Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Ու Սահմանադրական Բանավէճի Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին

Նոյեմբեր 21, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի անկախութեան 79-ամեակի նախօրեակին լիբանանցիք երանի կու տան անցեալի օրերուն, երբ քաղաքական ու ապահովական կայուն մթնոլորտի մէջ քաղաքացիին հիմնական մտահոգութիւնը իր օրապահիկի ապահովումն ու ընտանեկան բարեկեցութեան ամրագրումն էր: Արդարեւ, ներկայի պայմանները գրեթէ անյոյս տրամադրութիւն կը ստեղծեն լիբանանցիներու մեծամասնութեան մօտ, որուն կարեւոր մէկ հատուածը կը տառապի ընկերային, տնտեսական եւ ապրուստի ոչ նախանձելի պայմաններու մէջ: Այս միջոցին, երբ քաղաքական թէ սահմանադրական բանավէճը հետզհետէ շեշտակի բնոյթ կը ստանայ երկրի տարբեր կողմերուն միջեւ, պատկան մարմինները կը փորձեն միջին ելք մը գտնել` առնչակից կողմերէն թախանձագին խնդրելով «փրկել» Լիբանանը իր այժմու տագնապէն:

Ռայի Պատրիարք. «Կ՛ուզենք Փրկարար Նախագահ»

Արդարեւ, մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն`  տէր կանգնելու իրենց պատասխանատուութեան եւ վճռելու նախագահական թղթածրարի հարցը: Խորքին մէջ Ռայի պատրիարքին կոչը կը մեկնի մէկէ աւելի մտահոգութիւններէ, որոնք կրնան սպառնալ նոյնինքն Լիբանանի գոյատեւման` իբրեւ ինքնուրոյն եւ գերիշխան պետական կառոյց: Փաստօրէն, տիրող ապրուստի ծանր պայմանները, ելեկտրական հոսանքի յարաճուն ընդհատումէն մինչեւ ամերիկեան տոլարի «սլացքին» պատճառով  ապրուստի տարրական պէտքերու ապահովման անկարողութիւնը, բազմաթիւ լիբանանցիները կը մղեն արտագաղթելու, իսկ արտագաղթողներուն մէջ զգալի համեմատութիւն կը կազմեն քրիստոնեաները: Հոսկէ` պատկան կողմերու, ինչպէս նաեւ Պքերքէի մտավախութիւնը` աշխարհի մէջ քաղաքական քրիստոնեայ-իսլամ համագործակցութեամբ յատկանշուող համակեցութեան միակ տարբերակը ներկայացնող Լիբանանի պետական կառոյցի ջլատման վտանգին վերաբերեալ: Ռայի պատրիարքը իր կիրակնօրեայ պատգամին մէջ խորհրդարանը պատասխանատու նկատեց երկրի հիմնական կառոյցներու եւ վարչամեքենայի քայքայման շեշտուող սպառնալիքին: Պատրիարքը զգուշացուց նախագահական ընտրութեան թերագնահատումէն` ընդգծելով. «Փրկարար նախագահ կ՛ուզենք»:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք. «Լիբանան Պիտի Շարունակէ Գոյատեւել»

Նոյն ծիրին մէջ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը ցաւ յայտնեց նախագահական թափուր աթոռին համար` ընդգծելով, որ Լիբանան պիտի շարունակէ գոյատեւել իբրեւ  քաղաքակրթութեան, սրբութեան, մշակոյթի եւ ստեղծագործութեան երկիր»:

Աուտէ Եպիսկոպոս. «Ժողով Գումարեցէ՛ք Եւ Ընտրութիւն Կատարեցէ՛ք»

Իր կարգին, Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ` Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս քննադատեց երկրի վարիչները եւ յատկապէս երեսփոխաններու կեցուածքը եւ կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն ժողով գումարելու` նշելով. «Նախագահ ընտրեցէ՛ք, կառավարութիւն կազմեցէ՛ք»:

Նմանապէս հոգեւոր այլ ղեկավարներ շեշտեցին նախագահական ընտրութեան առաջնահերթութիւնը` վերահաստատելով իրենց պայմաններն ու պահանջները նորընտիր նախագահի կերպարին գծով:

Նաեւ` Քաղաքական Առումով

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարը առանցքը կազմեց նաեւ երկրի քաղաքական առնչակից կողմերուն: Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը մտադրէ վերստին արծարծել միջլիբանանեան համագումարի մը կազմակերպման կարելիութիւնը` ստուգելէ ետք պատկան կողմերու «բազկերակը»:

Նոյն իմաստով կը նախատեսուի, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ յատուկ պատուիրակութիւն մը մօտերս հանդիպում ունենայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ: Այս առիթով խիստ հաւանական կը նկատուի, որ նախագահական թղթածրարը առանցքը կազմէ այս խորհրդակցութեանց: Նշենք, որ նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլ վերջերս նոյն ծիրին մէջ մագոգային շրջապտոյտ մը կատարած էր արաբական թէ եւրոպական երկիրներու մէջ` հիմնական թղթածրար ունենալով Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը:

Նշենք, որ դարձեալ նախագահական ծիրին մէջ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Սլէյման Ֆրենժիէ եւս պատուիրակ մը գործուղած է վերջերս դէպի Ֆրանսա` յանձինս նախկին նախարար Ռեմոն Օրէյժիի` ֆրանսական առնչակից կողմերուն հետ քննելու նախագահական թղթածրարին ծալքերը:

Բնականաբար արտաքին կողմերը` արաբական, եւրոպական թէ ամերիկեան հարթակներու վրայ, քուլիսներու ետին աշխուժ «աշխատանք» կը տանին «պահպանելու» լիբանանեան կառոյցը` ի հարկին որոշ «բարեփոխումներ» մտցնելով անոր քաղաքական-վարչական կառոյցին մէջ: Հոս ուշագրաւ է, որ այս ճիգերուն անուղղակիօրէն մասնակից են նաեւ Վատիկանի, Իրանի եւ.. Թուրքիոյ պատկան կողմերը:

Արդ, այն միջոցին, երբ համայն աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Քաթարի «դաշտ»-ին վրայ արձանագրուելիք «կոլերուն» ուղղութեամբ, լիբանանցիք մտահոգ կը սպասեն խոստացուող գէթ ապրուստի բարեփոխումներուն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մենենտեզ Աններելի Եւ Անընդունելի Նկատեց Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Ազրպէյճանի Օգնութիւնը

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?