Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 168 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 36.300 լ. ոսկի է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի 26 սեպտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, խորհրդարանը հրաւիրեց ցերեկային նիստի մը` աւելցնելով, որ նոյն օրը նաեւ պիտի գումարուի գիշերային նիստ մը: Այդ նիստերուն ընթացքին պիտի շարունակուին 2022-ի պետական ամավարկի քննարկումն ու վաւերացումը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ հանդիպում մը ունենալէ ետք Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ յայտնեց, որ ֆոնտէն դրական պատգամ ստացած են` աւելցնելով, որ  Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ վերջնական համաձայնութիւն պիտի չգոյանայ` առանց բարեկարգումի օրէնքներուն գործադրութեան:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 15.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 16.000 լ. ոսկիով, մազութը` 13.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 11.000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 700.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 717.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 848.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 401.000 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ ընդգծեց, որ իրենց նպատակն է ժողովուրդին կեանքը դիւրացնել եւ անոնց համար վառելանիւթը լաւագոյն սակերով ապահովել: Ֆայեատ յայտնեց, որ իրենք կը մտածեն ելեկտրոնային հարթակ մը հիմնել, որպէսզի վառելանիւթի սակերը օրական դրութեամբ յայտարարուի, «այդ պարագային նախարարութիւնը օրական նոր սակացոյց հրապարակելու պարտադրանքին տակ չ՛ըլլար», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս կոչ ուղղեց պատրաստելու պետական ոչ վերացական ամավարկ մը: Ան նշեց, որ սահմանադրական ժամկէտին ընթացքին նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով կը տիրէ զգուշաւոր լաւատեսութիւն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունը իրենց յայտնած է, թէ 2022-ի սկիզբէն ի վեր ծախսած է 30 միլիառ տոլար` աւելցնելով, որ անոնք դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն գումարներն են:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ ժողովրդային հաշուետուութիւն պահանջեց: Ան հաստատեց, որ կարելի չէ մահուան հանրապետութեան մէջ կեանքը շարունակել իբրեւ վկաներ:

 

Նախորդը

«Իրանը Շրջանի Սահմանները Փոխելու Երազանքը Մղձաւանջի Պիտի Վերածէ» Կ՛ըսէ Ժալալզատէ

Յաջորդը

Կրիօ Այցելեց Ուսամա Սաատի, Ապտել Ռահման Պըզրիի Եւ Պահիա Հարիրիի

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.