Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան հաղորդումով` քոլերայի եօթը նոր պարագաներ արձանագրուած են Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամերուն, առանց սակայն մարդկային նոր զոհերու: ՍԱՅՏԱՅԻ արեւելքը գտնուող Աքթանիթ աւանին մէջ 17-ամեայ երիտասարդ Էլի Մ. Մաթթա զոհ գնաց նախանցեալ օր, երբ անծանօթի կողմէ դաշունահարուեցաւ աւելի քան երեսուն զարկերով: Այս մասին քննութիւն բացուած է, յատկապէս որ նախապէս անոր բնակարանը գողութեան թիրախ դարձած է եւ ըստ իր հօրը`...

Նախագահական Նիստերու Ամուլ Ելքերու Շարունակման Զուգահեռ.  Լիբանանի Նոր Նախագահի Մօտալուտ Ընտրութեան Յոյսերը Կը Նուազին

Նախագահական Նիստերու Ամուլ Ելքերու Շարունակման Զուգահեռ. Լիբանանի Նոր Նախագահի Մօտալուտ Ընտրութեան Յոյսերը Կը Նուազին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ութերորդ նիստի թուական ճշդեց յառաջիկայ հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերը: Արդարեւ, եօթներորդ անգամ ըլլալով Լիբանանի խորհրդարանը երէկ` հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2022-ին չկրցաւ ընտրել նոր նախագահ` երկրորդ նիստին մեծամասնութեան չգոյութեան պատճառով: Փաստօրէն, խորհրդարանի 128 անդամներէն 112-ին ներկայութեամբ առաջին նիստի քուէարկութեան պարզած պատկերով ոեւէ թեկնածու չկրցաւ ապահովել պահանջուող օրինական քուէներու պատկերը, ուր դարձեալ գերազանց էր սպիտակ քուէի ստացած արդիւնքը` 50...

Ընդառաջելով Երկու Երեսփոխաններու Ընտրութեան Արդիւնքներու Բեկանման Դիմումին`  Սահմանադրական Խորհուրդը Հաստատեց Ֆայսալ Քարամէի Եւ Հայտար Նասերի Երեսփոխանական Ընտրութիւնը

Ընդառաջելով Երկու Երեսփոխաններու Ընտրութեան Արդիւնքներու Բեկանման Դիմումին` Սահմանադրական Խորհուրդը Հաստատեց Ֆայսալ Քարամէի Եւ Հայտար Նասերի Երեսփոխանական Ընտրութիւնը

Սահմանադրական խորհուրդը երէկ հրապարակեց ցարդ կատարած ընտրական արդիւնքներու վերանայման իր քննարկումը, ըստ որուն` Թրիփոլիի ընտրաշրջանէն թեկնածու ներկայացած (բայց ցարդ ձախողած նկատուած) Ֆայսալ Քարամէ (սիւննի) եւ Հայտար Նասեր (ալեւի) յաջողած կը նկատուին նշեալ ընտրաշրջանէն` Ռամի Ֆանժի (սիւննի) եւ Ֆիրաս Սալլումի դէմ  անցնող 15 մայիս 2022-ին կայացած ընտրապայքարին: Սահմանադրական խորհուրդի այս որոշումը ոմանց համար անակնկալ, իսկ ուրիշներու համար «արդար սրբագրում» նկատուեցաւ` «իրարու...

Լիբանանի Անկախութեան Շնորհաւորանքի Մթնոլորտին Մէջ.  Տեղական Թէ Արտաքին Սերտ Ճիգերը Կը Շարունակուին` Նախագահական Ընտրութեան Եօթներորդ Նիստը Արդիւնաւէտ Դարձնելու Գծով

Լիբանանի Անկախութեան Շնորհաւորանքի Մթնոլորտին Մէջ. Տեղական Թէ Արտաքին Սերտ Ճիգերը Կը Շարունակուին` Նախագահական Ընտրութեան Եօթներորդ Նիստը Արդիւնաւէտ Դարձնելու Գծով

Լիբանանի անկախութեան 79-րդ տարեդարձին առիթով Լիբանան ստացաւ  շնորհաւորական զանազան նամակներ ու հաղորդակցութիւններ, ուր հիմնականին մէջ շնորհաւորանքի եւ զօրակցութեան կողքին կը շեշտուէր Լիբանանի անկախութեան վերամրագրումը` նոր նախագահի ընտրութեամբ: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին շնորհաւորական հաղորդակցութիւնը վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Շնորհաւորանքի մթնոլորտին առընթեր քուլիսային թէ բացայայտ ճիգերը շարունակուեցան, այսօր նախատեսուող` նախագահի ընտրութեան եօթներորդ նիստի նախօրեակին: Այս իմաստով, ցարդ...

Լիբանանի Անկախութեան 79-րդ Տարեդարձին Առիթով.  Երեսփոխան Բագրատունի. «Շնորհիւ Իր Զաւակներու Գոյատեւման` Կը Գոյատեւէ Նաեւ Հայրենիքը»

Լիբանանի Անկախութեան 79-րդ Տարեդարձին Առիթով. Երեսփոխան Բագրատունի. «Շնորհիւ Իր Զաւակներու Գոյատեւման` Կը Գոյատեւէ Նաեւ Հայրենիքը»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով հետեւեալ գրառումը կատարած է ընկերային ցանցերուն վրայ. «Հայրենիքը կ՛ապրի տնտեսական ու քաղաքական   դժուար տագնապ մը, սակայն ասիկա առաջինը չէ Լիբանանի պատմութեան մէջ` սովամահութենէն մինչեւ անկախութեան կերտիչներու ձերբակալում, անցնելով քաղաքացիական պատերազմէն, հասնելով սպանութիւններուն: Ու տագնապէ մը այլ տագնապ` Լիբանան վերստին կը վերականգնի, եւ շնորհիւ իր...

Լիբանան Հրաժեշտ Տուաւ Բեմադրիչ Եւ Յօրինող Ռոմիօ Լահուտին

Լիբանան Հրաժեշտ Տուաւ Բեմադրիչ Եւ Յօրինող Ռոմիօ Լահուտին

Երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2022-ին, կեանքին հրաժեշտ տուաւ լիբանանցի վաստակաւոր բեմադրիչ եւ յօրինող Ռոմիօ Լահուտ, 92 տարեկան հասակին: Ան ծնած է Ժիպէյլի Հապալին գիւղը: Երաժշտական ուսում ստացած է Այնթուրայի Քլոտիս Եուսեֆ դպրոցին մէջ: Ապա բեմայարդարում ուսանած է «Մոզար» համալսարանին մէջ, այնուհետեւ հետեւած զինկոկրաֆի մեքանիքի մասնագիտութեան, Իտալիոյ մէջ: Ան մշակութային գործունէութեան սկսած է 1964-ին` Պաալպեքի «Լայալի Լուպնան» փառատօնին ծիրին մէջ, եւ ներկայացուցած...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2022-ին: Մեր յաջորդ թիւը` հինգշաբթի, 24 նոյեմբերին:  

Զօր. Աուն. «Մեզի Համար Անկարեւոր Են  Բանակը Իր Ուղիէն Շեղել  Փորձող Արտայայտութիւնները»

Անկախութեան 79-րդ Տարեդարձի Նախօրեակին. Լիբանանի Վարիչներ Խոստմնալից Քայլերով Փորձեցին Լաւատեսութիւն Ներշնչել

Երկրի քաղաքական, տնտեսական ու ապրուստի անյետաձգելի պահանջներու եւ թնճուկներու մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ, Լիբանանի վարիչները երէկ շարունակեցին իրենց ճիգերը` փորձելով լաւատեսութեան մթնոլորտ ստեղծել քաղաքացիներուն մօտ: Այս իմաստով, Լիբանանի անկախութեան 79-րդ տարեդարձի նախօրեակը անկախութեան կերտիչներուն ուղղուած յարգանքի տուրքի իր աւանդական արարողութիւններով գլխաւոր առիթ հանդիսացաւ խոստմնալից քայլերով դրական ու լաւատես տրամադրութիւն հաղորդելու: Արդարեւ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի «աւետեց», թէ Սննդեղէնի համաշխարհային խորհուրդը յառաջիկայ...

Լիբանանի Անկախութեան  79-րդ  Տարեդարձին Առիթով.  Շնորհաւորական Հաղորդակցութիւններ`  Հայաստանի Եւ Լիբանանի  Միջեւ

Լիբանանի Անկախութեան 79-րդ Տարեդարձին Առիթով. Շնորհաւորական Հաղորդակցութիւններ` Հայաստանի Եւ Լիբանանի Միջեւ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց Լիբանանի վարչապետարան, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան անունով շնորհաւորեց Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին` Լիբանանի անկախութեան 79-ամեակին առիթով: Այս առիթով գոհունակութիւն յայտնելով հայ-լիբանանեան քաղաքական երկխօսութեան առկայ բարձր մակարդակին առնչութեամբ` խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկկողմանի յարաբերութեանց ընդլայնումի ուղղութեամբ տարուելիք յառաջիկայ քայլերուն վրայ: Նաեւ` Միրզոյեան - Պու Հապիպ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Նոյն առիթով Հայաստանի...

Քաղաքական Ու Սահմանադրական  Բանավէճի Մթնոլորտին Մէջ.  Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան  Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին

Քաղաքական Ու Սահմանադրական Բանավէճի Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին

Լիբանանի անկախութեան 79-ամեակի նախօրեակին լիբանանցիք երանի կու տան անցեալի օրերուն, երբ քաղաքական ու ապահովական կայուն մթնոլորտի մէջ քաղաքացիին հիմնական մտահոգութիւնը իր օրապահիկի ապահովումն ու ընտանեկան բարեկեցութեան ամրագրումն էր: Արդարեւ, ներկայի պայմանները գրեթէ անյոյս տրամադրութիւն կը ստեղծեն լիբանանցիներու մեծամասնութեան մօտ, որուն կարեւոր մէկ հատուածը կը տառապի ընկերային, տնտեսական եւ ապրուստի ոչ նախանձելի պայմաններու մէջ: Այս միջոցին, երբ քաղաքական թէ սահմանադրական բանավէճը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԷՅՐՈՒԹԻ իրաւաբաններու ընտրութեանց արդիւնքներուն հիման վրայ, Սաատէտտին Խաթիպ, Մայա Զղրինի, Ժորժ Եազպեք եւ Մայսամ Եունես ընտրուեցան սենտիքայի անդամներ: ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ մարմիններ ձերբակալած են անձ մը, որ Մրէյժէի մէջ առեւանգած է քաղաքացի մը եւ զայն սպառնալիքի տակ անվայել պատկերներով նկարահանելէ ետք փրկագին պահանջած է անոր ընտանեկան պարագաներէն: Առեւանգեալի եղբօր ուղղուած անվայել նկարներու հիման վրայ ապահովական պատկան մարմիններ յաջողած են փրկագինը հատուցելու պատրուակով...

Յաջորդ Նիստը Յառաջիկայ Հինգշաբթի Ճշդելով` Խորհրդարանը Վեցերորդ Անգամ Ըլլալով  Չկրցաւ Ընտրել Լիբանանի Նոր Նախագահ

Յաջորդ Նիստը Յառաջիկայ Հինգշաբթի Ճշդելով` Խորհրդարանը Վեցերորդ Անգամ Ըլլալով Չկրցաւ Ընտրել Լիբանանի Նոր Նախագահ

Լիբանանեան խորհրդարանը երէկ վեցերորդ անգամ փորձեց նոր նախագահ ընտրել, առանց սակայն կարենալ դրական արդիւնքի յանգելու: Արդարեւ, խորհրդարանի մասնակից անդամներ երէկ` հինգշաբթի, 17 նոյեմբեր 2022-ին, համախմբուեցան Նըժմէի հրապարակին վրայ գտնուող խորհրդարանին մէջ, ու առաջին նիստի քուէարկութեամբ ոեւէ թեկնածու չկրցաւ ապահովել բաւարար ձայն: Երկրորդ նիստը անվաւեր նկատուեցաւ մեծամասնութեան չգոյութեան պատճառով: Ըստ սահմանադրութեան` նախագահի ընտրութիւնը կը կայանայ խորհրդարանի 128 անդամներու երկու-երրորդ մեծամասնութեամբ, այս...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ հաւաստեց, որ հակառակ կարգ մը շրջաններու մէջ բնակիչներու տեղափոխումը ապահովական նկատառումներով, այսուհանդերձ կայունութիւնը խախտող մտահոգիչ խլրտումներ անհաւանական են եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ է: Այս մասին կատարած իր յայտարարութեամբ Սլիմ նաեւ անդրադարձաւ գործօն թէ հանգստեան կոչուած զինուորականներու կացութեան` հաստատելով, որ անոնց ամսաթոշակներու եւ ընկերային յարակից յաւելումները պիտի հատուցուին բոլորին առանց խտրութեան: ՇԵՔՔԱՅԻ մէջ 15-ամեայ պատանի մը`...

Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան  Վեցերորդ Նիստի Նախօրեակին.  Անդուլ Ճիգեր` Ապահովական Բռնկումի Վտանգէն  Խուսափելու Եւ Համակեցութեան Կայուն Կառոյց Մը  Փոխանցելու Նոր Իշխանութեան

Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Վեցերորդ Նիստի Նախօրեակին. Անդուլ Ճիգեր` Ապահովական Բռնկումի Վտանգէն Խուսափելու Եւ Համակեցութեան Կայուն Կառոյց Մը Փոխանցելու Նոր Իշխանութեան

Լիբանան այսօր ժամադրուած է նախագահական ընտրութեան նոր փորձի խոստումով, ուր սակայն ցարդ տարուած ճիգերը յստակ պատկերացում չունին այս հարցի հեզասահ իրագործման կապակցութեամբ: Փաստօրէն առնչակից ազդեցիկ կողմեր տակաւին կառչած կը մնան նախագահական թեկնածուի իրե՛նց պատկերացուցած կերպարի պահանջին: Մինչ այլ կողմեր նախագահական ընտրութենէն անդին կ՛արծարծեն ստեղծուելիք իրավիճակի մանրամասնութիւնները, թէ` ինչպիսի՛ Լիբանան մը պիտի պարզուի նորընտիր նախագահի իշխանութեան շրջանին: Այս ծիրին մէջ, օրինակ,...

Միջազգային Վեհաժողովներու  Հարթակները  Կարեւոր Ժամադրավայր`  Լիբանանեան Հարցերու Լուծման

Միջազգային Վեհաժողովներու Հարթակները Կարեւոր Ժամադրավայր` Լիբանանեան Հարցերու Լուծման

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան շուրջ զգալի անորոշութիւն կը տիրէ, ինչ որ տեղքայլի կը մատնէ երկրի բարգաւաճման միտող որեւէ ձգտումի իրագործումը: Փաստօրէն, ցարդ ճշդուած չէ, թէ ճիշդ ե՞րբ պիտի իրականանայ այս ժամկէտը: Այս գծով կարգ մը աղբիւրներ ընթացիկ տարեվերջը կը նկատեն կարեւոր փուլ, այս հարցի լուծման համար, մինչ այլ աղբիւրներ յառաջիկայ գարնանամուտը առաւել խոստմնալից կը նկատեն: Իսկ յոռետես ու  հեռատես աղբիւրներ կ՛երթան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ օդուժին օժանդակութեամբ խուզարկութիւններ կատարեց Պաալպեքի Տար Ուասիա կեդրոնին մէջ` թմրեցուցիչի վաճառականներու եւ հետապնդուող կասկածելիներու փնտռտուքով: Բանակը նաեւ պաղեստինեան Պըրժ Պարաժնէ գաղթակայանի մուտքին ձերբակալեց սուրիացի կասկածելի մը` նախապէս անցնող օգոստոսին լիբանանեան Ատլիէի արգելարանէն խոյս տուած ըլլալուն  եւ այլ  խափանարարական արարքներու յանցանքով: ՄՇԱԿՈՅԹԻ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Մորթատա երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան...

Նախագահական Ընտրութեան Փութացման  Տեղական Թէ Արտաքին Ճիգերու Լոյսին Տակ.   Պատկան Մարմիններ Կը  Ջանան Ընդառաջել  Լիբանանցիներու Կենցաղային Տարրական  Հրատապ Պահանջներուն

Նախագահական Ընտրութեան Փութացման Տեղական Թէ Արտաքին Ճիգերու Լոյսին Տակ. Պատկան Մարմիններ Կը Ջանան Ընդառաջել Լիբանանցիներու Կենցաղային Տարրական Հրատապ Պահանջներուն

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի պաշտօնավարութեան աւարտի թուականէն` 31 հոկտեմբեր 2022-էն ի վեր երկիրը կը գտնուի նախագահական դատարկութեան  եւ նախագահի ընտրութեան սպասողական վիճակի մէջ: Ցարդ գումարուած խորհրդարանի հինգ նիստերուն կարելի չեղաւ սահմանադրական այս հոլովոյթը իրագործել: Խորքին մէջ, տարակարծիք կողմեր ձեւականօրէն կը վիճին, սակայն անոնց կեցուածքները սկզբունքային են այնպէս, ինչպէս Լիբանանի քաղաքական արեւելումը «բաժնուած է» արեւելքի եւ արեւմուտքի, կամ` միջազգային...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ բողոք արձանագրեց իսրայէլեան օդանաւերու կողմէ լիբանանեան օդային տարածքին նկատմամբ կատարած ոտնձգութիւններուն դէմ` սուրիական շրջաններ հարուածելու համար: Նմանօրինակ կեցուածք արտայայտեց նաեւ Ամալ շարժումի երեսփոխաններէն Քասեմ Հաշեմ: ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ մաքսային իշխանութիւններ լիբանանցի ճամբորդներէն կը պահանջեն իրենց հետ ուտեստեղէն չկրել` քոլերա ժահրի փոխանցման վտանգէն խուսափելու փորձով: ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ցաւակցութիւն յայտնեց  Թուրքիոյ նախագահին` Պոլսոյ Թաքսիմ թաղամասին մէջ...

Բարենպաստ Պայմաններու Սպասման  Մթնոլորտին Մէջ.   Տնտեսական Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերու  Լուծումը Կը Ստանայ Առաջնակարգ Կարեւորութիւն

Բարենպաստ Պայմաններու Սպասման Մթնոլորտին Մէջ. Տնտեսական Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերու Լուծումը Կը Ստանայ Առաջնակարգ Կարեւորութիւն

Նախագահական ընտրութեան գծով օր ըստ օրէ արգելակիչ նոր պատրուակներ կը ցցուին քաղաքական հարթակի վրայ` առաւել եւս հեռացնելով սահմանադրական այս կարեւոր ժամկէտին իրականացման թուականը: Այս երեւոյթը բանավէճի դուռ բացաւ քաղաքական տարբեր կողմերու պատասխանատուներուն միջեւ: Այս իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ «հրաժարած էր» միջլիբանանեան համագումարի կազմակերպման իր նախաձեռնութենէն, յայտնեց, թէ պայմանները այնքան ալ նպաստաւոր չեն, ու կարելի չէ աւելի երկար ժամանակ...

Նախագահական Թափուր Աթոռի Լոյսին  Տակ.  Նախազգուշական Եւ Զիջումներ  Կատարելու  Կոչերը Կը Շեշտուին

Նախագահական Թափուր Աթոռի Լոյսին Տակ. Նախազգուշական Եւ Զիջումներ Կատարելու Կոչերը Կը Շեշտուին

Նախագահական ընտրութեան հինգերորդ փորձի ձախողութեան լոյսին տակ, հինգշաբթի, 10 նոյեմբերի խորհրդարանական նիստին, հետզհետէ բացայայտուեցան առնչակից կողմերու  արձագանգներն ու հակազդեցութիւնները: Անոնցմէ ոմանք պահանջեցին սահմանադրական յօդուածներու տրամադրութեանց կիրարկումը,  մինչ հակադիր կողմեր այդ կեցուածքները նկատեցին քաղաքական հեռանկարով յարուցուող սահմանադրական «պատրուակներ»: Կարգ մը երեսփոխաններ կոչ ուղղեցին խորհրդարանի նիստի ներկայութեան պատկերը պահել եւ հարկադրել երեսփոխանները շարունակելու իրենց ներկայութիւնը: Այլապէս, ներկայ երեսփոխաններու թիւին հիման վրայ ընտրել...

Page 302 of 987 1 … 301 302 303 … 987

Արխիւներ