Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Համախմբումը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը
Աւելի քան 30 կուսակցութիւններէ, հոսանքներէ եւ շարժումներէ բաղկացող Լիբանանեան կուսակցութիւններու եւ քաղաքական ուժերու համախմբումը, որուն մաս կը կազմէ ՀՅԴ-ն, եւ համախմբումին մէջ անոր ներկայացուցիչը` Պարոյր Տէր Ղուսկասեան կը վարէ փոխատենապետի պաշտօն, իր ընթացիկ նիստը գումարեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ հանրապետութեան նախագահ...




















