Հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան մասին հարցազրոյցի մը ընթացքին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութիւնը խոստացած է եւ հաստատած, որ ինք ամիսներու ընթացքին կրնայ նաւթի եւ կազի հորատման նաւ մը Ափրիկէէն լիբանանեան ծովափ փոխադրել եւ սկսիլ աշխատանքի:
Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ հետ ծովային սահմանագծումի խորհրդակցութիւնները պիտի կատարուին` ընդգծելով, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի տեղեակ է այդ գործուղման մասին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմելու նպատակով Ուիսամ Զահապիի անունը առաջարկած է:
Պու Սաապ նշեց, որ ինք դէմ է անհատի մը համար սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու գաղափարին` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն անձամբ յայտնած է իրեն, թէ ինք նախագահական ընտրութեան թեկնածու չէ:
Անդրադառնալով իր դէմ հնչած այն ամբաստանութիւններուն, թէ ինք երբեմն ամերիկացի է, երբեմն իրանցի եւ երբեմն սուրիացի, Պու Սաապ ըսաւ. «Ամբաստանող կողմերուն կ՛ըսեմ, որ ամերիկացին, իրանցին եւ սուրիացին կը խօսակցին հետս եւ կը յարգեն զիս, որովհետեւ Լիբանանի լեզուն կը խօսիմ»:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա պատմական համաձայնութիւն էր:
Պու Հապիպ հաստատեց, որ եթէ Լիբանանին արգիլուի կազի հանքերուն հորատումը, ապա ան կարողութիւն ունի արգիլելու նաեւ Իսրայէլը` կազի հանքերը հորատելու իմաստով:
Ան շեշտեց, որ ծովային մակարդակի վրայ ապահովական զօրաշարժը վերջ գտած է, սակայն ցամաքային իմաստով անիկա տակաւին առկայ է:
Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը պարզապէս տնտեսական համաձայնութիւն մըն է` աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին ոչ ոք կը խօսի այսօր:
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կատարուած ծովային սահմանագծումը տնտեսական բարեկարգումները չի կրնար փոխարինել` լուծելու համար Լիբանանի տագնապը:
Կրիօ հաստատեց, որ կազի եւ նաւթի հանքերուն հորատումը կրնայ օգտակար ըլլալ զոյգ երկիրներու տնտեսութիւններուն համար` աւելցնելով, որ «Թոթալ» հրաւիրուած է այս առումով կարեւոր դերակատարութիւն ունենալու:
Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը յոյս յայտնեց, որ լիբանանցիները կարենան օգտուիլ ծովային սահմանագծումի համաձայնութենէն, եւ ամէնէն մօտիկ ապագային Լիբանանը վերադառնայ իր բարգաւաճ օրերուն:


