Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն խորհուրդը երէկ որոշեց բարձրացնել ելեկտրական հոսանքին սակը` որդեգրելով հետեւեալ ձեւը.
– Ելեկտրականութեան սակը 10 սենթով կը բարձրանայ` մինչեւ 100 քիլօ ուաթ:
– Ելեկտրականութեան սակը 27 սենթով կը բարձրանայ` 100 քիլօ ուաթէն յաւելեալ գործածութեան պարագային:
Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը իր տուած այս որոշումը փոխանցեց ելեւմուտքի նախարարութեան: