Լիբանանի մէջ գործող դրամատուներուն դէմ գործուած զինեալ ներխուժումի դէպքերուն պատճառով տակաւին արգելափակուած կը մնան երիտասարդներ Ապտել Ռահման Զաքարիա եւ Մոհամետ Ռըսթոմ, որոնք ներխուժած էին Պէյրութի «Պլոմ» դրամատունը:
Զաքարիայի եւ Ռըսթոմի հարազատներն ու բարեկամները երէկ առաւօտեան բողոքի նստացոյց մը կատարեցին Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց` պահանջելով անոնց ազատ արձակումը:
Անոնք նաեւ փորձեցին փակել Արդարութեան պալատ տանող ճամբաները, ինչպէս նաեւ փորձեցին ներխուժել Արդարութեան պալատ եւ կոտրել անոր երկաթեայ դարպասը:
Միւս կողմէ, դրամատուները երէկ փակ պահեցին իրենց դռները` գործադրելու համար Դրամատուներու միութեան կողմէ տրուած այն որոշումը, որ եռօրեայ` 19, 20 եւ 21 սեպտեմբերին, փակում պարտադրած էր դրամատուներուն:
Դրամատուներու պաշտօնէութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժորժ Հաժ յայտնեց, որ Դրամատուներու միութիւնը բոլոր դրամատուներէն պահանջած է փակել իրենց դռները, սակայն կան վարչական որոշ աշխատանքներ, որոնց համար պաշտօնէութիւնը ստիպուած է ներկայանալու դրամատուն` կատարելու համար զանոնք:
Ան նշեց, որ այդ աշխատանքները ընդհանրապէս կապուած են Կեդրոնական դրամատան հետ աշխատանքին:
Հաժ շեշտեց, որ դրամատնային մարզը կը գտնուի փլուզման սեմին` աւելցնելով, որ հինգշաբթի օր, երբ դրամատուները վերաբանան իրենց դռները, պէտք է իմանան, թէ իրենց աշխատանքը ինչպէ՛ս պիտի կազմակերպեն:
«Անցեալ ուրբաթ օրուան շարժումներուն կրկնութեան պարագային, համադաշնակցութիւնը դրամատուներուն վարչութիւններէն պիտի խնդրէ փակել իրենց դռները եւ կասեցնել աշխատանքը: Խիստ մերժելի է, որ դրամատան պաշտօնեան վարկաբեկումի ենթարկուի», շեշտեց ան:
Լիբանանցիներ Կը Փակեն Ճամբաները`
Տագնապալի Իրավիճակին Դէմ Իբրեւ Բողոք
Նշենք, որ տիրող ներկայ կացութենէն դժգոհ լիբանանցիներ Քոռնիշ Մազրաայի, Քասքասի եւ Թարիք Ժտիտէի ճամբաները փակեցին հրկիզուող անիւներով եւ աղբամաններով` բողոքելու համար Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին, սղաճին եւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին դէմ:


