Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա Եւ Ժըպրան Պասիլ Քննարկեցին Նախագահական Ընտրութեան Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

October 29, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ չորեքշաբթի գիշեր ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ նախագահական եւ կառավարական մակարդակի վրայ ստեղծուելիք դատարկութեան հաւանականութիւնն ու անոր ունենալիք հետեւանքները:

Նշենք, որ Պասիլ երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ բացարձակին մէջ առաջնահերթութիւնը հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնն է` ցաւ յայտնելով, որ քանի մը օր ետք Լիբանան ականատես պիտի դառնայ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն:

Պասիլ նշեց, որ այս իրականութիւնը ցաւալի է նաեւ անոր համար, որ բոլորը այդ հարցին հետ կը վարուին իբրեւ կատարուելիք իրողութիւն, առանց զայն փոփոխութեան ենթարկելու դոյզն իսկ ճիգ մը կատարելու:

«Ամէնէն աւելի ցաւալին եւ խոցելին այդ է, որ Լիբանանի համար կայ ծրագիր մը, որն է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ դիտմամբ կառավարութիւն մը չկազմելու կամքը, որուն կը զօրակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, ինչպէս նաեւ արտաքին կողմեր, որպէսզի կառավարական մակարդակով նաեւ դատարկութիւն ստեղծուի, եւ բոլորը փորձեն յափշտակել Լիբանանի Ա. իշխանութեան իրաւասութիւնները», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ կարգ մը լիբանանցի պատասխանատուներ երկիրը կ՛առաջնորդեն դէպի սահմանադրական քաոս, իսկ հիմնական հարցումը կը կայանայ անոր մէջ, թէ ինչո՞ւ այսքան լուռ պէտք է ըլլալ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կասեցնելու քայլերուն դիմաց:

 

 

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Ծովային Սահմանագծումի Համաձայնութեան Մասին Կեցուածքները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Լիբանանեան Հացի Կապին Արժէքը Դարձաւ 21.000 Լ. Ոսկի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.