Լիբանանեան

Պուխարի. «Լիբանանի Հետ Մեր  Յարաբերութիւնները  Իրենց Լաւագոյնին Պիտի Հասնին Ռիատի  Վստահութիւնը Վերականգնող  Նոր Նախագահի Ընտրութենէն Ետք»

Պուխարի. «Լիբանանի Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Իրենց Լաւագոյնին Պիտի Հասնին Ռիատի Վստահութիւնը Վերականգնող Նոր Նախագահի Ընտրութենէն Ետք»

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Պեքաայի Ազհար հաստատութեան կեդրոնատեղին, ուր դիմաւորուեցաւ Ազհարի ընդհանուր տնօրէն շէյխ Ալի Ղազզաուիի եւ երեսփոխաններ Հասան Մըրատի ու Պիլալ Հշայմիի կողմէ: Ազհարի մէջ իսլամ հոգեւորականներու հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Պուխարի հաստատեց, որ Լիբանանի հետ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւնները իրենց լաւագոյնին պիտի հասնին նոր կառավարութեան կազմութենէն, ինչպէս նաեւ Ռիատի եւ լիբանանեան թղթածրարով հետաքրքրուած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.000 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի տեղեկատուական գրասենեակը հաստատեց, որ Ֆայեատի մօտ կանեփի ձէթ եւ հաշիշ չէ գտնուած` Ալճերիոյ մաքսատան կողմէ: Ֆայեատի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը ցաւ կը յայտնէ նման տարաձայնութիւններու համար, երբ ան Ալճերիա կը գտնուի Լիբանանի կառավարական յանձնախումբին հետ եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի...

Լիբանան Մուտք Գործեց Նախագահական  Դատարկութեան Փուլ

Լիբանան Մուտք Գործեց Նախագահական Դատարկութեան Փուլ

Երէկ կէս գիշերէն սկսեալ Լիբանան պաշտօնապէս մուտք գործեց նախագահական դատարկութեան փուլ` նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահական վեցամեայ նստաշրջանին աւարտը: Տակաւին քանի մը օր առաջ պատմական նուաճում մը իրագործուած ըլլալու նշոյլները չըմբոշխնած, լիբանանցին արդէն իսկ մուտք գործեց քաղաքական նոր տագնապ մը, որուն շրջագիծին մէջ կան հարցականներ, թէ ստեղծուածը նախագահական դատարկութի՞ւն է, թէ՞ սահմանադրական: Այս հարցականները կը վերաբերին երկրին...

Ժահժահ. «Որեւէ Ատեն Կրնանք Բանակի  Հրամանատարը Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել»

Ժահժահ. «Որեւէ Ատեն Կրնանք Բանակի Հրամանատարը Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Դիմադրութեան առանցքին զօրակցող քաղաքական ուժերը քանդած են երկիրը եւ կը շարունակեն իրենց նոյն ընթացքը` խանգարելով նաեւ նախագահական ընտրութիւնը, «մինչդեռ եթէ ընդդիմութիւնը միասնական դառնար, ապա կարելի կ՛ըլլար ընտրութիւնը խանգարելու այս արարքը կասեցնել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ընդդիմութիւնը միասնական չէ, որովհետեւ ոմանք կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց տեսակէտներուն: Ան նշեց, որ...

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Զօր. Աունը  Եւ Նախագահեց 2023-ի Պետական Ամավարկի  Պատրաստութեան Նիստին

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Զօր. Աունը Եւ Նախագահեց 2023-ի Պետական Ամավարկի Պատրաստութեան Նիստին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Վարչապետ Միքաթի նախագահեց նախարարական յանձնախումբի նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 2023-ի պետական ամավարկի պատրաստութիւնը: Ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, ելեւմուտքի նախարարութեան պաշտօնակատար Ժորժ Մաարաուի, Միքաթիի խորհրդական, նախկին նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ տնտեսական խորհրդական Սամիր Տահեր: Վարչապետ...

Յորդանանի Մէջ.  Ճ. Պուչիքեան Լիբանանը Ներկայացուց  Ճարտարարուեստի Արաբական Վեհաժողովին

Յորդանանի Մէջ. Ճ. Պուչիքեան Լիբանանը Ներկայացուց Ճարտարարուեստի Արաբական Վեհաժողովին

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան ներկայացուց Լիբանանը Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած ճարտարարուեստի յատուկ արաբական վեհաժողովին, որ կազմակերպուեցաւ ԷՍՔՈՒԱ-ի կողմէ: Ամմանի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին բացումը կատարեց Յորդանանի գահաժառանգ իշխան Հիւսէյն պըն Ապտալլայի ներկայացուցիչ, վարչապետ Պաշիր Խասաունէն: Վեհաժողովէն անկախ, Ճ. Պուչիքեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ մեծ թիւով նախարարներու եւ վեհաժողովին մասնակցող պատուիրակութիւններու հետ: Քննարկուեցան արաբական տնտեսական իրադարձութիւնները, ընդգծուեցաւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` արաբական միասնականութեան...

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Զօրակցի Լիբանանի Կայունութեան

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Զօրակցի Լիբանանի Կայունութեան

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի հետ: Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի շաբաթական դրութեամբ հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի սկզբունքային քաղաքականութիւնը այն է, որ ան կը զօրակցի Լիբանանի կայունութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ հզօր կառավարութեան կազմութեան, այն աստիճան, որ լիբանանցի ժողովուրդին շահերը իրականանան,...

«Պիպլոս» Դրամատուն Ներխուժած  Քաղաքացին Ձերբակալուեցաւ

«Պիպլոս» Դրամատուն Ներխուժած Քաղաքացին Ձերբակալուեցաւ

Համրայի «Փիքատելլի» շէնքին մէջ գտնուող «Պիպլոս» դրամատունը երէկ կէսօրէ առաջ ենթարկուեցաւ ներխուժումի մը` դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներէն մէկուն կողմէ: Դրամատուն ներխուժած քաղաքացին սպառնաց ինքզինքն ու պաշտօնեաները սպաննել, եթէ իր պահ դրած գումարները չվերադարձնէին իրեն: «Պիպլոս» դրամատուն ուղղուեցան ապահովութեան ուժերը` կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու նպատակով: Աւելի ուշ ապահովութեան ուժերը մուտք գործեցին դրամատուն եւ ձերբակալեցին սպառնացող քաղաքացին, որ իր պահ դրուած...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 36.500 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, կարդալու համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ խորհրդարանին յղուած նամակը: Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ յաջորդ փուլին խորագիրը պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութիւնը, որովհետեւ նախագահական աթոռին թափուր մնալը մերժելի է: Այս...

Վեցամեայ Իր Նստաշրջանը  Աւարտելէ Ետք.   Նախագահ Աուն Մեկնեցաւ Փտածութեան Դէմ  Պայքարը Շարունակելու Կամքով

Վեցամեայ Իր Նստաշրջանը Աւարտելէ Ետք. Նախագահ Աուն Մեկնեցաւ Փտածութեան Դէմ Պայքարը Շարունակելու Կամքով

Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն համար երէկ սովորական օր մը չէր, նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահին նախագահական նստաշրջանի աւարտն ու նախագահական պալատէն անոր մեկնումի պաշտօնական արարողութիւնը: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ` իր պաշտօնավարութեան նախավերջին օրը, նախագահական պալատէն մեկնեցաւ Ռապիէի իր բնակարանը: Նախագահական իր վեցամեայ նստաշրջանը աւարտելէ ետք, նախագահ Աունի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը Պաապտայի մէջ կատարուեցաւ երէկ կէսօրուան ժամը 12:15-ին: Նախագահական պալատին մէջ...

Յ. Բագրատունիի Գրառումը` Նախագահ Աունի  Նստաշրջանի Աւարտին Առիթով

Յ. Բագրատունիի Գրառումը` Նախագահ Աունի Նստաշրջանի Աւարտին Առիթով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահական նստաշրջանի աւարտին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Վսեմաշո՛ւք քաղաքացի Միշել Աուն, նախորդ վեց տարիներուն շատ բան հանդուրժեցիր, սակայն հաստատօրէն պատմութիւնը արդար պիտի ըլլայ քեզի նկատմամբ` իբրեւ զօրավար մը, որ մինչեւ վերջ հայրենիքը պահեց իր ուսերուն վրայ»:

«Կ՛ուղղուինք Դէպի Նոր Փուլ Մը,  Որուն Խորագիրը  Այն Է, Թէ Անոր Ընթացքին Ոչ Ոքի  Մարտահրաւէր Պիտի Կարդանք»  Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

«Կ՛ուղղուինք Դէպի Նոր Փուլ Մը, Որուն Խորագիրը Այն Է, Թէ Անոր Ընթացքին Ոչ Ոքի Մարտահրաւէր Պիտի Կարդանք» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին Պարուքի «Աքուաֆինա» ըմպելի ջուրի ընկերութենէն կատարեց յայտարարութիւններ: Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի նոր փուլ մը, որուն խորագիրը այն է, թէ անոր ընթացքին ոչ ոքի մարտահրաւէր պիտի կարդացուի, ինչպէս նաեւ դէմ պիտի չդրուի Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն ծառայող որեւէ առաջարկի: Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ ոչինչ պիտի արտօնէ, որ իրենք յուսալքուին, «ընդհակառակն` դարձեալ պիտի վերականգնինք: Այս նուաճումը...

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանի Մէջ Նախագահական  Թափուր Աթոռը Ճակատագիր Չէ, Այլ Սադրանք»

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանի Մէջ Նախագահական Թափուր Աթոռը Ճակատագիր Չէ, Այլ Սադրանք»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ եթէ երկրին տագնապներուն լուծման բանալիները ունեցող լիբանանցի պատասխանատուները գութի եւ արդարութեան հատիկ մը ունենային իրենց մէջ, ապա չէին արտօներ, որ լիբանանցիները աղքատութեան, զրկանքի եւ արտագաղթի բեռին տակ տնքային, «ինչպէս նաեւ չէին թոյլատրեր, որ պետութեան հաստատութիւնները իրերայաջորդ կերպով փուլ գային, հասնելով...

Ժըպրան Պասիլ. «Յայտարարեցի՛նք,  Զգուշացուցի՛նք Եւ Պատրաստ Ենք Դիմադրելու`  Արգիլելու Նախագահի Լիազօրութիւններուն  Վաճառքը` Պըրրի Եւ Միքաթիի»

Ժըպրան Պասիլ. «Յայտարարեցի՛նք, Զգուշացուցի՛նք Եւ Պատրաստ Ենք Դիմադրելու` Արգիլելու Նախագահի Լիազօրութիւններուն Վաճառքը` Պըրրի Եւ Միքաթիի»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շաբաթ երեկոյեան այցելեց նախագահական պալատին դիմաց համախմբուած Ազգային ազատ հոսանքի համակիրներուն եւ ընդգծեց, որ 30 հոկտեմբեր 2022-ը պիտի ըլլայ փտածութեան եւ սահմանադրութիւնն ու իշխանութիւնը բռնաբարող համակարգին դէմ պայքարի սկիզբը: Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան լիազօրութիւններուն տիրանալու հակասահմանադրական արարքը եւ Ազգային ուխտը խախտելու ընթացքը բացայայտ են արդէն, ու անոնց դիմադրելու պայքարը պիտի շարունակուի:...

