Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Զօր. Աունը Եւ Նախագահեց 2023-ի Պետական Ամավարկի Պատրաստութեան Նիստին

November 1, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի նախագահեց նախարարական յանձնախումբի նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 2023-ի պետական ամավարկի պատրաստութիւնը:

Ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, ելեւմուտքի նախարարութեան պաշտօնակատար Ժորժ Մաարաուի, Միքաթիի խորհրդական, նախկին նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ տնտեսական խորհրդական Սամիր Տահեր:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի արեւմտեան եւ հիւսիսային սահմաններու ծովային սահմանագծումի հարցը` Սուրիոյ եւ Կիպրոսի հետ:

Հանդիպումէն ետք Համիէ յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիին ներկայացուցած է նախագահական պալատին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւնները` Կիպրոսի հետ ծովային սահմանագծում կատարելու առումով:

Համիէ հաստատեց, որ ինք այս աշխատանքը պիտի շարունակէ Սուրիոյ եւ Կիպրոսի հետ` միջազգային եւ լիբանանեան օրէնքներուն համաձայն:

Ան շեշտեց, որ սահմանագծումի հարցով այս եւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին յստակ եւ արագ որոշումներ պիտի չտրուին, այլ` պատկան մարմինները իրենց ժամանակը պիտի առնեն բոլորը գոհ պահող քայլերու դիմելու նպատակով:

Միւս կողմէ, Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ոմանք կը փորձեն կեղծ ռումբեր արձակել` աւելցնելով, որ ինք չի փափաքիր ոեւէ մէկուն հետ բանավէճ ունենալ:

«Ոչ ոքի հետ կ՛ուզեմ բախում ունենալ,  երկրին սահմանադրութիւնը չ՛արտօներ, որ նախագահական աթոռը թափուր մնայ, իսկ երբ թափուր աթոռ ըլլայ, ապա սահմանադրութիւնը նախագահին լիազօրութիւնները կառավարութեան կը յանձնէ», ըսաւ ան:

Միքաթի շեշտեց, որ ինք կառավարութիւնը նիստի պիտի չհրաւիրէ, բացի եթէ շատ կարեւոր եւ արտակարգ որոշում մը տրուելու կարիք զգացուի: «Երկրին դիմագրաւած հարցերն ու տագնապները բաւարար են բոլորիս, յաւելեալ հարցեր ստեղծելու կարիք չկայ», ըսաւ ան:

Միքաթի ընդգծեց, որ ինք ոչ ոքի պաշտօնը կը փափաքի իւրացնել` աւելցնելով, որ իր նպատակը ժողովուրդին ծառայելն է:

Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն չէր փափաքեր, որ ինք կազմէր կառավարութիւնը, «սակայն իմ մաղթանքս այն է, որ ամէնէն մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրել, որովհետեւ նախագահը բոլորին է եւ ոչ խմբաւորումի մը», շեշտեց Միքաթի:

Նախորդը

Յորդանանի Մէջ. Ճ. Պուչիքեան Լիբանանը Ներկայացուց Ճարտարարուեստի Արաբական Վեհաժողովին

Յաջորդը

Ժահժահ. «Որեւէ Ատեն Կրնանք Բանակի Հրամանատարը Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.