Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումին Վերաբերող Հարցեր

September 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի թղթածրարը:

Նախագահ Աուն նշեց, որ սահմանագծումի բանակցութիւնները կը գտնուին իրենց վերջին փուլին մէջ, եւ կը կատարուին այնպիսի ձեւով, որ անոնք ապահովեն կազի եւ նաւթի հորատում կատարելու Լիբանանի իրաւունքները` Լիբանանին յատուկ տնտեսական շրջանին մէջ:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ սահմանագծումի մանրամասնութիւններուն մասին բանակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի հետ:

Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող հանքերուն հորատումին եւ նաւթի ու կազի արտահանումին շնորհիւ բարելաւուի Լիբանանի տնտեսութիւնը, որ նախորդ տարիներուն ընթացքին մեծ վատթարացում արձանագրած է: Ան մաղթեց նաեւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուի:

Նախագահ Աուն վերահաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը միջազգային որոշումներուն, յատկապէս` թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան իմաստով:

Ան շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` երաշխաւորելու համար հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանի կայունութիւնը ապահովելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պարտականութիւնը:

Ան հաստատեց, որ պէտք է յարմար մթնոլորտ ապահովել` հարաւային Լիբանանի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ որեւէ բախում արգիլելու համար:

Վրոնեցքա անդրադարձաւ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել որոշած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրուելիք օժանդակութեան:

Վրոնեցքա ընդգծեց կառավարութեան կազմութիւնն ու նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախագահական պալատը կը հերքէ երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆի կատարած յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի նախագահ Աունի կողմէ կատարուած միջամտութեան` արգիլելու համար Պետական շուրայի որոշումները, որոնք կը վերաբերէին Կեդրոնական դրամատան հրապարակած կարգ մը հրամանագիրները օրինազանցութիւն նկատելուն:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Խալաֆի յայտարարութիւնը անճիշդ է, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահը նման հարցերու միջամուխ չի դառնար, ինչպէս նաեւ իրաւասութիւն չունի Կեդրոնական դրամատան հրամանագիրներուն համաձայն ըլլալու կամ զանոնք մերժելու:

Նախորդը

Պըրրի Ռամիրեզի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Խորհրդակցութիւնները

Յաջորդը

«Միջշրջանային Համագործակցութիւնը Ռուս Հայկական Յարաբերութիւններու Կարեւոր Բաղադրիչն Է» Կ՛ըսէ Փութին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.