Համրայի «Փիքատելլի» շէնքին մէջ գտնուող «Պիպլոս» դրամատունը երէկ կէսօրէ առաջ ենթարկուեցաւ ներխուժումի մը` դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներէն մէկուն կողմէ:
Դրամատուն ներխուժած քաղաքացին սպառնաց ինքզինքն ու պաշտօնեաները սպաննել, եթէ իր պահ դրած գումարները չվերադարձնէին իրեն:
«Պիպլոս» դրամատուն ուղղուեցան ապահովութեան ուժերը` կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու նպատակով:
Աւելի ուշ ապահովութեան ուժերը մուտք գործեցին դրամատուն եւ ձերբակալեցին սպառնացող քաղաքացին, որ իր պահ դրուած գումարներէն ոչինչ կրցաւ ստանալ:
Նշենք, որ դրամատան մէջ գտնուողներէն ոչ ոք վնասուեցաւ:


