Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կիպրական Պատուիրակութեան Մը Հետ Քննարկեց Ծովային Սահմանագծումի Հեռանկարները

October 29, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան Նախագահը Վաղն Իսկ
Կը Մեկնի Նախագահական Պալատէն 

Մինչ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերակենդանացնելու իմաստով ոչ մէկ նշոյլ կը նշմարուի, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն վաղն իսկ կը մեկնի նախագահական պալատէն:

Նախագահական իր վեցամեայ նստաշրջանը աւարտելէ ետք նախագահ Աունի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պաապտայի մէջ:

Նախագահական պալատէն մեկնումը պիտի առաջնորդուի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ու անոր համակիրներուն կողմէ կազմակերպուած ժողովրդային արարողութեամբ, որ պիտի սկսի Պաապտայէն եւ հասնի մինչեւ Ռապիէ` զօր. Աունի բնակարանը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կիպրական պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց Լիբանան – Կիպրոս ծովային սահմանագծում կատարելու հեռանկարները:

Կիպրական պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կիպրոսի նախագահական յատուկ պատուիրակ Թասոս Ցիոնիս, Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքու, կիպրական պետութեան իրաւաբանական գրասենեակի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներ:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ եւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ այսօրուան հանդիպումին նպատակն է համաձայնիլ Կիպրոսի եւ Լիբանանի միջեւ ծովային սահմանագծում կատարելու` աւելցնելով, որ ատիկա իրականացնելու համար միջնորդի կարիք չկայ, «որովհետեւ Լիբանան եւ Կիպրոս բարեկամ եւ դրացի երկիրներ են, հետեւաբար աշխատանքը կը դիւրանայ», ըսաւ ան:

Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ Կիպրոսի հետ ծովային սահմանագծումը պիտի աւարտի Սուրիոյ հետ համաձայնութիւնը գոյացնելէ ետք:

Բայց եւ այնպէս, Պու Սաապ երեկոյեան նախագահ Աունի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ կիպրական պատուիրակութեան հետ հանդիպումը շարունակուած է եւ կարելի եղած է յանգիլ այն եզրակացութեան, որ Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ծովային սահմանագծումը կարելի է փոքր բարեփոխումի մը ենթարկել եւ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին գործադրել` միջազգային օրէնքներուն համաձայն:

Նախորդը

Լիբանանեան Հացի Կապին Արժէքը Դարձաւ 21.000 Լ. Ոսկի

Յաջորդը

«Թէ՛ Հայաստանը, Թէ՛ Ազրպէյճանը Ի Վերջոյ Պէտք Է Սահմանազատման Եւ Խնդրայարոյց Հարցերու Շուրջ Լուծումներ Գտնեն» Կ՛ըսէ Մաթվիենքօ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.