Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 23, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.900 լ. ոսկի է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակն ու քաղաքական զարգացումները:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ նախարարութեան մէջ փլուզումը կասեցուցած են` աւելցնելով, որ ինք յայտարարած է ծրագիրի մը մասին, որուն շուրջ բոլոր պաշտօնեաները պէտք է համախմբուին` անոր յաջողութեան համար:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 29.000 լ. ոսկիով, մազութը` 44.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 13.000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 682.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 698.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 833.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 388.000 լ. ոսկի:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ մօտիկ ապագային ցորենի եւ ալիւրի տագնապ պիտի արձանագրուի: Ան ընդգծեց, որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին Լիբանան վարկ պիտի ստանայ Միջազգային դրամական ֆոնտէն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կուսակցութիւնը, նախագահութեամբ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, գումարեց իր կազմակերպական նիստը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ 31 հոկտեմբեր 2022-ին ուղղուիլ նախագահական պալատ եւ ժողովրդային բազմամարդ հաւաքով մը ապահովել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մեկնումը` նախագահական պալատէն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի հաստատեց, որ իրենց բնական նախագահական թեկնածուն երեսփոխան Ժըպրան Պասիլն է, եւ եթէ համախմբումը որոշէ զօրակցիլ անոր թեկնածութեան, ապա ինք պիտի քուէարկէ ի նպաստ Պասիլի: Միւս կողմէ, սակայն, Պուսթանի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն հանրապետութեան նախագահութեան լաւագոյն թեկնածուն է` ապահովական անհրաժեշտութեան իմաստով: Ան ընդգծեց նաեւ, որ զօր. Ժոզեֆ Աունի նահագահ ընտրութեան հաւանականութիւնը մեծ է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ Լիբանանի համար ապահովուելիք նիւթական մուտքերը տուրքերու ընդմէջէն աւելցնելու պարագային գումարները դարձեալ պիտի մսխուին, ինչպէս էր կացութիւնը նախապէս:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպն ու Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

6 Զաւարեանականներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն

Յաջորդը

Դրամատուները Կը Շարունակեն Մնալ Փակ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.