«Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքայի գործադիր խորհուրդը շաբաթավերջին յայտարարեց, որ իր յայտարարած գործադուլին վերջ տուած է` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ստորագրած է զոյգ հրամանագիրներ, որոնք կը վերաբերին «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան իրաւունքներուն ապահովումին:
Խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարին, ինչպէս նաեւ «Օժերօ»-ի տնօրէն խորհուրդին եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան, որոնք ճիգ չխնայեցին լուծելու համար այս հարցը:


