Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեկարգչական Երեսփոխանները Այցելեցին Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան

Սեպտեմբեր 19, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարեկարգչական երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը շաբաթավերջին այցելեց Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ կուսակցութեան երեսփոխաններուն հետ:

Երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ երեսփոխան Ուատտահ Սատեք, որ յայտնեց, թէ հանդիպումին քննարկուած է զուտ լիբանանեան հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու կարելիութիւնը` հիմնուելով իրենց պատրաստած նախագահական փրկութեան նախաձեռնութեան վրայ:

Սատեք յայտնեց, որ ներկաները համաձայն էին նախաձեռնութեան կէտերուն եւ հաստատեցին, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է կատարուի նուազագոյնը 86 երեսփոխաններու համախոհութեամբ: Ան նշեց, որ բարեկարգչական երեսփոխանները պիտի սկսին արժեւորելու քաղաքական ուժերուն հետ իրենց կատարած հանդիպումներուն արդիւնքները` աւելցնելով, որ անոնք բոլոր պլոքներուն հետ հանդիպումներու երկրորդ փուլ մը պիտի կատարեն` սկսելով Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական համախմբումէն:

Սատեք հաստատեց, որ իրենց նախաձեռնութիւնը յստակ է, եւ բոլոր պլոքները դրական մօտեցում ցուցաբերած են այդ նախաձեռնութեան նկատմամբ: «Մենք համաձայն պիտի չըլլանք նախագահական այնպիսի թեկնածուի մը, որ խորհրդարանին երկու երրորդին հաւանութիւնը չի վայելեր` ժողովրդավարական կերպով հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու համար», ընդգծեց Սատեք:

Իր կարգին, երեսփոխան Ղասսան Հասպանի նշեց, որ իրենց համար կարեւոր է ընտրել հանրապետութեան այնպիսի նախագահ մը, որ քաղաքական առանցք մը չներկայացնէ:

Ան մաղթեց, որ բարեկարգչական երեսփոխաններուն նախաձեռնութիւնը  յաջողի` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են գործակցութիւնը շարունակելու:

Նախորդը

Սուրիացի Տեղահանուածները Կամովին Տունդարձ Կատարելու Նպատակով Սկսած Են Արձանագրուիլ

Յաջորդը

«Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Սենտիքան Վերջ Տուաւ Գործադուլին

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?