Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեցամեայ Իր Նստաշրջանը Աւարտելէ Ետք. Նախագահ Աուն Մեկնեցաւ Փտածութեան Դէմ Պայքարը Շարունակելու Կամքով

Հոկտեմբեր 31, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն համար երէկ սովորական օր մը չէր, նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահին նախագահական նստաշրջանի աւարտն ու նախագահական պալատէն անոր մեկնումի պաշտօնական արարողութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ` իր պաշտօնավարութեան նախավերջին օրը, նախագահական պալատէն մեկնեցաւ Ռապիէի իր բնակարանը:

Նախագահական իր վեցամեայ նստաշրջանը աւարտելէ ետք, նախագահ Աունի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը Պաապտայի մէջ կատարուեցաւ երէկ կէսօրուան ժամը 12:15-ին:

Նախագահական պալատին մէջ մեկնումի արարողակարգը սկսաւ, երբ նախագահ Աուն իր գրասենեակէն դուրս եկաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի մուտք, ուր ան հրաժեշտ տուաւ նախագահական պալատի վարչական անձնակազմին ու խորհրդականներուն, ապա դուրս եկաւ պալատէն` նախագահական պալատի շեփորախումբին հնչեցուցած Լիբանանի քայլերգով, որուն ընթացքին ան իր ողջոյնը կատարեց Լիբանանեան դրօշին դիմաց:

Պաապտայի պալատին թիւ 1 մուտքին դիմաց նախագահ Աուն ընդունուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ու անոր բազմահազար համակիրներուն կողմէ, որոնք առաւօտեան ժամը 9:00-էն հասած էին նախագահական պալատ եւ անոր հիմնական մուտքէն մինչեւ թիւ 1 մուտքը կազմած էին մարդկային շղթայ մը: Տակաւին ոմանք գիշեր մը առաջ ուղղուած էին նախագահական պալատ եւ գիշերած պալատի մուտքին` առաւօտեան դիմաւորելու համար իրենց նախագահն ու ղեկավարը եւ ողջունելու զայն:

Նախագահ Աուն իր խօսքը ուղղեց մարդաշատ բազմութեան` յայտարարելով, որ ինք ստորագրած է կառավարութեան հրաժարականը եւ խորհրդարանին նամակ յղած է այս իմաստով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք կ՛ուղղուի դէպի նոր փուլ մը, որ կը սկսի հզօր պայքարով եւ առաւելագոյն աշխատանքով` փտածութիւնը արմատախիլ ընելու նպատակով:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի բարեկարգումի, որպէսզի կեանքի վերադառնայ, եւ ատիկա պէտք է կատարուի դատական իշխանութիւնը անդամալուծող եւ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը կասեցնող պատասխանատուները իրենց իրաւասութիւններէն զրկելով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան գողցուած է իր պետական գանձարկղով, Կեդրոնական դրամատունով եւ քաղաքացիներուն գրպաններով:

«Ներկայիս ունինք պետութիւն մը, որ իր հաստատութիւններով փճացած է եւ արժեզրկուած, որովհետեւ իշխող համակարգը օգտագործած է զայն, իսկ դատական իշխանութիւններուն գործունէութիւնը կանգ առած է եւ ժողովուրդին իրաւունքը կարելի չ՛ըլլար ապահովել», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի չեղաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը դատավարութեան հրաւիրել, եթէ ան գործած է երկրին ելեւմտական բոլոր ոճիրները: «Ո՞վ կը պաշտպանէ զայն: Ո՞վ է անոր գործակիցը», հարց տուաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ պատասխանը յստակ է. զայն կը պաշտպանեն բոլոր անոնք, որոնք 32 տարիէ ի վեր երկրին իշխող համակարգին մաս կը կազմեն:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ դատական իշխանութեան գործունէութիւնը վրէժխնդրութեան վրայ հիմնուած է, հետեւաբար անիկա ոճիր է եւ ոչ թէ արդարութիւն, «որովհետեւ իշխանութեան ընթացքին վրէժխնդրութիւնը ոճիր է», յայտնեց ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ծովային սահմանագծումը կատարած են, որովհետեւ Լիբանանը իր դիմագրաւած ներկայ տագնապէն կարելի չէ վերականգնել, բացի նաւթի եւ կազի արտահանումով:

«Լիբանանին պատկանող բնական այդ հարստութիւնը պիտի կարենայ բաւարար գումար ապահովել` փրկելու համար երկիրը, իսկ գերիշխանական սնտուկն է, որ պիտի պահպանէ լիբանանցիներու գումարները», հաստատեց ան:

Իր խօսքը ուղղելով ժողովուրդին` նախագահ Աուն շեշտեց, որ ժողովուրդն է, որ տէր պիտի կանգնի այդ գումարներուն` ընդգծելով, որ մինչեւ օրս քեփիթըլ քոնթրոլի օրէնքը չվաւերացնելու նպատակն է շարունակել Լիբանանէն գումարներու դուրս փոխանցումը:

Նախագահ Աունի խօսքին աւարտին, ան ջահը փոխանցեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ուսանողներէն մէկուն, որ իր կարգին ջահը փոխադրեց դէպի Լիբանանը մարմնաւորող յուշարձանը եւ անոր կրակով բոցավառեց զայն:

Ատիկա կը խորհրդանշէր հանրապետութեան նախագահին հետապնդած դատին շարունակութիւնը նոր սերունդին փոխանցելու աւանդը:

Ապա նախագահ Աուն փոխադրուեցաւ Ռապիէ` նախագահական շքախումբով:

Ռապիէի մէջ եւս նախագահ Աուն ընդունուեցաւ մեծ սիրով եւ ժողովրդային հսկայ բազմութիւններով, որոնք ողջունեցին զինք կանչերով եւ լիբանանեան աւանդական շուրջպարով:

Նախագահ Աուն ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ ուղղուեցաւ իր բնակարանը, ուր դիմաւորուեցաւ Առաջին տիկին Նատիա Շամի-Աունի եւ իր դուստրերուն ու ընտանիքի անդամներուն կողմէ:

Նախագահ Աունի բնակարանը այսօր մինչեւ կէս գիշեր պիտի մնայ նախագահական պահակագունդին հսկողութեան տակ:

Իշխանութեան պետերուն միջեւ երկփեղկումը եւ անհանդուրժողութիւնը բացայայտուեցաւ երէկ արձանագրուած փոխադարձ կեցուածքներուն ընդմէջէն:

Նախագահ Աուն իր նստաշրջանը աւարտեց յայտարարելով, որ ինք կ՛ընդունի կառավարութեան հրաժարականը եւ այդ մասին նամակ մը յղեց խորհրդարանին:

Հանրապետութեան նախագահութեան լիազօրութիւնները ստանձնելու առումով սահմանադրական թնճուկը աւելի եւս կարծրացաւ, երբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին նամակ մը յղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` շեշտելով, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքները բնականոն կերպով պիտի շարունակէ:

Նախագահ Աուն Պըրրիի ճամբով խորհրդարանին յղած իր նամակին մէջ նշեց, որ վարչապետը կը մերժէ կառավարութիւն կազմել եւ կը փորձէ նախագահական լիազօրութիւնները իւրացնել: Ան ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ, որ ներկայ կառավարութիւնը նախագահին իրաւասութիւնները ստանձնէ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին կոչ ուղղեց գումարելու նիստ մը եւ կայացնելու համապատասխան որոշումը:

Իր կարգին, Միքաթի իր յղած նամակով շեշտեց, որ կառավարութեան հրաժարականը ընդունիլը սահմանադրական ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ, որովհետեւ կառավարութիւնը սահմանադրական իր աշխատանքները պիտի շարունակէ:

Ստեղծուած այս իրավիճակին լոյսին տակ, կառավարութեան կազմութեան բոլոր յոյսերն ու նշոյլները չքացան, իսկ երկիրը մուտք գործեց նախագահական, կառավարական եւ դատական դատարկութեան դրութեան մէջ` ելեւմտական քայքայումին զուգահեռ:

Նախորդը

Յ. Բագրատունիի Գրառումը` Նախագահ Աունի Նստաշրջանի Աւարտին Առիթով

Յաջորդը

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Լիազօրութեան Երկարաձգման Կարելիութեան` «Պէտք Է Սպասել Սոչիի Հանդիպումին» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?