Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընկերային ցանցերուն վրայ զետեղած իր գրառումին ընդմէջէն յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ բացայայտուած ու գրաւուած է Քեփթակոնի մէկ միլիոն դեղահատ, որոնք տեղաւորուած էին խաղողի փոխադրութեան սնտուկներու մէջ:
Մաուլաուի շեշտեց, որ այդ սնտուկները նախ Պէյրութի նաւահանգիստէն պիտի փոխադրուէին Սուտան, ապա` Քուէյթ:
Մաուլաուի իր խօսքը ուղղելով «մահուան առեւտրական»-ներուն շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերն ու կառոյցները պիտի շարունակեն հետապնդել զանոնք:
Միւս կողմէ, Մաուլաուի անդրադարձաւ դրամատուներու դէմ զինեալ ներխուժումներու միջադէպերուն` շեշտելով, որ ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնն է պաշտպանել անվտանգութիւնը, կարգն ու կանոնը, եւ ոչ թէ կողմնակալութիւն կատարել:
«Լիբանան չի կրնար ապահովական կայունութեան խախտում հանդուրժել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու հարցերուն լուծումը խորհրդարանին մէջ կը գտնուի եւ ոչ թէ ներքին գործոց նախարարութեան մօտ:
«Մենք եւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողները մէկ խրամատի մէջ կը գտնուինք, եւ կան կողմեր, որոնք կը հրահրեն դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիները` իրարանցում ստեղծելու, իսկ մենք պիտի խստացնենք երկրին մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները», աւելցուց ան:


