ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 178 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.900 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 6000 լ. ոսկիով, մազութը` 8000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 3000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 685.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 701.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 835.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 390.000 լ. ոսկի:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Քուէյթի Ա. փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար շէյխ Թալալ Խալետ Ահմետ Սապահէն: Քննարկուեցան դէպի Ծոցի երկիրներ թմրեցուցիչ մաքսանենգելու գործողութիւններն ու զանոնք զսպելու առումով գործակցելու անհրաժեշտութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցով մթնոլորտը դրական է: Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը պիտի կազմուի մինչեւ սեպտեմբերի աւարտ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ պետական ամավարկը օրինակելի չէ, սակայն անոր չգոյութիւնը շատ աւելի վատ է: Հաշեմ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով խորհրդակցութիւնները սկսած են:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին յայտնեց, որ իրեն համար կարեւոր է, որ զինք փոխարինող նախարարը ամէն ջանք ի գործ դնէ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը իրականացնելու հարցով: Շարաֆէտտին ընդգծեց, որ ինք Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը զգուշացուցած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի թակարդներուն մէջ իյնալէ: Ան շեշտեց, որ Միքաթի կ՛ենթարկուի արտաքին ճնշումներուն եւ կը փափաքի կասեցնել սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Թրիփոլի դրական ու շօշափելի կերպով ազդուած է քաղաքին մէջ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած գործնական քայլերէն:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի կոչ ուղղեց մշակելու պետական ամավարկ մը, որ տնտեսական եւ ելեւմտական իսկական բարեկարգումներու վրայ հիմնուած է եւ կը հետապնդէ երկիրը ոտքի կանգնեցնելու նպատակը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ եթէ ամավարկը նոր թիւեր չներառէ, ապա 26 սեպտեմբերի խորհրդարանի նիստին քննարկում պիտի չկատարուի այդ ուղղութեամբ: Միւս կողմէ, ան աւելցուց, որ կարգ մը տուեալներ ցոյց կու տան, որ նոր կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով ճիգերը պիտի աշխուժանան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Նիւ Եորքէն Պէյրութ վերադառնալէն ետք:


