Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ այցելեց Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ միջազգային հարցերը, որոնք կը փոթորկեցնեն Լիբանանը, յատկապէս` տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն պարագային:
Կրիօ այցելեց նաեւ երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական եւ տնտեսական խոր տագնապը, ինչպէս նաեւ այդ տագնապէն դուրս գալու առկայ միջոցներն ու Ֆրանսայի ունենալիք դերակատարութիւնը` փրկելու համար Լիբանանը` իր դիմագրաւած այս տագնապէն, ինչպէս նաեւ գործադրելու իրմէ պահանջուած բարեկարգումները:
Պըզրի հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքն ու Լիբանանի բարեկամները, յատկապէս` Ֆրանսան, պէտք է զօրակցին լիբանանցիներու ջանքերուն եւ օժանդակեն անոնց, որպէսզի անոնք կարենան շրջանցել իրենց դիմագրաւած տագնապը:
Կրիօ այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Պահիա Հարիրիի:
Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութեան կարելիութիւնները, լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը կրթական, ընկերային եւ բարգաւաճման հարցեր, որոնք միացեալ կը նկատուին Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ:


