Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 1, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 36.500 լ. ոսկի է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, կարդալու համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ խորհրդարանին յղուած նամակը: Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ յաջորդ փուլին խորագիրը պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութիւնը, որովհետեւ նախագահական աթոռին թափուր մնալը մերժելի է: Այս առումով Պըրրի վերահաստատեց, որ ինք կը մտածէ նախագահական ընտրութեան հարցով երկխօսութեան հրաւիրելու մասին:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ Լիբանան հասած են մեծ քանակութեամբ պատուաստներ` քոլերայի ժահրին դէմ: Ապիատ նշեց, որ այդ պատուաստները տրամադրուած են ֆրանսական կառավարութեան կողմէ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ Լիբանան դժգոհ է սուրիացի տեղահանուածներու կեցութենէն` աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ը պէտք է Լիբանան գործուղէ հետաքննիչ յանձնախումբ մը` ստուգելու համար ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի աշխատանքը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 38.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 39.000 լ. ոսկիով, մազութը` 48.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 13.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 675.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 690.000 լ. ոսկի, մազութը` 808.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 410.000 լ. ոսկի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ իրենց զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուն երեսփոխան Միշել Մուաուատն է` աւելցնելով, որ ինք կը քաջալերէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը` նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրելու, որպէսզի ընտրութեան նիստերուն սպիտակ քուէով չմասնակցի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ եթէ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը  չշարունակէ աշխատիլ, ապա օրէնքը հաշուետուութեան կը կանչէ զայն, իսկ նախարարները չեն կրնար իրենց աշխատանքը պոյքոթի ենթարկել: Ան նշեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ` նեղ շրջանակով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժիհատ Ազուր յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին յանձնարարութիւնները այն են, որ Լիբանանի մէջ որդեգրուելիք ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը ըլլայ ճկուն: Ան նկատել տուաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումը դրական իրադարձութիւն է, սակայն երկրին մէջ բարեկարգումները անհրաժեշտ են:

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ՋԱՀ Յանձնախումբի Եւ «Ազդակ»-ի «Ջաւախքը Այսօր» Նիւթով Լսարան

Յաջորդը

«Պիպլոս» Դրամատուն Ներխուժած Քաղաքացին Ձերբակալուեցաւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.