Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շաբաթ երեկոյեան այցելեց նախագահական պալատին դիմաց համախմբուած Ազգային ազատ հոսանքի համակիրներուն եւ ընդգծեց, որ 30 հոկտեմբեր 2022-ը պիտի ըլլայ փտածութեան եւ սահմանադրութիւնն ու իշխանութիւնը բռնաբարող համակարգին դէմ պայքարի սկիզբը:
Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան լիազօրութիւններուն տիրանալու հակասահմանադրական արարքը եւ Ազգային ուխտը խախտելու ընթացքը բացայայտ են արդէն, ու անոնց դիմադրելու պայքարը պիտի շարունակուի: Միւս կողմէ, ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին մէջ Պասիլ շեշտեց հետեւեալը. «Յուդաները հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները Թաէֆի համաձայնագիրին ընթացքին վաճառեցին եւ ցայսօր թերացան գործադրել այդ համաձայնագիրին մէջ նշուած լաւագոյն կէտերը»:
Պասիլ նշեց, որ անոնք կը պատրաստուին 31 հոկտեմբեր 2022-էն ետք հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները վաճառել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
«Մենք 15 տարի պայքարեցանք եւ իրաւունքները վերահաստատեցինք` պահպանելու համար Լիբանանը, եւ պատրաստ ենք դիմադրելու` արգիլելու նախագահի լիազօրութիւններուն վաճառքը` Պըրրիի եւ Միքաթիի. յայտարարեցի՛նք եւ զգուշացուցի՛նք այս մասին»:
 
			


