Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Նիստերու Ամուլ Ելքերու Շարունակման Զուգահեռ. Լիբանանի Նոր Նախագահի Մօտալուտ Ընտրութեան Յոյսերը Կը Նուազին

Նոյեմբեր 25, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ութերորդ նիստի թուական ճշդեց յառաջիկայ հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերը: Արդարեւ, եօթներորդ անգամ ըլլալով Լիբանանի խորհրդարանը երէկ` հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2022-ին չկրցաւ ընտրել նոր նախագահ` երկրորդ նիստին մեծամասնութեան չգոյութեան պատճառով: Փաստօրէն, խորհրդարանի 128 անդամներէն 112-ին ներկայութեամբ առաջին նիստի քուէարկութեան պարզած պատկերով ոեւէ թեկնածու չկրցաւ ապահովել պահանջուող օրինական քուէներու պատկերը, ուր դարձեալ գերազանց էր սպիտակ քուէի ստացած արդիւնքը` 50 ձայն, իսկ երեսփոխան Միշել Մուաուատ` 42 ձայն: Այս առիթով դարձեալ արձանագրուեցան «անկոչ» թեկնածուներու անուններ, ինչպէս` Պատրի Տահեր` 1 ձայն, Զիատ Պարուտ` 2 ձայն, Իսամ Խալիֆէ` 6 ձայն,  Նոր Լիբանան` 8 ձայն եւ չեղեալ նկատուած` 1 ձայն:

Ընտրութեան երկրորդ փորձին 86-ի փոխարէն 70 երեսփոխաններու ներկայութիւնը անբաւարար նկատուելով նիստ չգումարուեցաւ:

Այս արդիւնքներու լոյսին տակ դարձեալ ընդվզումի արտայայտութիւններ եղան կարգ մը երեսփոխաններու կողմէ, որոնք առաջարկեցին «բաց նիստ» գումարել, մինչեւ նախագահի ընտրութիւնը:

Երեսփոխան Միշել Մուաուատ կոչ ուղղեց հեռու փոխադարձ համաձայնութիւններէ` կամրջումի կայացման եւ ներկայացնելու համար «փրկարար ու գերազանց» թեկնածու, «եւ ես առաջին զօրակցողը կ՛ըլլամ անոր»: Մուաուատ վերահաստատեց, որ ինք իբրեւ գերիշխան թեկնածու ձեռք կ՛երկարէ բոլոր կողմերուն:

Երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի ընդգծեց, որ  «Ազգային չափաւորութիւն» պլոքը պիտի չքուէարկէ մինչեւ ներքին համախոհութեան գոյացումը յարմար նախագահի թեկնածութեան գծով:

Երեսփոխան Սաժիհ Աթիէ առաջարկեց հակադիր կողմերէն խառն ու միացեալ յանձնախումբ մը կազմել, որ խորհրդակցի երեսփոխաններուն հետ եւ ճամբու քարտէս մը պատրաստէ` փշրելու համար երկիրը աւերի առաջնորդող այս սառուցեալ վիճակը:

Ներքին Թէ Արտաքին Հարթակներու Հաշիւները
Խոտոր Կը Համեմատին Իրարու

Հակառակ ներքին կարգ մը կողմերու փափաքներուն, արտաքին կողմեր թէեւ բացայայտօրէն կը զօրակցին Լիբանանի գերիշխանութեան եւ կայունութեան, այսուհանդերձ տողընդմէջ ընթերցումով անոնք «կը թելադրեն համբերել եւ սպասել արտաքին պայմաններու հասունացման»: Խորքին մէջ լռելեայն անուղղակի մրցավազքի տպաւորութիւն ձգող ճիգեր կը տարուին «որոշիչ» մայրաքաղաքներու քուլիսներու ետին` Լիբանանի կարգավիճակը «դասաւորելու» ըստ իրենց ազդեցութեան գօտիի պատկերացումին: Այս իմաստով կը նախատեսուի, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն մօտերս այցելէ Միացեալ Նահանգներ` նախապէս խորհրդակցելով Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ` նաեւ, ըստ լրատուական աղբիւրներու, կը նախատեսուի, որ նախագահ Մաքրոն յառաջիկայ տօնական օրերուն, նախքան տարեվերջ հպանցիկ, կարճատեւ այցելութիւն մը կատարէ Լիբանան, ՖԻՆԻՒԼ-ի  ֆրանսական ջոկատին հետ անցընելու Ծնունդի տօնը: Մինչ այդ, ցարդ իրենց թեկնածութիւնը չբացայայտած անձնաւորութիւններուն անունով մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ կ՛այցելեն զանազան մայրաքաղաքներ` փորձելով  ի սպաս «իրենց» թեկնածուին զօրակցութիւն ապահովել: Այս ծիրին մէջ կարեւոր դեր կը կատարեն դեսպաններն ու դիւանագիտական ներկայացուցիչները, ինչպէս` Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որ հանդիպում ունեցած է Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Նմանապէս` Վատիկանէն յատուկ պատուիրակ մը վերջերս այցելած է Լիբանան եւ լուսարձակէ հեռու խորհրդակցութիւններ ունեցած առնչակից կողմերու ներկայացուցիչներու հետ: Միաժամանակ այլ երկիրներու դեսպաններ պատկան թեկնածուներու «բազկերակը քննելով» զանոնք կը հրաւիրեն այցելելու իրենց երկիրը:

Նոյն ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ Լիբանանի վիճակը յատուկ օրակարգով քննուի 28 նոյեմբերին նախատեսուող ՄԱԿ-ի պատկան մէկ ժողովի ընթացքին, ուր յատկապէս զեկուցում պիտի ներկայացուի լիբանանեան իրավիճակին շուրջ եւ քննարկուի թիւ 1701 որոշումի կիրարկման կարելիութիւնը, ինչպէս հաստատած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ իր տեսակցութեան ընթացքին:

Միւս կողմէ, Լիբանանի տարբեր կողմեր տակաւին կառչած կը մնան իրենց  նախագահական կերպարի չափանիշներուն` «հզօր», «գերիշխան»-էն մինչեւ «հաւատարիմ ու վստահելի» նկարագրային գիծերով: Աւելի՛ն.  ոմանք կը պահանջեն յատուկ միջլիբանանեան թէ միջազգային համագումարներու կայացումը «նախագահական հարցի ու անկէ անդին` երկրի վարչաձեւի բարեփոխման» քննարկման առաջարկով: Իսկ այլ աղբիւրներ «չափազանցուած» կը նկատեն նախագահական շուտափոյթ ընտրութեան մը կարելիութիւնը եւ կ՛առաջարկեն «խուսափիլ մօտալուտ ընտրութեան յուսադրումէ»`  թելադրելով սպասել առնուազն մինչեւ փետրուար 2023` որոշ պայմաններու «հասունացումը»:

Մինչ այդ, վարիչներ կը ջանան ընդառաջել քաղաքացիներու հրատապ պահանջներու իրականացման` կանխարգիլելու համար «փողոցային հարթակներու» վերանորոգ բռնկումի վտանգին հաւանականութիւնը:

Նախորդը

Ընդառաջելով Երկու Երեսփոխաններու Ընտրութեան Արդիւնքներու Բեկանման Դիմումին` Սահմանադրական Խորհուրդը Հաստատեց Ֆայսալ Քարամէի Եւ Հայտար Նասերի Երեսփոխանական Ընտրութիւնը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?