Սէյիտ Նասրալլա. «Եթէ Լիբանանին Արգիլուի  Իր Բնական Հարստութիւնները Արտահանել,  Ապա Թշնամին Եւս Պիտի Չկարենայ  Նաւթ Եւ Կազ Արտահանել»

Սէյիտ Նասրալլա. «Եթէ Լիբանանին Արգիլուի Իր Բնական Հարստութիւնները Արտահանել, Ապա Թշնամին Եւս Պիտի Չկարենայ Նաւթ Եւ Կազ Արտահանել»

Հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ ծովային սահմանագծումը պատմական նուաճում մըն է, որուն մասին պէտք է պատմական ամբողջական ակնարկով մը անդրադարձ կատարուի: Սէյիտ Նասրալլա ընդարձակ ակնարկով մը բացատրեց ծովային սահմաններուն իրողութիւնը եւ միջազգային օրէնքները, որոնք կը վերաբերին անոր: Ան շեշտեց, որ թիւ 23...

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ

Համաձայն նախարարաց խորհուրդի որոշումին, այսօր` շաբաթ, 29 հոկտեմբերէն կիրակի, 30 հոկտեմբեր լուսցող գիշերուան ընթացքին Լիբանանի մէջ պիտի սկսի գործադրուիլ ձմեռնային ժամանակացոյցը: Հետեւաբար պէտք է ժամացոյցին սլաքները մէկ ժամ ետ տանիլ:  

Նախագահ Աուն Կիպրական  Պատուիրակութեան Մը  Հետ Քննարկեց Ծովային  Սահմանագծումի Հեռանկարները

Նախագահ Աուն Կիպրական Պատուիրակութեան Մը Հետ Քննարկեց Ծովային Սահմանագծումի Հեռանկարները

Հանրապետութեան Նախագահը Վաղն Իսկ Կը Մեկնի Նախագահական Պալատէն  Մինչ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերակենդանացնելու իմաստով ոչ մէկ նշոյլ կը նշմարուի, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն վաղն իսկ կը մեկնի նախագահական պալատէն: Նախագահական իր վեցամեայ նստաշրջանը աւարտելէ ետք նախագահ Աունի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պաապտայի մէջ: Նախագահական պալատէն մեկնումը պիտի առաջնորդուի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ու...

Լիբանանեան Հացի Կապին Արժէքը  Դարձաւ 21.000 Լ. Ոսկի

Լիբանանեան Հացի Կապին Արժէքը Դարձաւ 21.000 Լ. Ոսկի

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան որոշումով լիբանանեան հացի կապին արժէքը հասաւ 21.000 լ. ոսկիի: Նշենք, որ նախարարութեան որոշումով 1107 կրամ լիբանանեան սպիտակ հացի կապը կ՛արժէ  21.000 լ. ոսկի, 835 կրամ լիբանանեան հացի կապը կ՛արժէ 17.000 լ. ոսկի, իսկ 340 կրամ լիբանանեան հացի կապը կ՛արժէ 10.000 լ. ոսկի` փուռէն գնուելու պարագային:

Սէյիտ Նասրալլա Եւ Ժըպրան Պասիլ  Քննարկեցին Նախագահական Ընտրութեան  Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Սէյիտ Նասրալլա Եւ Ժըպրան Պասիլ Քննարկեցին Նախագահական Ընտրութեան Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ չորեքշաբթի գիշեր ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ նախագահական եւ կառավարական մակարդակի վրայ ստեղծուելիք դատարկութեան հաւանականութիւնն ու անոր ունենալիք հետեւանքները: Նշենք, որ Պասիլ երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումէն...

Հարաւային Լիբանանի Ծովային  Սահմանագծումի  Համաձայնութեան Մասին  Կեցուածքները Կը Շարունակուին

Հարաւային Լիբանանի Ծովային Սահմանագծումի Համաձայնութեան Մասին Կեցուածքները Կը Շարունակուին

Հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան մասին հարցազրոյցի մը ընթացքին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութիւնը խոստացած է եւ հաստատած, որ ինք ամիսներու ընթացքին կրնայ նաւթի եւ կազի հորատման նաւ մը Ափրիկէէն լիբանանեան ծովափ փոխադրել եւ սկսիլ աշխատանքի: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ հետ ծովային սահմանագծումի խորհրդակցութիւնները պիտի կատարուին` ընդգծելով, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի...

Page 305 of 987 1 … 304 305 306 … 987

Արխիւներ