Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարենպաստ Պայմաններու Սպասման Մթնոլորտին Մէջ. Տնտեսական Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերու Լուծումը Կը Ստանայ Առաջնակարգ Կարեւորութիւն

Նոյեմբեր 14, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական ընտրութեան գծով օր ըստ օրէ արգելակիչ նոր պատրուակներ կը ցցուին քաղաքական հարթակի վրայ` առաւել եւս հեռացնելով սահմանադրական այս կարեւոր ժամկէտին իրականացման թուականը: Այս երեւոյթը բանավէճի դուռ բացաւ քաղաքական տարբեր կողմերու պատասխանատուներուն միջեւ: Այս իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ «հրաժարած էր» միջլիբանանեան համագումարի կազմակերպման իր նախաձեռնութենէն, յայտնեց, թէ պայմանները այնքան ալ նպաստաւոր չեն, ու կարելի չէ աւելի երկար ժամանակ սպասել համախոհութեան գոյացման համար: Պըրրի առաւելագոյնը մինչեւ այս տարեվերջ ժամկէտ ճշդեց նախագահական ընտրութեան շուրջ համախոհութեան մը յանգելու առնչութեամբ: Աւելի՛ն, անոր մօտիկ իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, Պըրրի կը մտադրէ քաղաքական իւրաքանչիւր կողմի հետ անջատ խորհրդակցութիւններ ունենալ եւ անոնց «բազկերակը շօշափելով» հասարակաց կեցուածքներու համադրում կատարել:

Նոյն ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ վաղը` երեքշաբթի, 15 նոյեմբերին, նորընտիր կարգ մը բարեկարգչական երեսփոխաններ հանդիպում ունենան քաղաքական կարգ մը կողմերու, յատկապէս` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պլոքներու երեսփոխաններուն հետ Պէյրութի մէկ պանդոկին մէջ: Այս առնչութեամբ քառասուն երեսփոխաններու հրաւէր ուղղուած է վաղը նախատեսուող խորհրդակցութեան առիթով:

Ձգձգումի այս երեւոյթին անդրադարձան նաեւ քաղաքականի կողքին հոգեւոր պատասխանատուներ: Այս ծիրին մէջ, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, անուղղակիօրէն հակազդելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի վերջին ճառին, զգուշացուց նախագահի ընտրութեան սահմանադրական տրամադրութիւններու անտեսումէն, որ կրնայ վտանգել Լիբանանի ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանումը: Ռայի պատրիարքը այս գծով առաջնակարգ կարեւորութեամբ շեշտեց Լիբանանի յատուկ համագումարի կայացումը: «Ամէն անգամ որ նախագահական ընտրութեան սահմանադրական լուծման մօտենանք, պատրուակներ կ՛արծարծուին առաւել եւս դժուարացնելով այս հարցին հեզասահ լուծումը», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը: Մարոնիներու լիկայի հիմնադրութեան 70-ամեակին առիթով արտասանած իր հոգեւոր պատգամին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց ազգային համերաշխութեան կարեւորութիւնը: Ան այս առիթով տեսակցեցաւ նաեւ Մարոնիներու լիկայի նախագահ Խալիլ Քարամի հետ, որ իր կարգին կոչ ուղղեց համերաշխութեան եւ մարտահրաւէրէ հեռու կեցուածքներու դրսեւորման: Նմանապէս, Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Աուտէ եպիսկոպոս քննադատեց ձգձգումի երեւոյթը: Այն տպաւորութիւնը ունինք, որ մեր մտածողութիւնը թերագնահատելու փորձ կը կատարուի», շեշտեց Աուտէ եպիսկոպոս` հարց տալով, թէ «ի՞նչ բան կ՛արգելակէ բաց նիստ գումարել մինչեւ նախագահի ընտրութիւնը»:

Իր կարգին, Անտիոքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը կոչ ուղղեց համերաշխութեան` ընդգծելով, որ նախագահի ընտրութիւնը երեսփոխաններու պարտականութիւնն է եւ արտաքին ժամկէտներով պատճառաբանման պատրուակները «աչքի մէջ փոշի ցանելու կը նմանին»: Հասպայայի մէջ Սայետնայա վանքի հիմնարկէքի արարողութեան առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Եազիժի պատրիարքը յիշեցուց աւելի քան տասը տարի առաջ առեւանգուած Իպրահիմ եւ Եազիժի  եպիսկոպոսներու պարագան` մաղթելով, որ Լիբանանը հարուածած դժբախտութիւնները վերջ գտնեն, որոնց կարգին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան բարւոք լուծումը:

Միւս կողմէ, լրատուական աղբիւրներու համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ այցելած է Քաթար, ուր խորհրդակցութիւնները խիստ հաւանաբար ընդգրկեն նաեւ նախագահական ընտրութեան հարցը:

Դարձեալ նախագահական ծիրին մէջ, Ֆրանսա յանձինս իր դեսպանին պատկան կողմերուն  կոչ ուղղած է փութացնելու նախագահական ընտրութեան իրագործումը: Իրազեկ աղբիւրներուն կարծիքով` Ֆրանսա եւ Եգիպտոս ճիգ չեն խնայեր հակադիր կողմերու կեցուածքներուն միջեւ մերձեցում կատարելու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գծով: Ֆրանսա նաեւ Սէուտական Արաբիոյ հետ խորհրդակցաբար կը փորձէ համախոհութիւն գոյացնել նախկին նախարարներ Ժըպրան Պասիլի եւ Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ:

Մինչ այդ, քաղաքացիներու հրատապ հարցերուն լուծումը առանցքային օրակարգի վրայ կը մնայ պատկան պատասխանատուներու խորհրդակցութեանց ընթացքին: Այս ծիրին մէջ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին ացելեց Այն Թինէ, ուր գլուխ-գլխի խորհրդակցութիւն ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Այս իմաստով իմացուեցաւ, թէ համախոհութիւն գոյացած է ելեկտրական հոսանքի հայթայթման ժամերու յաւելման գծով: Այս կապակցութեամբ Կեդրոնական դրամատունը համաձայն գտնուած է 200 միլիոն ամերիկեան տոլարի գումար յատկացնել` ելեկտրական հոսանքի օրական 8 ժամ հայթայթումը ապահովելու առաջադրանքով:

Նմանապէս, խորհրդարանի նախագահի կոչին ընդառաջելով խորհրդարանական յանձնախումբեր միացեալ նիստ պիտի գումարեն երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերը` հարթելու համար քաղաքացիները մտատանջող հրատապ առկախ հարցերուն լուծումը:

Նոյն քայլերու ծիրին մէջ վաղը` երեքշաբթի, 15 նոյեմբերին պիտի յայտարարուի «մարքեթ փլէյս» կարգախօսով «Արտածումի լիբանանեան հարթակ» ելեկտրոնային հարթակը, որ առիթ պիտի ընծայէ լիբանանեան ճարտարարուեստական, երկրագործական եւ առնչակից արտադրութիւններու արտածման մասին ելեկտրոնային ծանուցողական հրապարակումներ եւ գրառումներ կատարելու` դէպի արտաքին, շրջանային թէ միջազգաին շուկաներու ներթափանցման առաջադրանքով:

Պուչիքեան. Պէյրութի Սիրտը
Վերստին Կը Բաբախէ

Միաժամանակ, «Անա Պէյրութ» («Ես Պէյրութն եմ») կարգախօսով մարզական արշաւի կազմակերպումը խանդավառ մթնոլորտ ու խոստմնալից տրամադրութիւններ ստեղծեց քաղաքացիներուն մօտ Լիբանանի վերականգնումի եւ բարգաւաճման պատրաստակամութեան գծով: Այս առիթով ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Պուչիքեան դրուատեց տիրող մթնոլորտը` մաղթելով, որ լիբանանցիք տօնական մօտալուտ առիթներով խանդավառութեամբ զարդարեն ամէն կողմ` ներգրաւելով արտերկրի զբօսաշրջիկները եւ զարկ տալով երկրի ծաղկումին: «Պէյրութի սիրտը դարձեալ կը բաբախէ», ընդգծեց նախարար Պուչիքեան:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանական Համայնքը Ֆրանսայի Ծերակոյտին Մէջ «Հակաազրպէյճանական Բանաձեւ»-ի Քննարկման Օրը Ցոյցի Կը Պատրաստուի

Յաջորդը

Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Դ. Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?