Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի հետ:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի շաբաթական դրութեամբ հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի սկզբունքային քաղաքականութիւնը այն է, որ ան կը զօրակցի Լիբանանի կայունութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ հզօր կառավարութեան կազմութեան, այն աստիճան, որ լիբանանցի ժողովուրդին շահերը իրականանան, եւ երկրին մէջ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուի ու Լիբանանի շրջանային եւ միջազգային դերակատարութիւնը հզօրանայ:
Քենաանի շեշտեց, որ Իրանի համար Լիբանան բարեկամ երկիր է, եւ Իրան կը զօրակցի անոր:


