 Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ եթէ երկրին տագնապներուն լուծման բանալիները ունեցող լիբանանցի պատասխանատուները գութի եւ արդարութեան հատիկ մը ունենային իրենց մէջ, ապա չէին արտօներ, որ լիբանանցիները աղքատութեան, զրկանքի եւ արտագաղթի բեռին տակ տնքային, «ինչպէս նաեւ չէին թոյլատրեր, որ պետութեան հաստատութիւնները իրերայաջորդ կերպով փուլ գային, հասնելով մինչեւ հանրապետութեան նախագահութիւն: Անոնք երկրին հանրապետութեան նախագահութիւնը, որ երկրին հիմնական եւ գերագոյն իշխանութիւնն է, դատարկութեան մատնեցին` դիտմամբ կամ անմտութեամբ եւ կամ անձնասիրութեամբ», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը Լիբանանի միասնականութիւնը եւ պետութեան գոյացութիւնը ընդունելու հիմքն է: Հանրապետութեան նախագահը սովորական իշխանութեան պետ մը չէ, այլ` բոլոր իշխանութիւններէն վեր է:
Ան հաստատեց, որ եռապետութեան վերադարձը մերժելի է, որովհետեւ անիկա իշխանութիւններուն աշխատանքային համակարգը կը խանգարէ եւ լիբանանեան պետութեան կերտումը կ՛արգիլէ, ինչպէս նաեւ սահմանադրական քաոս կը ստեղծէ:
Ռայի պատրիարքը նշեց, որ նախագահ զօր. Միշել Աունի նստաշրջանը դիւրին չէր, այլ վտանգներով եւ դժուար կացութիւններով լեցուն` նկատել տալով, որ նախորդ 6 տարիներուն Լիբանան կը գտնուէր շրջանի առանցքներուն միջեւ եւ ապրեցաւ իր յոռեգոյն տագնապը:
«Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռի թափուր մնալը ճակատագիր չէ, այլ սադրանք, եւ առանց հանրապետութեան նախագահի` պետութիւնը կը նմանի առանց գլուխի մարմնի մը, իսկ մարմինը մէկէ աւելի գլուխ չ՛ունենար», հաստատեց ան` կոչ ուղղելով երեսփոխաններուն ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարելու իրենց պարտականութիւնը եւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահը: