Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.100 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ցաւակցագիրներ յղեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի եւ Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆի` Շիրազի մէջ արձանագրուած ահաբեկչական յարձակումին ընթացքին ինկած զոհերուն յիշատակին: Պըրրի խստիւ դատապարտեց գործուած սպանդը` հաստատելով, որ ահաբեկչութիւնը ո՛չ կրօն եւ ո՛չ ալ համայնք կը ճանչնայ: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ...

27 Հոկտեմբեր 2022-ը  Լիբանանի Համար Պատմական Օր. Հարաւային Լիբանանի Ծովային Սահմանագծումի  Համաձայնութիւնը Ստորագրուեցաւ

27 Հոկտեմբեր 2022-ը Լիբանանի Համար Պատմական Օր. Հարաւային Լիբանանի Ծովային Սահմանագծումի Համաձայնութիւնը Ստորագրուեցաւ

27 հոկտեմբեր 2022-ը Լիբանանի համար եղաւ պատմական օր մը, որուն ընթացքին կարելի եղաւ հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը ստորագրել: Ռաս Նաքուրայի մէջ, ներկայութեամբ Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի,  Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի...

Նախագահ Աուն. «Իրաւունքը Բարեկամ Չձգեց Շուրջս,  Սակայն Իսկական Բարեկամներս Լիբանանցիներն Են»

Նախագահ Աուն. «Իրաւունքը Բարեկամ Չձգեց Շուրջս, Սակայն Իսկական Բարեկամներս Լիբանանցիներն Են»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ունեցաւ հարցազրոյց մը` անդրադառնալու համար վեցամեայ նախագահական իր նստաշրջանին ընթացքին արձանագրուած միջադէպերուն, նուաճումներուն, բացթողումներուն եւ դժուարութիւններուն: Իբրեւ հանրապետութեան նախագահ ունեցած իր վերջին հարցազրոյցին ընթացքին, նախագահ Աուն հաստատեց, որ ծովային սահմանագծում կատարած են, որպէսզի պատերազմը կանխարգիլեն: «Ծովային սահմանագծումի համաձայնութեամբ մենք մեր իրաւունքը աւելիով ստացանք եւ ամրապնդեցինք զայն ու լիբանանցիներուն նոր յոյս ներշնչեցինք, որովհետեւ սահմանագծումը...

Ծովային Սահմանագծումի Համաձայնութիւնը  Ստորագրելու Նպատակով Հոքշթայն Հասաւ Լիբանան

Ծովային Սահմանագծումի Համաձայնութիւնը Ստորագրելու Նպատակով Հոքշթայն Հասաւ Լիբանան

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակը հաստատեց, որ այսօր խորհրդարանին մէջ նախագահական ընտրութեան նիստ պիտի չգումարուի: Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն պիտի հասնի Լիբանան եւ Իսրայէլ` ստորագրելու համար սահմանագծումի համաձայնութիւնը: Նախարարութեան համաձայն, Հոքշթայն Պէյրութի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ...

Նախագահ Աուն Պալհաժի Հետ Քննարկեց  Միջազգային Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Նախագահ Աուն Պալհաժի Հետ Քննարկեց Միջազգային Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Միջազգային դրամատան փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան եւ Միջազգային դրամատան միջեւ գործակցութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Պալհաժ յայտնեց, որ ինք Լիբանան կը գտնուէր, երբ Աուն ստանձնեց հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը` աւելցնելով, որ անոր իշխանութեան աւարտին ինք դարձեալ Լիբանան կը գտնուի: Պալհաժ ներկայացուց Լիբանանի համար Միջազգային...

Վարչապետ Միքաթի Վատիկանէն Կ՛ակնկալէ  Իր Ջանքերով Համախոհութիւն Գոյացնել`  Նախագահական Ընտրութիւնը Կատարելու Նպատակով

Վարչապետ Միքաթի Վատիկանէն Կ՛ակնկալէ Իր Ջանքերով Համախոհութիւն Գոյացնել` Նախագահական Ընտրութիւնը Կատարելու Նպատակով

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ նոր նշանակուած պապական նուիրակ գերապայծառ Փաուլօ Պորճիան, որուն հետ հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Միքաթիի դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու, դեսպան Պութրոս Ասաքեր: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Վատիկանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, որուն շրջագիծին մէջ Պորճիա հաստատեց, որ Վատիկան հետաքրքրուած է Լիբանանով եւ լիբանանցիներով: Միքաթի շեշտեց, որ Վատիկանէն կ՛ակնկալէ իր ջանքերով...

Սուրիացի Տեղահանուածներու Կամովին  Տունդարձի Առաջին Փուլը Սկսաւ

Սուրիացի Տեղահանուածներու Կամովին Տունդարձի Առաջին Փուլը Սկսաւ

Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին կազմակերպութեամբ երէկ սկսաւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու կամովին տունդարձի առաջին փուլը, որուն ընթացքին տարբեր շրջաններէ ու վայրերէ Մասնաա ժամանող տեղահանուածները փոխադրատարներով վերադարձան Սուրիա: Այս աշխատանքին հսկելու նպատակով Մասնաա ուղղուեցաւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, որ յայտնեց, թէ իրենք կը քաջալերեն սուրիացի տեղահանուածներու կամովին տունդարձը` աւելցնելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ իր...

Ամերիկեան Պատուիրակութիւնը Կը Շեշտէ  Նախագահական Ընտրութիւնն ու Կառավարութեան  Կազմութիւնը Արագացնելու Կարեւորութիւնը

Ամերիկեան Պատուիրակութիւնը Կը Շեշտէ Նախագահական Ընտրութիւնն ու Կառավարութեան Կազմութիւնը Արագացնելու Կարեւորութիւնը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց «Էմերիքըն թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները: Ամերիկեան պատուիրակութեան անդամները յոյս յայտնեցին, որ Լիբանան ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ կազմէ նոր կառավարութիւն մը: «Էմերիքըն թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի պատուիրակութիւնը անհրաժեշտ նկատեց...

Ժըպրան Պասիլ. «Կառավարութիւնը Ազգային Ուխտին  Չի Համապատասխաներ` Եւ Անոր Դէմ  Մեր Ամբողջ Ուժով Պիտի Պայքարինք»

Ժըպրան Պասիլ. «Կառավարութիւնը Ազգային Ուխտին Չի Համապատասխաներ` Եւ Անոր Դէմ Մեր Ամբողջ Ուժով Պիտի Պայքարինք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ երեկոյեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական առաջնահերթութիւններու իրենց մշակած փաստաթուղթը լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացնելու ընթացքին ի յայտ եկած է, որ անոնց հետ տարակարծութիւնները քիչ են եւ աննշան: Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը չ՛արտօներ մարտահրաւէրի նախագահ մը ունենալ` աւելցնելով, որ երկխօսութեան որեւէ հրաւէր դրական կը նկատուի: Պասիլ նշեց, որ օրըստօրէ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.000 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 49.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 50.000 լ....

Նախագահ Աուն. «Միքաթիէն Պահանջեցի  Հաւասարութիւն, Եւ Երեկոյեան Պաապտա Վերադարձ`  Յայտարարելու Կառավարութեան Նոր Կազմը»

Նախագահ Աուն. «Միքաթիէն Պահանջեցի Հաւասարութիւն, Եւ Երեկոյեան Պաապտա Վերադարձ` Յայտարարելու Կառավարութեան Նոր Կազմը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին: Կարճ հանդիպումէ մը ետք վարչապետ Միքաթի պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք պատրաստ էր նաեւ Պաապտայի մէջ գիշերելու` մինչեւ կառավարութեան կազմութիւնը, ըսաւ. «Ամէն ինչ Ռապիէ փոխադրուած է, գիշերելու յարմար վայր չկայ»: Նախագահ Աուն Պաապտայի լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով միատեսակ չափանիշներու...

Յ. Բագրատունի Կը Մասնակցի  «Էմերիքըն Թասք Ֆորս Ֆոր Լեպանոն»-ի  Պատուիրակութեան Հետ Ընդարձակ Հանդիպումին

Յ. Բագրատունի Կը Մասնակցի «Էմերիքըն Թասք Ֆորս Ֆոր Լեպանոն»-ի Պատուիրակութեան Հետ Ընդարձակ Հանդիպումին

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ «Էմերիքըն թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութեան (նախագահութեամբ ծագումով լիբանանցի Էտուարտ Կապրիէլի), ինչպէս նաեւ պատուիրակութեան անդամ քոնկրեսականներու գրասենեակներու տնօրէններու հետ: Ընդարձակ հանդիպումին մաս կազմեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Ատիպ Ապտել Մեսիհ, Պիլալ Ապտալլա, Ֆատի Ալամէ, Թոնի Ֆրենժիէ,...

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Նիստերը Վերածուած Են Ձախող  Թատրոնի Մը, Որոնք Ապարդիւն Են»

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Նիստերը Վերածուած Են Ձախող Թատրոնի Մը, Որոնք Ապարդիւն Են»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերը վերածուած են ձախող թատրոնի մը, որոնք ապարդիւն են, «եւ այդ պատճառով ալ պիտի փորձեմ զանոնք փոխարինել քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեամբ», շեշտեց ան: Պըրրի նկատել տուաւ, որ այս իմաստով ինք սկսած է ներկայացուցիչներ գործուղել քաղաքական ուժերուն մօտ, որպէսզի երկխօսութեան պատրաստակամութեան իմաստով անոնց բազկերակը շօշափէ: Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ...

Վարչապետ Միքաթի Շիայի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Միքաթի Շիայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Միքաթի ընդունեց նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Միջազգային դրամատան փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժը, որ հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն ընթացքին Միջազգային դրամատունը պատրաստ է ֆինանսաւորելու լիբանանցիներուն համար կարեւոր ծրագիր մը, որուն արժէքը կը տարուբերի 300-500 միլիոն տոլարի միջեւ: Պալհաժ...

Փոխըմբռնումի Համաձայնագիր`  Ճարտարարուեստի Եւ Երկրագործութեան  Նախարարութիւններուն, Ինչպէս Նաեւ  Ճարտարարուեստի Հետազօտութիւններու Հիմնարկին Միջեւ

Փոխըմբռնումի Համաձայնագիր` Ճարտարարուեստի Եւ Երկրագործութեան Նախարարութիւններուն, Ինչպէս Նաեւ Ճարտարարուեստի Հետազօտութիւններու Հիմնարկին Միջեւ

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան, երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան եւ Ճարտարարուեստի հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէն Պասսամ Ֆըրըն ստորագրեցին երկու նախարարութիւններուն եւ հիմնարկին միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը, որուն լոյսին տակ հիմնարկին տարրալուծարանները պիտի օգտագործուին` քննելու համար սննդեղէնի ներածուած արտադրութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ արտադրուած սննդեղէնները, որոնք թէ՛ տեղական գործածութեան համար են եւ թէ՛ արտածումի: Այս առիթով Ճ. Պուչիքեան հաստատեց, որ...

Ապպաս Իպրահիմ. «Լիբանանի Մէջ Կան  2 Միլիոն 80 Հազար Սուրիացի Տեղահանուածներ»

Ապպաս Իպրահիմ. «Լիբանանի Մէջ Կան 2 Միլիոն 80 Հազար Սուրիացի Տեղահանուածներ»

Ռալֆ Թրաֆ - Ապպաս Իպրահիմ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւններն ու Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը: Քննարկուեցաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը: Միւս կողմէ, Իպրահիմ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին` շեշտելով, որ անիկա իրենց պարտականութիւնն է,...

Արեւու Մասնակի Խաւարում`  Լիբանանի Մէջ

Արեւու Մասնակի Խաւարում` Լիբանանի Մէջ

Երէկ աշխարհը վկայեց 21-րդ դարու ընթացքին արեւու 16-րդ մասնակի խաւարումը, որմէ ազդուեցաւ նաեւ Լիբանան: Լիբանանի մէջ երէկ կէսօրուան ժամը 12:54-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:20 արձանագրուեցաւ արեւու մասնակի խաւարում: Լիբանանի մէջ արեւու վերջին մասնակի խաւարումը տեղի ունեցած էր 2020-ին: Երէկուան մասնակի խաւարումին ընթացքին լուսինը 37 առ հարիւրով ծածկեց արեւու մակերեսը եւ իր գագաթնակէտին հասաւ կէսօրէ ետք ժամը 2:09-ին:

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 36.000 լ. ոսկի է: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները: Ուահապ հաստատեց, որ մարոնի չորս ղեկավարները պատասխանատու են նախագահական աթոռի թափուր մնալուն եւ Թաէֆի համաձայնագիրի խախտումին: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատէ Շամի յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան ունեցած պահ գումարն ու ոսկիներու...

Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի  Դ. Նիստին Ընթացքին Եւս Կարելի Չեղաւ  Հանրապետութեան Նոր Նախագահ Ընտրել.   Միշել Մուաուատ Կառչած Կը Մնայ Իր Թեկնածութեան

Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Դ. Նիստին Ընթացքին Եւս Կարելի Չեղաւ Հանրապետութեան Նոր Նախագահ Ընտրել. Միշել Մուաուատ Կառչած Կը Մնայ Իր Թեկնածութեան

Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանը գումարեց նախագահական ընտրութեան իր Դ. նիստը, օրինաթիւ գոյանալէն ետք: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահեց նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան 110 երեսփոխաններ: Նիստին ընթացքին կատարուած քուէարկութիւնը ստացաւ հետեւեալ պատկերը. Միշել Մուաուատ` 39 քուէ, 50 սպիտակ քուէ, «Նոր Լիբանան»` 13 քուէ, Իսամ Խալիֆէ` 10 քուէ եւ 2 չեղեալ քուէ: Խորհրդարանը չկրցաւ նախագահական ընտրութեան իր երէկուան ժողովը երկրորդ...

Նախագահ Աուն Պարգեւատրեց Ապպաս  Իպրահիմը Եւ Պու Սաապին Վստահեցաւ  Սուրիա Գործուղուելու Պարտականութիւնը

Նախագահ Աուն Պարգեւատրեց Ապպաս Իպրահիմը Եւ Պու Սաապին Վստահեցաւ Սուրիա Գործուղուելու Պարտականութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ պարգեւատրեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը` անոր շնորհելով «Մեծ սպայ»-ի աստիճանի Մայրիներու շքանշանը` առ ի գնահատանք Իպրահիմի ծառայութեան` ապահովական, զինուորական եւ քաղաքական ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը իրականացնելու առումով անոր ունեցած դերակատարութեան համար: Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց նաեւ Ապպաս Իպրահիմի ճիգերը սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով, ինչպէս...

Page 306 of 987 1 … 305 306 307 … 987

Արխիւներ