ՊԷՅՐՈՒԹԻ իրաւաբաններու ընտրութեանց արդիւնքներուն հիման վրայ, Սաատէտտին Խաթիպ, Մայա Զղրինի, Ժորժ Եազպեք եւ Մայսամ Եունես ընտրուեցան սենտիքայի անդամներ:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ մարմիններ ձերբակալած են անձ մը, որ Մրէյժէի մէջ առեւանգած է քաղաքացի մը եւ զայն սպառնալիքի տակ անվայել պատկերներով նկարահանելէ ետք փրկագին պահանջած է անոր ընտանեկան պարագաներէն: Առեւանգեալի եղբօր ուղղուած անվայել նկարներու հիման վրայ ապահովական պատկան մարմիններ յաջողած են փրկագինը հատուցելու պատրուակով «ներքաշել» յանցագործը եւ ձերբակալել զայն:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես դրուատեց ու բարձր գնահատեց ապազինման վեհաժողովին աշխատանքները, որուն նախագահած էր Լիբանան:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պաղեստինեան «Համաս» շարժումը շնորհակալութիւն յայտնած է` դրուատելով Լիբանանի կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապիի նախաձեռնութիւնը` Պաղեստինեան դատին գծով դասապահ մը յատկացնելու որոշումը:
ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐ դարձեալ գողցած են Զահլէի ելեկտրական սարքերը եւ «քապլերը»` խոր մտավախութիւն պատճառելով ելեկտրական հոսանքէն լրիւ զրկուելու վտանգին գծով:
ԲԱՆԱԿԱՅԻՆ տարրեր Թրիփոլիի Քըպպէ շրջանին մէջ ձերբակալած են վեց անձեր, որոնք ապօրինի կերպով կրակած են գիշերային զբօսավայրի մը մէջ:
ՀԻՒՍԻՍԻ Տըննիէ շրջանին մէջ հինգ ամսական նորածին մը զոհ գացած է` իյնալով իր օրօրոցէն: Ան ծանրօրէն վիրաւորուած էր գլուխէն, եւ բժշկական բոլոր ճիգերը չեն կրցած փրկել փոքրիկին կեանքը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժեր յաջողած են ձերբակալել երեք սուրիացիներ, որոնք մէկ միլիոն տոլար գողցած էին Լեռնալիբանանի մէկ բնակարանէն:


