ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 394 վարակուածներ եւ մահացած է 4 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 34.000 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 17.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 18.000 լ. ոսկիով, մազութը` 31.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 14.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 601.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 615.000 լ. ոսկի, մազութը` 751.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը 331.000 լ. ոսկի:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան երէկ ընդունեց Պէյրութի առեւտուրի, երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրը, որուն հետ քննարկեց Իրաքէն եւ դէպի Իրաք արտադրութիւններու ներածումին եւ արտածումին վերաբերող հարցերն ու այդ գործառնութիւնները դիւրացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի լիբանանեան արտադրութիւնները աւելնան եւ լիբանանցի երկրագործը շարունակէ իր աշխատանքը` երկրին դիմագրաւած այս սուր տագնապին ընթացքին:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին յայտնեց, որ միջազգային կազմակերպութիւններ եւ գաղթականներու հարցերով զբաղող միջազգային խորհուրդներ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի վրայ ճնշում կը բանեցնեն` խոչընդոտելու համար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ յայտարարեց, որ սուրիացի տեղահանուածները, որոնք կը փափաքին կամովին տունդարձ կատարել, իրենց դիմումները պէտք է ներկայացնեն Լիբանանի տարածքին գործող Ընդհանուր ապահովութեան կեդրոններուն, սկսեալ երկուշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2022-էն, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:


