելու եւ չտարուելու ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուած տեղեկութիւններով եւ քարոզչութեամբ: «Ոչ ոք թող գրաւ դնէ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի միջեւ տարակարծութեան վրայ, որովհետեւ անոնք թշնամիին դէմ խիստ են եւ կարծր, սակայն իրարու կը խնայեն: Մենք սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները շարունակելու պատրաստ ենք, սակայն ոչ թէ անժամկէտ դրութեամբ», շեշտեց ան:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան լաւ վիճակի մէջ է եւ կը դիմագրաւէ իր պատմութեան վատագոյն եւ ամէնէն վտանգաւոր փուլը: Ան աւելցուց, որ կարելի չէ այս վտանգներուն մօտենալ քինախնդրութեամբ եւ վատագոյն մտայնութեան եղանակներով, ատելութեամբ եւ գերեզմաններ փորելու տրամադրութեամբ: «Պէտք է իրապաշտութեամբ մօտենալ այս իրավիճակին եւ ձեռնարկել տագնապներուն լուծման», ըսաւ ան` հարց տալով, թէ կարելի՞ է աշխարհին մէջ գտնել երկիր մը, որ զերօ առ հարիւր ելեկտրականութիւն կ՛արտադրէ եւ անոր պատճառաբանութիւնը կ՛ըլլայ «Մեզի թոյլ չտուին աշխատիլ» բացատրութիւնը:

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին մասին խօսելով Պըրրի յայտնեց, որ արդէն իսկ մուտք գործած ենք նախագահական ընտրութեան սահմանադրական ժամանակաշրջան: «Արտօնելի չէ սահմանադրութիւնը խախտել եւ անոր վրայ յարձակիլ` այս կամ այն թեկնածուին ձգտումներուն համար: Կարելի չէ նաեւ անձնատուր ըլլալ այն չար միտումներուն, որոնք կը ջանան երկիրը սահմանադրական դատարկութեան մատնել: Իսկ խորհրդարանին պարտականութիւնն է փրկել Լիբանանը, հետեւաբար կոչ կ՛ուղղեմ երեսփոխաններուն, որ վերածուին սահմանադրական գործընթացները իրենց բնական ժամկէտին մէջ կատարելու ձայնին», ըսաւ ան:

Պըրրի հաստատեց, որ իրենք պիտի ընտրեն այն անձնաւորութիւնը, որ կը միաւորէ լիբանանցիները եւ ոչ թէ կը բաժնէ զանոնք: «Այն անձնաւորութիւնը, որ կը միացնէ երկիրը եւ անոր երկփեղկում չի պատճառեր, այն անձնաւորութիւնը, որ կը հաւատայ ազգային սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ համոզուած է, որ Իսրայէլը սպառնալիք է Լիբանանի գոյութեան», հաստատեց Պըրրի` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ յաւելաբանել իրենց կեցուածքներուն վրայ եւ ինքզինք ներկայացնել իբրեւ աւելի գերիշխան կողմ:

 

 

Նախորդը

Յ. Բագրատունի Նախագահեց Գաղթականներու Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբի Ժողովին

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Վարչապետին Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Թղթածրարը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.