Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Եթէ Լիբանանին Արգիլուի Իր Բնական Հարստութիւնները Արտահանել, Ապա Թշնամին Եւս Պիտի Չկարենայ Նաւթ Եւ Կազ Արտահանել»

October 31, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ ծովային սահմանագծումը պատմական նուաճում մըն է, որուն մասին պէտք է պատմական ամբողջական ակնարկով մը անդրադարձ կատարուի:

Սէյիտ Նասրալլա ընդարձակ ակնարկով մը բացատրեց ծովային սահմաններուն իրողութիւնը եւ միջազգային օրէնքները, որոնք կը վերաբերին անոր:

Ան շեշտեց, որ թիւ 23 սահմանագիծին մասին հրապարակուած հրամանագիրով անիկա կ՛ըլլայ Լիբանանի ծովային սահմանագիծը` աւելցնելով, որ 2000-էն ի վեր Դիմադրութեան կեցուածքը այն է, որ ինք ծովային սահմանագծումի հարցին չի միջամտեր, որովհետեւ անիկա լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է: «Լիբանանեան պետութիւնը այս իմաստով ինչ որ որոշէ, Դիմադրութիւնը յանձնառու կը մնայ անոր», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը պատրաստ կը մնայ պաշտպանելու սահմանային այդ շրջանը:

Անդրադառնալով ամերիկեան միջնորդութեամբ կատարուած անուղղակի բանակցութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ առաջին ամերիկացի բանագնացը` Ֆրետերիք Հոֆ, բանակցութիւններուն ընթացքին առաջարկած էր համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ Լիբանան կը ստանար իր սահմաններուն 55 առ հարիւրը, իսկ թշնամին` 45 առ հարիւրը, ինչ որ անարդար էր, «եւ լիբանանեան պետութիւնը մերժեց այս մէկը, գլխաւորութեամբ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Ապա այդ թղթածրարը Պըրրիէն փոխանցուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ ամերիկացի նոր բանագնացը` Էյմըս Հոքշթայնը բաւական դժուար բանակցութիւններ վարեց:

«Պաշտօնական բանակցութիւններուն ընթացքին պատահեցան օրեր ու գիշերներ, որոնց ընթացքին բանակցութիւնները հասան անել կացութեան` ստեղծելով պատերազմ բռնկեցնելու մթնոլորտ, սակայն այդ մասին ոչինչ յայտարարուեցաւ ժողովուրդը` տագնապի եւ իրարանցումի չմատնելու նպատակով», ընդգծեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ նաեւ, որ ամերիկացին չվարանեցաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութեան առաջարկ մը ներկայացնել, սակայն լիբանանցիները մերժեցին այդ առաջարկը:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ լիբանանեան միացեալ ու հզօր կեցուածքը օժանդակեց, որպէսզի սահմանագծումի համաձայնութիւնը իրականութիւն դառնայ` աւելցնելով, որ Իսրայէլ ստիպուած էր ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը ընդունիլ:

«Երբ նշմարեցին, որ լիբանանեան կեցուածքը միացեալ է ու հզօր, իսկ գետնի վրայ Դիմադրութիւնը պատրաստ է ընդարձակ պատերազմի, ապա ստիպուեցան ընդունիլ բանակցութիւնները եւ համաձայնութիւն գոյացնել: Լիբանան իր բոլոր պահանջները ստացաւ, բացի մէկ պահանջէ, սակայն արդիւնքը հիանալի է, եւ կը խօսինք պատմական նուաճումի մասին», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ եթէ Լիբանանին արգիլուի իր բնական հարստութիւնները արտահանել, ապա թշնամին եւս պիտի չկարենայ նաւթ եւ կազ արտահանել:

«Թշնամիին կ՛ըսեմ, որ Դիմադրութիւնը իմաստութեամբ եւ վճռականութեամբ կը վարուի, իսկ եթէ Լիբանանի ազգային գերագոյն շահերը պահանջեն զինուորական բախման ոճի մարտավարութիւնը շրջանցել, ապա Դիմադրութիւնը անվարան պիտի շրջանցէ զայն: Վերջաւորութեան ի յայտ եկաւ, որ հրթիռները հաց կրնան ապահովել», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

 

 

Նախորդը

Արցախէն Հնչող Պահանջը

Յաջորդը

Ժըպրան Պասիլ. «Յայտարարեցի՛նք, Զգուշացուցի՛նք Եւ Պատրաստ Ենք Դիմադրելու` Արգիլելու Նախագահի Լիազօրութիւններուն Վաճառքը` Պըրրի Եւ Միքաթիի»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.