Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Վեհաժողովներու Հարթակները Կարեւոր Ժամադրավայր` Լիբանանեան Հարցերու Լուծման

November 16, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան շուրջ զգալի անորոշութիւն կը տիրէ, ինչ որ տեղքայլի կը մատնէ երկրի բարգաւաճման միտող որեւէ ձգտումի իրագործումը: Փաստօրէն, ցարդ ճշդուած չէ, թէ ճիշդ ե՞րբ պիտի իրականանայ այս ժամկէտը: Այս գծով կարգ մը աղբիւրներ ընթացիկ տարեվերջը կը նկատեն կարեւոր փուլ, այս հարցի լուծման համար, մինչ այլ աղբիւրներ յառաջիկայ գարնանամուտը առաւել խոստմնալից կը նկատեն: Իսկ յոռետես ու  հեռատես աղբիւրներ կ՛երթան մինչեւ յունիս  2023-ը, երբ կ՛աւարտի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնավարութիւնը եւ ան ալ «ազատ» կ՛ըլլայ իբրեւ թեկնածու ներկայանալու, առանց մտահան ընելու նշեալ թուականներուն զուգադիպող միջազգային կարեւոր իրադարձութիւնները: Նմանապէս անորոշութիւն կը տիրէ նախագահական թեկնածուի «երջանիկ բախտաւորին» ինքնութեան շուրջ: Խորքին մէջ կարգ մը անուններ արդէն իսկ կ՛արծարծուին, մինչ այլ անուններու շուրջ նոյնինքն խնդրոյ առարկայ հաւանական թեկնածուներու պնդումով իսկ ցարդ լռութիւն կը տիրէ, այնքան ատեն որ անոնք չեն ապահոված այդ «աթոռին» բազմելու իրենց քուէներու յաջողութիւնը: Արդ, նախագահական այս «թնճուկին» լուծումը հետզհետէ կը պարզուի, թէ արտաքին կանաչ լոյսով «կը շարժի»: Այս ծիրին մէջ եւրոպական պետութիւններ, յատկապէս` Ֆրանսա, Եւրոպական Միութիւն, Բրիտանիա եւ այլն,  աշխուժ գործունէութիւն կը տանին այս ուղղութեամբ, եւ միջազգային վեհաժողովներու քուլիսները կարեւոր հարթակներ դարձած են այս հարցի քննարկման: Բնականաբար երկու գլխաւոր բեւեռները` Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ Իրան եւ արաբական ազդեցիկ կողմեր (Եգիպտոս, Սուրիա, Սէուտական Արաբիա, Ալճերիա…) հեռու չեն այս մթնոլորտէն եւ իրազեկ են անոր մանրամասնութիւններուն:

Սպասման այս անորոշ մթնոլորտին մէջ լիբանանեան պատկան կողմեր ճիգ չեն խնայեր իրենց ստանձնած պատասխանատուութեանց թէ նախարարութեանց գործունէութեան վարկը փրկելու եւ իրենց կարելին կ՛ընեն առաւելագոյն տարողութեամբ ընդառաջելու քաղաքացիներու կենցաղային թէ տնտեսական  կարիքներուն:

Փաստօրէն, առնչակից մարմինները ձեռնածալ չեն նստած եւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին քուլիսային թէ բացայայտ հանդիպումներով, ուր օրակարգի հիմնական նիւթ կը դառնայ նախագահական ընտրութեան հարցը: Այս ծիրին մէջ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ Թէյմուր Ժոմպլաթ երէկ ացելեց Պքերքէ, որ կ՛առաջարկէ այս հարցին գծով միջազգային համագումարի մը կայացումը, ուր քննարկուին Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին ու յատկապէս նախագահական ընտրութեան եւ անոր հետեւելիք առնչակից լիբանանեան վարչաձեւի «բարեփոխման» կարելիութիւնները:

Նոյն ծիրին մէջ, անկախ թէ ընդդիմադիր երեսփոխաններ երէկ շարունակեցին իրենց խորհրդակցութիւնները նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ միացեալ կեցուածքով դուրս գալու եւ յատկապէս` միացեալ թեկնածուի մը շուրջ համաձայնելու առաջադրանքով:

Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի 19 եւ 20 նոյեմբերին նախատեսուող ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդաժողովին ընդառաջ երէկ ընդունեց երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան ու նախկին նախագահ, զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչը եւ անոնց հետ քննեց նշեալ համագումարին Լիբանանի մասնակցութեան մանրամասնութիւնները:

Միքաթի երէկ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի եւ ապա երեփոխան Ուաէլ  Ապու Ֆաուրի հետ: Միքաթի նաեւ տեսակցեցաւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարի հետ, ուր խօսակցութիւնները հիմնականին մէջ կեդրոնացան ձմեռնային զբօսաշրջութեան շուրջ տեղեկատուական եւ քարոզչական քայլերուն վրայ:

Նոյնպէս ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ արտասահմանեան իր շփումներուն ծիրին մէջ խորհրդակցեցաւ ելեկտրականութեան հայթայթման «աշխուժացման» միջոցներուն եւ կարելիութիւններուն շուրջ:

Առաւել ուշագրաւ էր նաեւ խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստը, որ իր վրայ կեդրոնացուցած է պատասխանատուներէն աւելի դրամատուներուն մօտ մեծ գումարներ պահ դրած քաղաքացիներու ուշադրութիւնը: Սակայն հոն եւս տեղքալը տիրական էր, ուր ժողովականները հազիւ կրցան քննարկել «քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի առնչուող կէտերէն վեցը միայն: Այս իրողութեան անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ եղածը «խեղկատակութիւն» որակեց` նշելով, որ ժողովականները այլազան միջոցներով կը խուսափին «քեփիթըլ քոնթրոլ»-ին վերաբերող օրինագիծի մը մշակման վաւերացումէն: Իր կարգին, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Ապու Սաապ հերքեց «խեղկատակութեան» մթնոլորտը` դրուատելով ժողովականներու պատրաստակամութիւնը այս հարցի շուտափոյթ լուծման գծով:

Իսկ քաղաքացիներ անյոյս այս կացութենէն մեկնելով անձնասպանութիւնը փրկարար ելք կը կարծեն, ինչպէս որ Թրիփոլիի  Քըպպէի արգելարանին մէջ բանտարկեալ մը երէկ ինքզինք հրկիզեց: Նախապէս նման քայլի դիմած եւ հիւանդանոց փոխադրուած էին երեք այլ բանտարկեալներ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քալիուրանտ Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Արցախի Ժողովուրդի Իրաւունքներն Ու Անվտանգութիւնը Երաշխաւորող Խաղաղութեան Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.